Յարութ Սասունեան. Թուրքիա Ամերիկեան Լոպիիստական Նոր Ընկերութիւններ Կը Վարձէ, Որովհետեւ Իր Հեղինակութիւնը Աւելի Եւս Արատաւորուած Է
19-06-2017 18:53:20 | Հայաստան | Յօդուածներ
Քանի որ Թուրքիա դարձած է համաշխարհային դատապարտման թիրախ՝ երկրին մէջ արձանագրուած մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն պատճառով, թրքական կառավարութիւնը որոշած է հսկայական գումարներ ծախսել քարոզչութեան եւ հանրային կապերու ուղղութեամբ՝ փորձելով մաքրել իր վարկաբեկուած հեղինակութիւնը: Ապրիլ 16ի խայտառակ հանրաքուէն, որուն աւարտին հազիւ յաղթելով՝ Էրտողան ինքնիրեն բռնապետական լայն լիազօրութիւններով օժտեց, իսկ ատկէ ետք տեղի ունեցած՝ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ անմեղ ցուցարարներու վրայ անոր թիկնապահներուն դաժան յարձակումը, արժանացան համընդհանուր քննադատութեան Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան գործադիր եւ օրէնսդիր ճիւղերու կողմէ, ներառեալ Ներկայացուցիչներու Պալատի ընդունած բանաձեւը` ձայներու 397 - 0 յարաբերակցութեամբ...
Սակայն, Թուրքիոյ եւ անոր բռնապետ նախագահին պատճառով երկրին հեղինակութիւնը այնքան արատաւորուած է, որ հանրային կապերու ընկերութիւնները որքան ալ հզօր եւ հեղինակաւոր ըլլան, պիտի չկարենան վերականգնել Թուրքիոյ հեղինակութիւնը: Թուրք ղեկավարները պարզապէս միլիոնաւոր տոլարներ պիտի վատնեն իրենց հարկատուներու գումարներէն, փորձելով լուծել անկարելի խնդիր մը:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը տարեկան արդէն հինգ միլիոն տոլար կը վճարէ տասը լոպիիստական ընկերութիւններու. անոնք են՝ Gephardt Group – 1 միլիոն 700 հազար տոլար, Amsterdam Partners - 600 հազար տոլար, Greenberg Traurig - 480 հազար տոլար, Capitol Counsel – 384 հազար տոլար, Mercury - 240 հազար տոլար, Madison Group - 240 հազար տոլար, Signal - 240 հազար տոլար, Jim Arnold - 240 հազար տոլար եւ MediaFix -108 հազար տոլար...: Բացի ասոնցմէ, Էրտողանի գործընկերը 2016 Սեպտեմբերին 540 հազար տոլար վճարած է նախագահ Թրամփի վարկաբեկուած ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Մայքըլ Թ. Ֆլինի՝ Թուրքիոյ կառավարութեան օգտին քարոզչութիւն ընելու համար...
Վերջին ամիսներուն ընթացքին փորձելով դուրս գալ PRի ճահիճէն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւ անոնց կապուած խումբերը վարձած են երեք նոր ընկերութիւններ: Այս շաբաթ կը ներկայացնենք այդ լոպիիստական ընկերութիւններէն մէկը, մնացեալ երկուքը թողելով յաջորդ խմբագրականի համար:
«Մոնթէ» խորհրդատուական խումբը վարձած են 2016 Օգոստոսին, 400 հազար տոլար վարձատրութեամբ: Ըստ Daily Beastի, ընկերութիւնը կը ղեկավարէ Տակլըս Պէյքըր՝ հանրապետական Ճէյմս Պէյքըրի (նախագահ Ճորճ Պուշի աշխատակազմի ղեկավար եւ պետական քարտուղար եւ Ռընըլտ Ռեկընի աշխատակազմի ղեկավար եւ գանձապետարանի քարտուղար) որդին: Այս ընկերութիւնը պէտք է բարելաւէր Թուրքիոյ հասարակական ընկալումները...: Տակլըս Պէյքըր «Մոնթէ» խորհրդատուական խումբի «միակ եւ գործող անդամ»ն է: Պայմանագիրը կնքուած է սթամպուլեան հասարակական խորհրդաւոր կազմակերպութեան կողմէ, որ յայտնի է որպէս Տնտեսական Գիտելիքներու Ընկերութիւն (KEA): Daily Beast կը հաղորդէ, որ KEAի «գործունէութիւնը երբեմն կը համապատասխանէ Թուրքիոյ կառավարութեան շահերուն»: Ըստ Daily Beastի, աւելի մտահոգիչ է, որ «KEAի ղեկավարութեան առնուազն մէկ անդամը եղած է Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ»: Աւելին, KEAի հիմնադիր եւ նախկին նախագահ Տաւութ Քաւրանօղլու այժմ Էրտողանի գիտական խորհրդականն է, կը տեղեկացնէ Daily Beast: Քաւրանօղլու թուիթըրի մէջ տեղադրած է Ճէյմս Պէյքըրի հետ առնուած իր լուսանկարը...
