Յարութ Սասունեան.Ատրպէյճան Կը Մեղադրուի՝ Եւրոպական Խորհուրդին Միլիոնաւոր Տոլարի Կաշառք Տալու Յանցանքով


Յարութ Սասունեան.Ատրպէյճան Կը Մեղադրուի՝ Եւրոպական Խորհուրդին Միլիոնաւոր Տոլարի Կաշառք Տալու Յանցանքով

  • 04-05-2017 12:16:11   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Տարիներ շարունակ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը զանազան երկիրներու քաղաքական գործիչներուն եւ պաշտօնեաներուն թանկարժէք նուէրներ մատուցած է առատօրէն, ինչպէս՝ մետաքսէ գորգեր, ոսկի, արծաթ, խաւիար (ձկնկիթ), կանխիկ դրամ եւ բոլոր ծախսերը վճարուած ճամբորդութիւններ՝ յօգուտ Ատրպէյճանի, բայց ընդդէմ Հայաստանի ու Արցախի անոնց ձայներուն դիմաց: Այս անօրինական գործունէութիւնը այնքան մեծ տարածում գտած է, որ եւրոպացիները զայն կը նկարագրեն որպէս «խաւիարային դիւանագիտութիւն»:
 
Թէեւ այս կաշառակերութիւնը կը շարունակուի փակ դռներու ետին եւ չի բացայայտուիր ո՛չ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու, ոչ ալ օտարերկրեայ քաղաքական գործիչներու կողմէ, սակայն ժամանակ առ ժամանակ անիկա ջուրին երեսը կ՛ելլէ: Մենք բոլորս պէտք է յիշենք, որ ինչ որ բացայայտուած է, միայն չնչին մասն է այն մեծածաւալ կաշառակերութեան, որ տրուած է Պաքուի այցելուներուն, տարբեր երկիրներու  պաշտօնատարներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն:    
Վերջերս գայթակղեցուցիչ մեծ բացայայտում կատարուեցաւ՝ Եւրոխորհուրդի մէջ միլիոնաւոր տոլարներու կանխիկ գումարի մը ներգրաւմամբ. գումարը տրուած էր Եւրոխորհուրդի որոշ անդամներու՝ Ատրպէյճանը քննադատող որոշումներ տապալելու կամ Արցախի վերաբերեալ աննպաստ զեկոյցներու աջակցելու պայմանով: 
 
Իբրեւ արդիւնք՝ փտախտի դէմ պայքարող աշխարհի մեծագոյն «Թրանսփարընսի Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է Եւրոպական Խորհուրդին՝ հետապնդել փտախտի վերաբերեալ լուրջ մեղադրանքները: «Եւրոպական Կայունութեան Նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը եւս մեղադրած է Ատրպէյճանը՝ Եւրոխորհուրդի որոշումներու վրայ անտեղի ազդելուն համար՝ հիմնական խորհրդարանականներուն մեծ գումարներ եւ այլ ծառայութիւններ մատուցելու միջոցով: «Եւրոպական Կայունութեան Նախաձեռնութիւնը» կոչ ըրած է անկախ քննութիւն բանալ, որպէսզի ուսումնասիրուի ԵԽԽՎ-ի (Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողով) 2013 թուականի քուէարկութիւնը, երբ մերժուած էր խիստ քննադատական զեկոյցը Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու եւ այդ երկրի պատուիրակութեան անդամներու դերակատարութեան մասին:
 
2017 Ապրիլ 20-ին «Կարտիըն» պարբերականը ընդարձակ յօդուած հրապարակեց՝ «Նոր պնդումներ Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպանութեան եւրոպական կառոյցէն ներս, Ատրպէյճանի ձայներու կեղծման մասին» վերնագրով: ԵԽԽՎ-ի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ «Կարտիըն»-ի տեղեկացուցած են, որ ԵԽԽՎ անդամները Ատրպէյճանէն կաշառք ստացած են յօգուտ այդ երկրին քուէարկելու համար: ԵԽԽՎ-ն կազմուած է 47 եւրոպական երկիրներէ,  ներառեալ՝ Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ 324 խորհրդարանականները:
 
Ատրպէյճանցի նախկին դիւանագէտ Արիֆ Մամետով տեղեկացուցած է «Կարտիըն»-ի, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը աւելի քան 30 միլիոն տոլար տուած է ԵԽԽՎ անդամի մը, զայն ԵԽԽՎ այլ անդամներու միջեւ որպէս կաշառք բաժնելու նպատակով: «Վեհաժողովին մէջ Շուէտի պատուիրակ եւ արդարադատութեան նախկին նախարար Թոմաս Պիլսթրոմ ըսած է, թէ՝ «շատ վստահելի անդամներ» իրեն պատմած են, որ իրենց առաջարկուած է կաշառք՝ որոշակի ձեւով քուէարկելու համար: Ան մէկն է այն 64 խորհրդարանականներէն, որոնք բանաձեւ ստորագրած են՝ կոչ ընելով անկախ քննութիւն բանալ «ծանր յանցանքի մասին լուրջ եւ վստահելի պնդումներու վերաբերեալ»՝ կեդրոնացած ատրպէյճանական քուէարկութեան վրայ», կը հաղորդէ «Կարտիըն»:
 
