Եւրոպական Դատարանը Կաթողիկոսարանի Դիմումը Անընդունելի Կը Համարէ՝ Որոշումին Դէմ Բողոքելու Իրաւունք Չտալով. Յարութ Սասունեան


Եւրոպական Դատարանը Կաթողիկոսարանի Դիմումը Անընդունելի Կը Համարէ՝ Որոշումին Դէմ Բողոքելու Իրաւունք Չտալով. Յարութ Սասունեան

  • 30-10-2017 14:56:23   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը (նստավայրը՝ Անթիլիաս, Լիբանան) 2015 Ապրիլ 25ին դատական ​​հայց ներկայացուց Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ՝ ձգտելով վերադարձնել իր պատմական նստավայրը՝ Սիսի մէջ (ներկայիս Ատանայի նահանգի Քոզան շրջանը), որ բռնագրաւուած էր 1921 թուականին:
 
Առաջին նմանօրինակ հայց-դիմումը ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանին, քանի որ այդ հայցով կը բարձրացուէին սեփականութեան իրաւունքի հարցեր, ըստ որոնց ստորին ատեանի դատարանները իրաւունք չունին անվաւեր նկատել բոլոր այն բազմազան օրէնքները, որոնք Թուրքիոյ կողմէ ընդունուած են 1915ին եւ հետագայ տարիներուն: Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարարութեան թելադրանքով, Սահմանադրական դատարանը Հայոց եկեղեցւոյ դիմումը փոխանցեց ստորին ատեանի դատարաններուն: Սակայն, Դեկտեմբեր 8, 2016ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի փաստաբանները որոշեցին նոյն այս հայցով ուղղակի դիմել Մարդկայն Իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ), Սթրազպուրկ, Ֆրանսա: 
  
Հայցը Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարանին ներկայացնելէ հրաժարիլը չափազանց կարեւոր է, հաշուի առնելով Մարդկային Իրաւունքներու եւրոպական դատարանին պահանջները, այն հասկացողութեամբ, որ որեւէ դատական գործ մինչեւ ՄԻԵԴ ներկայացնելը, նախ պէտք է որ սպառէ իրաւական պաշտպանութեան բոլոր տեղական միջոցները, սկսեալ՝ ամէնէն ստորին ատեանի դատարանին դիմում ներկայացնելէն, վերջացած՝ մինչեւ երկրի բարձրագոյն դատարանին դիմելէ:
 
Հոկտեմբեր 19, 2017ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա հանդէս գալով Պրիւքսէլի մէջ,  Եւրոպական խորհրդարանէն ներս ընթացող Հայ Դատի համագումարին, քննադատեց ՄԻԵԴի դատաւորը, որ մերժած էր Հայոց եկեղեցւոյ դատական հայցը, զայն համարելով անընդունելի: Մինչեւ այս յայտարարութիւնը, դատական ​​գործի կարգավիճակի վերաբերեալ ոչ մէկ լուր կար: Ես դիմեցի Սթրազպուրկի մէջ ՄԻԵԴի նստավայր, հետաքրքրուելով Հայոց եկեղեցւոյ դիմումով եւ տեղեկացայ, որ, իրօք, անհատ դատավորը իրաւունք ունի մերժելու որեւէ դիմում, որ, տուեալ պարագային, նախապէս չէ ներկայացուած Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարան՝ իրաւական պաշտպանութեան տեղական բոլոր միջոցները սպառելու համար, եւ որ մերժման նամակը ուղարկուած էր Կաթողիկոսարան՝ 2017ի Մարտին: Ամէնէն ցաւալին այն էր, որ ՄԻԵԴէն ինծի ըսին, որ դատաւորին որոշման դէմ կարելի չէ բողոքել:
 
Այնուհետեւ դիմեցի Կաթողիկոսարանի իրաւական խումբի անդամ եւ Գանատայի Մոնրէալ քաղաքի ՄըքԿիլ համալսարանի Միջազգային Իրաւունքի փրոֆեսըր Փայեամ Ախավանի՝ հետաքրքրուելով, թէ ինչո՞ւ Կաթողիկոսարանը որեւէ յայտարարութիւն չէ ըրած աւելի կանուխ՝ վեց ամիս առաջ մերժուած հայց-դիմումի մասին: Փրոֆ. Ախավան բացատրեց, որ ՄԻԵԴի դատաւորը նամակը սխալ հասցէով ուղարկած էր...: Այնուհետեւ Կաթողիկոսարանը գրեց այդ դատաւորին՝ «յայտնելով իր լուրջ մտահոգութիւնը դատական այն սխալին համար, ըստ որուն դատաւոր մը կրնայ մերժել լաւ փաստարկուած այս դատական գործը, ու մինչեւ վերջերս սպասած է օրինաչափ (standard) պատասխանի, որ չեն կարող բողոքել, եւ որոշումը վերջնական է»:
 
