Յարութ Սասունեան. Ռոն Թորոսեան Վարձուած Է Թուրքիոյ Ի Նպաստ PRի Համար. Արդեօք Ան Իրապէս Հա՞յ Է


Յարութ Սասունեան. Ռոն Թորոսեան Վարձուած Է Թուրքիոյ Ի Նպաստ PRի Համար. Արդեօք Ան Իրապէս Հա՞յ Է

  • 15-11-2017 11:12:20   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Medium.com կայքէջի վրայ տեղադրուած Լուիզա Նոյի երկու յօդուածները կը բացայայտեն, որ Ռոն Թորոսեան պայմանագիր կնքած է ներկայացնելու Թուրքիան, ըլլալով անոր PRի գործակալը: Թորոսեան Նիւ Եորքի 5W հանրային կապերու ընկերութեան նախագահն է:
 
Արդարադատութեան  նախարարութեան արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ Թորոսեան նշեալ պայմանագիրը կնքած է 2017 Մայիս 25ին: Անոր ընկերութիւնը կը ստանայ լրացուցիչ 60 հազար տոլար՝ 2017 Մայիս 16էն Նոյեմբեր 16ի միջեւ ինկած  ժամանակահատուածին համար, եւ այդ գործարքը ինքնագործ (automatic) կերպով կը նորոգուի յաջորդ վեց ամսուան համար: Այս վճարը կ՛աւելնայ այն գումարին, որ նշուած է 2016 Օգոստոս 10ին կնքուած պայմանագիրին մէջ:
 
Յատկանշական է, որ Թորոսեան Թուրքիոյ հետ պայմանագիր կնքած է ինը օր անց այն դէպքերէն, երբ նախագահ Էրտողան կը դիտէր, թէ ինչպէ՛ս իր թիկնապահները կը ծեծեն խումբ մը ցուցարարներ՝ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին դիմաց: Ցուցարարներու ծեծէն երեք օր ետք, Թորոսեան յօդուած հրապարակած է «Ալկեմայնըր»ի մէջ՝ «Արտաքսեցէ՛ք արմատական իսլամիստ քարոզիչը [Կիւլէնը] եւ պաշտպանեցէ՛ք ամերիկեան շահերը» վերնագրով:
 
Հետաքրքրականը այն է, որ Լուիզա Նոյ բացայայտած էր, որ 2017 Փետրուար 17ին Թորոսեան մէկ այլ յօդուած գրած էր «Նիւզմաքս»ի մէջ՝ քննադատելով Մայքըլ Ֆլինի հրաժարականին մասին լրատուական միջոցներու լուսաբանումը: Ծիծաղելի է, որ Թորոսեան, «Նիւզմաքս»ի մէջ 2015 Մայիս 20ին հրապարակուած իր նախկին յօդուածին մէջ քննադատելով Levick Communications PR ընկերութեան աշխատանքը Քաթարի դեսպանատան համար, յայտարարած էր. «Կան մարդիկ, որոնք բնական կը համարեն PR ընել բռնակալներու եւ ահաբեկիչներու համար: Այնուամենայնիւ, տողերուս հեղինակը [Թորոսեան] համամիտ է աշխարհի մեծագոյն PR ընկերութեան սեփականատէր Ռիչըրտ Էտըլմանի հետ, որ կ՛ըսէ. «PRը նման չէ օրէնքին՝ ոչ բոլորը արժանի են ներկայացման»: Հակասելով ինքնիրեն՝ Թորոսեան զբաղած է Թուրքիոյ բռնապետ Էրտողանի շահերը պաշտպանելու երկերեսային գործողութեամբ...
 
