Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճան Կը Վարձէ Լոպիիստական Եւ PR-ի Չորս Ընկերութիւններ


Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճան Կը Վարձէ Լոպիիստական Եւ PR-ի Չորս Ընկերութիւններ

  • 06-07-2017 11:23:10   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Թուրքիոյ կառավարութեան վարձած լոպիիստական ​եւ PR-ի ընկերութիւնները բացայայտելէ ետք, այժմ կը տեղեկացնեմ Ատրպէյճանի վարձած չորս համանման ընկերութիւններուն մասին:
 
Դիտարկելով արտաքին քաղաքականութեան հանդէպ Ատրպէյճանի նենգամիտ մօտեցումները՝ նկատեցի հետեւեալ պատկերը. 
 
1) Ինչպիսի գործողութիւններու ալ ձեռնարկեն ամերիկահայերը՝ իրենց հարցերու լուծման համար, Ատրպէյճան կը ձգտի նմանակել զանոնք եւ հակազդել անոնց՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր վարձու ընկերութիւններուն միջոցով: Նախագահ Ալիեւ 2013 թուականի իր ելոյթի մէջ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի «հիմնական թշնամին հայկական լոպին է»: Ան նաեւ նշեց, որ «հայկական լոպին ​​օր ու գիշեր կը փորձէ զրպարտել Ատրպէյճանը, վարկաբեկել անոր հեղինակութիւնը: Անոնք ֆինանսական մեծ աղբիւրներ ունին: Անոնք սերտօրէն կապուած են իշխանութիւններուն հետ իրենց երկիրներուն, ուր «լոպիինկ»ի անուան տակ նուիրատուութիւններ կ՛ընեն օրէնսդիրներուն: Բայց, իրականութեան մէջ, այդ կաշառք է: Այսպիսով, հայկական լոպին մեր դէմ կազմակերպուած պայքարի յառաջատարն է»: Իր քննադատական ծաւալուն ճառին մէջ, Ալիեւ անարդարօրէն հայերուն վերագրեց՝ կաշառելու հետեւողական արշաւը, ամբողջ աշխարհի տարածքին, բան մը, որ կ՛իրականացուի ի՛ր իսկ կառավարութեան կողմէ:
 
2) Ատրպէյճան կը հետեւի Թուրքիոյ աւելի փորձառու պաշտօնեաներու քայլերուն՝ Հայաստանի եւ հայկական հարցերու վերաբերեալ իր քաղաքականութեան մէջ, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններու համար հայերուն մեղադրելը: Ցաւօք, Ատրպէյճան նաեւ կը նմանակէ Թուրքիան՝ իր սեփական քաղաքացիները ճնշելու հարցով, դժուարացնելով որոշել, թէ այս երկու երկիրներէն ո՞ր մէկը աւելի բռնատիրական է:
 
3) Ընդունելով, որ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու պատճառով իր պատկերը (image) վարկաբեկուած է Արեւմուտքի մէջ, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը վարձած է PR-ի եւ լոպիիստական ընկերութիւններ՝ իր բացասական հեղինակութիւնը մաքրազերծելու համար: Պէտք էր ակնկալել, որ եթէ վարչակարգը այդքան մտահոգ է արտասահմանի մէջ իր վատ համբաւով, ան գէթ իր երկրին մէջ պիտի բարելաւէր մարդկային իրաւունքներու դաշտը, ուստի, անհրաժեշտ չէր ըլլար միլիոնաւոր տոլարներ վատնել ամերիկեան ընկերութիւններու վրայ՝ իր պատկերի մաքրման անհնարին գործը իրականացնելու համար: Ալիեւ, 2013 թուականի իր ելոյթին մէջ, բաղձանքը շփոթելով իրականութեան հետ՝ Ատրպէյճանը նկարագրեց իբրեւ «ժամանակակից, յառաջադէմ, բաց, հանդուրժողական երկիր»: Ո՞վ կրնայ խաբուիլ նման բացայայտ սուտերով: 
 
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը տարիներ շարունակ վարձած է տասնեակ PR եւ լոպիիստական ընկերութիւններ, սակայն այս պահուս, անոր համար կ՛աշխատին նմանօրինակ չորս ընկերութիւններ:
  