Հոկտեմբեր 19, 2017ին, Արամ Ա կաթողիկոս պրիւքսէլեան իր ելոյթին մէջ խստօրէն դատապարտեց ՄԻԵԴը՝ եկեղեցւոյ դիմումը մերժելուն համար. «Ինչո՞ւ Մարդկային Իրաւունքներու եւրոպական դատարանը այսքան դիւրութեամբ կը մերժէ մեր գործը, իմանալով, որ ոչ մէկ փաստաբան կը համարձակի նման գործ ներկայացնել թրքական դատարաններ: Ինչպէ՞ս կրնայ դատաւոր մը մերժել պատմաիրաւական լուրջ հիմնաւորումներով ներկայացուած 900 էջնոց այս դիմումը՝ կազմուած խումբ մը միջազգային լաւագոյն իրաւագէտներու կողմէ: Ինչո՞ւ լսումներու հնարաւորութիւն չտրուեցաւ մեր իրաւական խումբին: Մի՞թէ հիմա բոլորը կը վախնան ընդդիմանալու  Թուրքիոյ մէջ տակաւին գործադրուող մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման սարսափելի փաստերուն: Մենք ապշած ենք եւ խորապէս հիասթափուած՝ արդարութեան այս վիժումէն, յատկապէս, ժամանակակից պատմութեան այս կարեւորագոյն ժամանակներուն, երբ կ՛ակնկալուի, որ Եւրոպան հաւատարիմ մնալով իր արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, արդարութիւնը վեր կը դասէ աշխարհաքաղաքական շահերէն...: Եւրոպան, ըստ էութեան, արժէքներու, այլ ոչ թէ միայն քաղաքական ու տնտեսական շահերու համակարգ է: Հետեւաբար, ես տակաւին յոյս ունիմ, որ Մարդկային Իրաւունքներու եւրոպական դատարանը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ դատական այս գործի ընդունելիութիւնը՝ արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հիման վրայ: Հակառակ արդարութեան հանդէպ ուրացման այս քայլին՝ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը՝ յանուն արդարութեան»:
 
Փրոֆ. Ախավան ՄԻԵԴի դատաւորին որոշումը անուանեց «խայտառակութիւն»: Այնուհետեւ ինծի ուղղուած իր ելեկտրոնային նամակին մէջ ան աւելցուց. «Քանի մը փորձառու ՄԻԵԴ փաստաբաններու կարծիքով, այս որոշումը բոլորովին անընդունելի է։ Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր խորհրդատուն եղած է Թիմ Էյք QCն [Անգլիոյ թագուհիին կողմէ վաւերացուած փաստաբան], որ ներկայիս ՄԻԵԴի բրիտանացի դատաւորն է։ Ան, ի հարկէ, չի կրնար այս գործին մէջ ներգրաւուած ըլլալ, սակայն շատերու մօտ այն զգացումն է, որ Դատարանը շատ կը վախնայ յետ-յեղաշրջային Թուրքիոյ ընդդիմանալ նման վիճայարոյց հարցերով»։
 
Փրոֆ. Ախավան նաեւ յայտնեց, որ այս դատական գործընթացի յաջորդ քայլերն են «կամ հայց-դիմումը կրկին ներկայացնել որոշ նոր փաստերով միասին, ինչպէս՝ օրինակ, թրքական դատարաններուն դիմելու անկարելիութիւնը՝ որոշ հանգամանքներու պատճառով, կամ վերադառնալ թրքական դատարաններ՝ ծախսել մեծ աղբիւրներ եւ կրկին վերադառնալ ՄԻԵԴ։ Վերջինս ի հարկէ ծիծաղելի որոշում է, քանի որ բոլորն ալ յստակ գիտեն, թէ ինչ տեղի կրնայ ունենալ։ Ասիկա շատ վիճայարոյց հարց է, եւ ՄԻԵԴ չի փափաքիր ասով զբաղիլ»:
 
Վերջաւորութեան, ես Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կ՛առաջարկէի՝ հրապարակել դատական իր դիմումի ամբողջական փաստաթուղթերը, որոնց շարքին՝ 600 էջնոց դիմումը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան եւ 900 էջնոց հայց-դիմումը՝ Մարդկային Իրաւունքներու եւրոպական դատարան, ինչպէս նաեւ՝ անոնցմէ ստացուած պատասխանները։ Ի վերջոյ, սա մասնաւոր դիմում չէ, այլ կ՛առնչուի Թուրքիայէն հայ ժողովուրդի կալուածներու պահանջներուն:  
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
  -   Յօդուածներ