Բացի ասկէ, Թորոսեան 2017 Յունուար 27ին գրած է Observerի մէջ, որուն հրատարակիչը նախագահ Թրամփի փեսան է՝ Ճէրըտ Քուշնըր, քննադատելով այն PR ընկերութիւնները, որոնք «կ՛արդարացնեն ճնշող վարչակարգերը»: Ան եզրակացուցած է՝  «բռնակալները եւ ահաբեկիչները արժանի չեն PR աջակցութեան»:
 
Ես երկու անգամ հեռաձայնեցի Թորոսեանի գրասենեակ, եւ ամէն անգամ պաշտօնեան վստահեցուց ինծի, որ ան պիտի պատասխանէ հեռաձայնիս: Բայց պատասխանող չեղաւ: Լուիզա Նոյ նոյն ճակատագրին արժանացած էր, երբ փորձած էր կապուիլ Թորոսեանի հետ: Երբ Նոյ Թուիթըրի վրայ գրած էր Թորոսեանի՝ Թուրքիոյ եւ Թրամփի հետ ունեցած կապերուն մասին, վերջինս պատասխանած էր՝ «Ես սպաննած եմ Քենետին... Իմ նախկին կինը ռուս է... Ես նոյնիսկ ձկնկիթ կերած եմ այս շաբաթ...»: Թորոսեան ոչ միայն անկիրթ է հեռաձայնային հաղորդագրութիւններուն պատասխանելու հարցով, այլեւ, ըստ տեղեկութիւններու, վատ կը վերաբերի իր պաշտօնեաներուն եւ ուրիշներու հետ: «Նիւ Եորք Թայմզ» զայն կը նկարագրէ որպէս «անզուսպ եւ բացայայտ նախայարձակ (aggressive) մը»: Նաեւ, ըստ Լուիզա Նոյի հաղորդման, ան գործարար կապեր ունի ստուերի մէջ գործող հրեայ եւ ռուս սակաւապետերու (oligarchs) հետ: Թէեւ Թորոսեան հայկական մականուն ունի, սակայն ես չեմ կրնար հաստատել, որ անոր ծնողներէն մէկը կամ երկուքը հայ են, կամ ոեւէ մէկը հայ է...
 
Ըստ անոր «Լինքըտին»ի (Linkedin) դիմանկարին, Ռոն Թորոսեան նաեւ «JetSmarterի գործընկեր է, շուկայնացման (marketing) գծով պատասխանատու եւ խորհուրդի անդամ»: JetSmarter վիճայարոյց ընկերութիւն է, կը ներկայացուի իբրեւ «uber ինքնաթիռներու համար»: JetSmarterի գործադիր տնօրէնը Սերգէյ Պետրոսովն է` Վաչագան Պետրոսովի որդին, որ հաստատօրէն հայկական անուն ունի:
 
Հիմնական պատճառը, որ ես հետաքրքրուեցայ Ռոն Թորոսեանի՝ Թուրքիոյ համար որպէս PR գործակալ աշխատելուն հարցով, այն էր, որ նման իրավիճակի մը մէջ գտնուած էր նաեւ Պարրի Զորթեան, որ 1980 Հոկտեմբերէն մինչեւ 1984 Փետրուար աշխատած էր Թուրքիոյ կողմէ վարձուած Gray & Co լոպիիստական ընկերութեան մէջ։ Զորթեան «Ամերիկայի ձայն»ի եւ «Թայմ»ի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեան էր։ 1968-1969 ան Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր ներկայացուցիչն էր Սայկոնի եւ Վիեթնամի մէջ։
 
Օրին, երբ իմացայ, որ Զորթեան միաժամանակ բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր Թուրքիոյ համար լոպիիստական ընկերութեան մէջ եւ վարչութեան անդամ՝ Ամերիկայի Հայկական Համագումարին, հեռաձայնեցի իրեն եւ հարցուցի, թէ արդեօ՞ք իր երկակի դերը շահերու բախում չ՛առաջացնե՞ր իր կամ իր ընկերութեան համար։ Որպէս հայու նկատմամբ յարգանքի նշան, ես նախազգուշացուցի զինք, որ եթէ պատասխանէ հարցումներուս, կրնայ եւ գործէ արձակուիլ։ 63ամեայ Զորթեան պատասխանեց, որ զինք չի մտահոգեր այն պարագան, որ ինք կրնայ կորսնցնել տարեկան 65 հազար տոլար եկամուտով իր գործը՝ որպէս Gray & Co ընկերութեան աւագ փոխ նախագահ։ Ան անկեղծօրէն պատասխանեց իմ բոլոր հարցումներուս։ Զորթեան բացատրեց, որ ինք կ՛աշխատէր հանրային կապերու գրասենեակին մէջ, այլ ոչ թէ Թուրքիոյ հաշուոյն, որով զբաղած էր ընկերութեան լոպիիստական ​​բաժինը:
 