«Այդ պնդումները առաջին անգամ ի յայտ եկան 2012 թուականին՝ «Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւն» վերլուծական կեդրոնի պատրաստած զեկոյցին մէջ, բայց թափ առին այն ժամանակ, երբ Իտալիոյ դատախազները քննութիւն բացին աջակեդրոն խումբի նախկին նախագահ, իտալացի պատգամաւոր Լուքա Վոլոնթէի դէմ: Ան կը մեղադրուի Ատրպէյճանէն 2.39 միլիոն եւրօ [2.6 միլիոն տոլար] կաշառք ստացած ըլլալու յանցանքով՝ ի դիմաց Եւրոպական Խորհուրդէն ներս ատրպէյճանական կառավարութեան աջակցութիւն ցուցաբերելուն: Ան կը կանգնի դատարանի առջեւ՝ դրամներու լուացման յանցանքով, իսկ Միլանի դատախազը կը բողոքէ՝ փտախտի մեղադրանք առաջադրելով անոր դէմ: Ան միշտ հերքած է որեւէ իրաւախախտում», կը գրէ «Կարտիըն»:
 
Նոյնիսկ ԵԽԽՎ նախագահ Փետրօ Ակրամունթ կը գտնուի ծանր կացութեան մէջ, քանի որ հրաժարած է քննութիւն բանալ Ատրպէյճանի փտախտային գայթակղութեան դէմ: Անոր վերջին ճամբորդութիւնը դէպի Սուրիա, աւելցուցած է թիւը ԵԽԽՎ այն անդամներուն, որոնք պահանջած են անոր հրաժարականը: Քանի որ, ըստ կանոնակարգի, Ակրամունթ չի կրնար հեռացուիլ, ԵԽԽՎ-ի Բիւրոն անցեալ շաբաթ անոր անվստահութիւն յայտնած է՝ որոշում ընդունելով, որ ան լիազօրուած չէ կատարել որեւէ պաշտօնական այցելութիւն, յաճախել հանդիպումներու կամ որեւէ հրապարակային յայտարարութիւն կատարել որպէս նախագահ՝ Վեհաժողովի անունով: Կ՛ըսուի, որ ան շուտով պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը:
 
Բացի այդ, Եւրոխորհուրդը քննութիւն բացած է 2015-ին՝ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Համագումարին Ատրպէյճանի համապատասխանութեան մասին՝ առաջին անգամ անդամ պետութեան մը այսպիսի հարցաքննութիւն՝ վերջին 25 տարիներու ընթացքին...
 
Ամօթալի է, որ ԵԽԽՎ-ն, մարմին մը, որ ստեղծուած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, զոհ կ՛երթայ Ատրպէյճանի միահեծանին կաշառակերութեան յատակագիծերուն: Այս մեղադրանքները կը վարկաբեկեն Եւրոպական Խորհուրդի հիմնական արժէքները: Անընդունելի է, որ ատրպէյճանական նախորդ ընտրութիւններու ժամանակ, երբ ԵԽԽՎ անդամները գացած էին հոն որպէս դիտորդներ, անոնք զարմանալիօրէն շատ դրական զեկոյցներով հանդէս եկած էին, մինչդեռ մնացեալ միջազգային դիտորդները շատ բացասական գնահատականներ տուած էին: Նման հակադրութիւն մտահոգութեան տեղիք կու տայ այն իմաստով, որ Ատրպէյճան յաջողած էր կաշառել ԵԽԽՎ դիտորդները՝ քողարկելու համար կեղծուած ընտրութիւնները:
 
 «Կարտիըն» կ՛եզրակացնէ, որ «Ատրպէյճան օգտագործած է Վեհաժողովը [ԵԽԽՎ] իր նախագահին՝ Իլհամ Ալիեւի ինքնակալ իշխանութեան օրինականութիւն հաղորդելու նպատակով: Ալիեւ կը ղեկավարէ երկիրը 2003 թուականէն սկսեալ»:
 
Ատրպէյճանի կաշառակերութեան չարաշահումներու անտեսումը կը նշանակէ, որ Եւրոպական Խորհուրդը այլեւս չի կրնար դիտուիլ որպէս մարդկային իրաւունքներու պահապան...
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Յօդուածներ