1) Ատրպէյճան ամսական 45 հազար տոլար կը վճարէ Podesta Group, Inc-ի՝ «[Ատրպէյճանի] վերաբերող հարցերու ուսումնասիրութեան եւ վերլուծութեան համար. խորհրդատուութիւն [Ատրպէյճանի]՝ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վերաբերեալ, գործունէութիւն Քոնկրեսի եւ գործադիր ճիւղի մէջ եւ, ընդհանուր առմամբ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական դաշտէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներու վերաբերեալ. անհրաժեշտութեան պարագային կապերու հաստատում՝ Քոնկրեսի անդամներու, անոնց աշխատակազմերու եւ գործադիր ճիւղի պաշտօնեաներու, լրատուական միջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ»:
 
2) SOCAR USA-ը (Ատրպէյճանի պետական ​​նաւթային ընկերութեան Միացեալ Նահանգներու դուստր ձեռնարկութիւնը) Roberti White ՍՊԸ-ին կը վճարէ 125 հազար տոլար՝ «[Ատրպէյճանի] վերաբերող հարցերու ուսումնասիրութեան եւ վերլուծութեան համար. խորհրդատուութիւն [Ատրպէյճանի]՝ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վերաբերեալ, գործունէութիւն Քոնկրեսի եւ գործադիր ճիւղի մէջ եւ, ընդհանուր առմամբ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական դաշտէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներու վերաբերեալ. անհրաժեշտութեան պարագային կապերու հաստատում՝ Քոնկրեսի անդամներու, անոնց աշխատակազմերու եւ գործադիր ճիւղի պաշտօնեաներու, լրատուական միջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ»: Զարմանալի չէ, որ Roberti White-ի կատարած գործառոյթները SOCAR USA-ի համար նոյնն են, ինչ որ Podesta Group, Inc.-ինը՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան համար:
 
3) Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը ամսական 50 հազար տոլար կը վճարէ BGR Government Affairs ՍՊԸ-ին, «ռազմավարական ուղղորդում եւ խորհրդատուութիւն տրամադրելու համար պետական գործերու եւ PR գործունէութեան առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս է պէտք եղած մօտեցումը՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնատար անձերու, հասարակական կազմակերպութիւններու, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներու եւ այլ անհատներու, Միացեալ Նահանգներու մէջ»:
 
4) Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող Ատրպէյճանի հիւպատոսութիւնը, 2009 թուականին չորս ամիս ժամկէտով, միանուագ 35 հազար տոլար վճարելով վարձած է Tool Shed Group ընկերութիւնը, որուն գլխաւոր գրասենեակը նախապէս կը գտնուէր Ուուտլենտ Հիլզի մէջ, Քալիֆորնիա, իսկ այժմ՝ Փարքըրի մէջ, Քոլորատօ: Tool Shed Group-ը ներկայիս նաեւ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը: Այդ ժամանակէն ի վեր պայմանագիրը կը նորոգուի վեց ամիսը անգամ մը: Tool Shed-ը կը ղեկավարէ Ճէյսըն Քաց՝ Ամերիկայի հրէական կոմիտէի հասարակայնութեան հետ կապերու նախկին տնօրէնը: Tool Shed «խորհրդատուական ծառայութիւններ կը տրամադրէ հիւպատոսութեան, ներառեալ՝ ճեպազրոյցներու եւ դասախօսութիւններու կազմակերպում, հանդիպումներու դիւրացում համայնքի անդամներու, ընտրուած եւ նշանակովի պաշտօնեաներու, ձեռնարկութիւններու ղեկավարներու հետ, ինչպէս նաեւ «հեղինակային կարծիքներու» շարադրում եւ տարածում»:
 
Վերջերս, Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը «Լեռնային Ղարաբաղ. պատմութիւն եւ փաստեր» խորագիրով գունաւոր գրքոյկ մը տարածեց Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող բոլոր հիւպատոսութիւններուն եւ, հաւանաբար, շատ ուրիշներու: Այս 16 էջնոց քարոզչական նիւթը, լեցուն՝ Արցախի մասին խեղաթիւրումներով, ամենայն հաւանականութեամբ պատրաստուած էր Ատրպէյճանի եւ անոր հիւպատոսութեան PR-ի եւ լոպիիստական ընկերութեան՝ Tool Shed Group-ի կողմէ: 16րդ էջի վերջաւորութեան նշուած է՝ «Հրատարակուած է Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան կողմէ, Լոս Անճելըսի մէջ»: Հետաքրքրական է, որ այս նախադասութեան մեջ նշուած չէ, թէ ո՞վ պատրաստած է գրքոյկը, այլ, պարզապէս, թէ  ո՛վ հրատարակած է զայն...
 
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Յօդուածներ