1984 Յունուար 19ին «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի առաջին էջով յօդուածիս  հրապարակումէն անմիջապէս ետք, թրքական «Թերճուման» թերթը յայտնեց Զորթեանի հետ իմ ունեցած հարցազրոյցիս մասին, որ մեծ իրարանցում յառաջացուց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ՝ բացայայտելով, որ ամերիկահայ մը եղած է գործադիր տնօրէնը այն լոպիիստական ​​ընկերութեան, որ տարեկան 300 հազար տոլար կը ստանար Թուրքիայէն։
 
1984 Փետրուար 21ին լոպիիստական ​​ընկերութեան փոխ նախագահ Ալեխանտրօ Օրֆիլա Զորթեանին ըսած էր, որ Թուրքիոյ դեսպան Շուքրու Էլեքտաք խիստ բարկացած է՝ կարդալով թերթին մէջ տպագրուած յօդուածը։ Օրֆիլա մէջբերած է դեսպան Էլեքտաքի խօսքերը. «Տղաներ, ես ձեզ վարձած էի, որ օգնէիք ինծի իմ քաղաքական խնդիրներուս մէջ, իսկ դուք, ատոր փոխարէն, ինծի համար խնդիրներ կը ստեղծէք…: Դուք պէտք է լուրջ քայլերու դիմէք, որպէսզի ես կարենամ զեկուցել իմ կառավարութեան, թէ չէ ստիպուած կ՛ըլլամ պայմանագիրը կասեցնել»։
 
PR ընկերութեան նախագահ Ռապըրթ Կրէյ ընդհատեց իր արձակուրդը Աքափուլքոյի մէջ (Մեքսիքօ) եւ անմիջապէս վերադարձաւ Ուաշինկթըն։ Զորթեան հեռացուեցաւ աշխատանքէն, Կրէյի՝ հրաժարական տալու առաջարկը մերժելէն ետք։
 
Թէեւ ինծի համար այդքան ալ հաճելի չէր տեսնել, որ Զորթեան կորսնցուցած է իր գործը, սակայն միայն վեց ամսուան աշխատանքային փորձ ունեցող երիտասարդ լրագրող որպէս, ես շատ գոհ էի, որ անյայտ յօդուածս վերնագիրներու պատճառ դարձած էր թրքական մամուլին մէջ եւ արժանացած՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դեսպան Էլեքտաքի ուշադրութեան։ Աւելի՛ն. 1984 Ապրիլ 13ին «Ուաշինկթըն Փոսթ» ծաւալուն յօդուած մը գրեց՝ հատուածներ մէջբերելով յօդուածէս եւ նշելով իմ թերթս՝ իբրեւ այս միջազգային բանավէճին աղբիւրը։  
 
Այդ օրերուն ես յորդորեցի Զորթեանը դատի տալ Gray & Co ընկերութիւնը՝ իր ազգային ծագման պատճառով աշխատանքային խտրականութեան մեղադրանքով։ Զորթեան դիմում ներկայացուց Ուաշինկթընի մէջ Մարդկային Իրաւանց գրասենեակ՝ պնդելով, որ զինք գործէ արձակած են հա՛յ ըլլալուն պատճառով։ 
 
Ցաւօք, ես չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՞ս աւարտեցաւ Զորթեանի դատական գործը։ Ատկէ ետք ինք եւ իր կինը մահացած էին։
 
Եթէ Թորոսեան իրօք հայ է, ապա ան ինչպէ՞ս կրնայ PR ընել Թուրքիոյ համար։ Սակայն աւելի կարեւորը այն է, թէ ինչպէ՞ս Թուրքիա կրնայ վարձել Թորոսեանը՝ հաշուի առնելով Զորթեանի փորձը։
 
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Յօդուածներ