Daily Beast կը հաղորդէ, որ ըստ Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ «Մոնթէ» խորհրդատուական խումբի ներկայացուցած արձանագրութեան, ընկերութիւնը KEAի անունով «զբաղած է Թրամփի նախագահական ընտրարշաւի եւ նախագահական անցումային խումբի աջակցութեամբ»՝ «Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ընդհանուր յարաբերութիւնները եւ հասարակական ընկալումները բարելաւելու համար»: «Մոնթէ» նաեւ շփումներ ունեցած է «Օպամայի վարչակարգէն հեռացող պաշտօնեաներու հետ, հանդիպումներ ունեցած է Պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմին հետ եւ ելեկտրոնային նամակներ ուղարկած է՝ այդ օրերու փոխնախագահ Պայտընի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Քոլին Քալի»:
Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցած գիրին մէջ, սթամպուլցի իրաւաբան Իսրաֆիլ Քահրաման նշուած է որպէս KEAի օրինական ներկայացուցիչ, ըստ Daily Beastի: Իսրաֆիլ յայտարարած է, որ պայմանագիրին նպատակն է «զարգացնել բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը Թուրքիոյի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գիտական եւ տնտեսական զարգացման ասպարէզէն ներս»: Daily Beast մէջբերելով Քահրամանը՝ նշած է, որ KEAն հիմնադրուած է «խումբ մը յարգարժան գիտնականներու կողմէ՝ քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութիւնը ղեկավարելու նպատակով, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ բարձրացուի իրազեկութիւնը տնտեսութեան զարգացման մասին»:
Սա անհեթեթութիւն է: Ինչո՞ւ պէտք է խումբը, որուն նպատակն է տնտեսութեան մասին իրազեկութեան բարձրացումը Թուրքիոյ մէջ, լոպիիստական խումբ վարձէ Ուաշինկթընի մէջ: Սա աւելի կը նմանի թրքական կառավարութեան համար ստեղծուած ծածուկ ներկայացուցչութեան մը, քան գիտնականներու անկախ խումբի մը: Կարեւոր է պարզել, թէ ո՞վ կը ֆինանսաւորէ KEAն...
Հետաքրքրական է, որ Հետաքննող Լրագրողներու Բիւրոյի հետ կապ հաստատելու ընթացքին, Տակլըս Պէյքըր նշած է` մտահոգութիւններ կան, որ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները «քիչ մը վատթարացած են» Օպամայի վարչակազմի վերջին տարիներուն: «Թերեւս կարելի ըլլայ՝ կա՛մ ամրապնդել, կա՛մ անտեսնել այդ յարաբերութիւնները, նայած թէ ինչպէս աւելի մեծ վնաս կը հասցուի անոնց: Եւ այդ է պատճառը, որ [KEAն] վարձակալած է «Մոնթէ»ն՝ օգնելու համար իրեն, այդ անցումային փուլին»:
Տակլըս Պէյքըր աւելցուցած է, որ KEAի համար իր ընկերութեան աշխատանքը «երբեք չէ նախատեսուած իբրեւ հանրային կապերու ընդհանուր քարոզարշաւ: Այս քիչ մը աւելի մեծ կարելիութիւն է՝ ներկայացնելու անոնց տեսակէտը...: Անոնք կը զգան, որ մենք ի վիճակի ենք օգնելու իրենց՝ անհրաժեշտ ծանօթութիւններով»:
Զարմանալի չէ, որ Թրամփի երդմնակալութենէն եւ KEAի ու Թրամփի վարչակազմի պաշտօնեաներու միջեւ «անհրաժեշտ ծանօթութիւններ» հաստատելէ ետք, KEAն չթարմացուց պայմանագիրը «Մոնթէ»ի հետ, երբ վերջինիս նախնական վեցամսեայ ժամկէտը լրացաւ 2017 Փետրուարին: «Պայմանագիրի այս կէտով նախատեսուած 400 հազար տոլարի դիմաց ցարդ վճարուած է միայն 105 հազար տոլար», ըստ Հետաքննող Լրագրողներու Բիւրոյի: