Յարութ Սասունեան. Հինգերորդ Դարու Պատմիչը Կը Նկարագրէ Հայ Հասարակութեան Ողբալի Վիճակը


Յարութ Սասունեան. Հինգերորդ Դարու Պատմիչը Կը Նկարագրէ Հայ Հասարակութեան Ողբալի Վիճակը

  • 27-12-2017 11:31:20   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Վերջերս ընկերներէս մէկը ինծի ղրկած էր 5-րդ դարու պատմիչ Մովսէս Խորենացիի գրածներէն հատուած մը, ուր ան կը նկարագրէ հին Հայաստանի մէջ տիրող ընկերային ողբալի պայմանները:
 
Ընկերս մեկնաբանած էր՝ «Սուրբ Մովսէսը կրնար այս խօսքերը դիւրութեամբ գրել մեր հայ հոգեւորականներու, ղեկավարներու, եկեղեցւոյ, դատաւորներու, կազմակերպութիւններու եւ մեր մասին այսօր՝ 2017 թուականին, այնպէս, ինչպէս ըրած է 5-րդ դարուն: Իսկ ի՞նչ փոխուած է 1600 տարուան մէջ եւ ի՞նչ պիտի փոխուի: Իսկ եթէ ոչինչ չփոխուի՞: Իսկ եթէ մենք այդպիսի՞ն ենք: Հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած գլխաւոր մարտահրաւէրն է, թէ ինչպէս գոյատեւել եւ յաջողութեան հասնիլ միջազգային ասպարէզի մէջ եւ յոյսը չկորսնցել: Հակառակ Սուրբ Մովսէսի նկարագրած մեր վատ բնաւորութեան՝ փաստ է, որ այս փոքր ժողովուրդը ձեւով մը ճամբայ գտած է գոյատեւելու եւ հասած է մինչեւ մեր օրերը: Եկէ՛ք չողբանք Հայաստանի վրայ: Եկէ՛ք ուրախանանք մեր զաւակներով, թոռներով եւ պայծառ ապագայով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ստեղծել մեր ժողովուրդին համար»:  
 
Ստորեւ ներկայացուած մէջբերումը Մովսէս Խորենացիի «Պատմութիւն Հայոց» աշխատութենէն է, իսկ գլուխը վերնագրուած է՝ «Ողբ՝ Հայոց թագաւորութեան Արշակունեաց ցեղէն դադրելուն մասին եւ եպիսկոպոսապետութեան՝ Սուրբ Գրիգորի տոհմէն»:
 
Մովսես Խորենացին գրած է.
 
«Կ՛ողբամ քեզ, Հայոց աշխարհ, կ՛ողբամ քեզ, բոլոր հիւսիսային ազգերու մէջ վեհագոյնդ, որովհետեւ վերացան թագաւորդ ու քահանադ, խորհրդականդ եւ ուսուցանողդ. վրդովուեցաւ խաղաղութիւնը, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտեցաւ ուղղափառութիւնը, հիմնաւորուեցաւ տգիտութեամբ չարափառութիւնը:
 
Կը խղճամ քեզի, Հայաստանեայց եկեղեցիիդ, բեմիդ բարեզարդութենէն անշքացած, քաջ հովիւէն եւ հովուակիցէն զրկուած: Այլեւս չեմ տեսներ քու բանաւոր հօտը դալար վայրի մէջ եւ հանգիստ ջուրերու մօտ արածելու պահուն, եւ ոչ ալ փարախի մէջ հաւաքուած` գայլերէ զգուշանալու համար, այլ՝ ցիրուցան եղած անապատներու եւ գահավէժ վայրերու մէջ...
 
Ուսուցիչները` տխմար ու ինքնահաւան, իրենք իրենցմէ պատիւ գտած եւ ոչ թէ Աստուծմէ կոչուած, դրամով ընտրուած եւ ոչ թէ սուրբ հոգիով. ոսկեսէր, նախանձոտ, թողած հեզութիւնը, որուն մեջ Աստուած կը բնակի եւ գայլ դարձած՝ կը գիշատեն իրենց հօտերը:
 
Կրօնաւորները` կեղծաւոր, ցուցամոլ, սնափառ, պատուասէր, քան աստուածասէր:
 
Հոգեւորականները՝ հպարտ, դատեր սիրող, դատարկախօս, ծոյլ, գիտութիւններն ու վարդապետական գրուածքները ատող, առեւտուր եւ կատակերգութիւններ սիրող:
 
Աշակերտները` սորվելու մէջ ծոյլ, սորվեցնելու մէջ փութաջան, որոնք դեռ չսորված` աստուածաբաններ են։
 
Ժողովրդականները` ամբարտաւան, ստահակ, մեծխօսիկ, աշխատանքէ խուսափող, հարբեցող, վնասագործ, ժառանգութենէ փախչող:
 
Զինուորականները` անարի, պարծենկոտ, զէնք ատող, ծոյլ, ցանկասէր, թուլամորթ, կողոպտիչ, գինեմոլ, յելուզակ, աւազակներու բնութենակից:
 
Իշխանները` ապստամբ, գողերուն գողակից, կաշառակեր, կծծի, ժլատ, ագահ, յափշտակող, աշխարհ աւերող, աղտեղասէր, ծառաներուն համամիտ:
 
Դատաւորները` տմարդի, սուտ, խաբող, կաշառակեր, իրաւունքը չպահպանող, անհաստատ, հակառակող:
 
Եւ առհասարակ սէրն ու ամօթը բոլորէն վերացած....
 
Որովհետեւ (մեզ) տիրեցին խստասիրտ ու չար թագաւորներ, որոնք ծանր, դժուարակիր բեռներ կը բարձեն, անտանելի հրամաններ կու տան: Կառավարիչները կարգ չեն պահպաներ, անողորմ են, սիրելիները դաւաճանուած են, թշնամիները՝ զօրացած. հաւատքը կը ծախուի այս աշխարհի ունայն կեանքի համար: Ասպատակութիւններ կու գան անհատնում, շատ վայրերու վրայ, տուները կը գերուին, ստացուածքները կը յափշտակուին, նշանաւոր մարդիկ կը կապուին, յայտնի անձեր կը բանտարկուին, դէպի օտարութիւն կ՛աքսորուին ազնուականները, անթիւ նեղութիւններ կը կրեն ռամիկները, կը գրաւուին քաղաքներ, կը քանդուին ամրոցներ, կ՛աւերուին աւաններ, կը հրդեհուին շինութիւններ, անվերջ սովեր եւ հիւանդութիւններ եւ բազմատեսակ համաճարակներ: Աստուածապաշտութիւնը մոռցուած է, դժոխքի ակնկալութիւն….»:
 
Այս «ողբը» ինծի ղրկած ընկերս, Մովսէս Խորենացիի՝ 1600 տարի առաջ Հայաստանի մէջ տիրող ողբալի վիճակի նկարագրութիւնը կը համեմատէ ընդհանրապէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ներկայիս տիրող իրավիճակի հետ...: Անշուշտ կարելի չէ հայ հասարակութեան մէջ ընդհանրացնել բոլորը: Մեր հասարակութեան բոլոր հատուածներուն մէջ կան բաւականին յարգելի բացառութիւններ՝ ուսուցիչներու, հոգեւորականներու, զինուորականներու, ուսանողներու, դատաւորներու եւ ղեկավարներու շրջանակներու մէջ:
 
Ես համաձայն եմ ընկերոջս հետ, երբ ան յոյս կը յայտնէ, որ մեր ժողովուրդը պիտի գոյատեւէ, հակառակ բոլոր թերութիւններուն եւ անյաջողութիւններուն, եւ ի հեճուկս ներքին ու արտաքին բոլոր թշնամիներուն, ինչպէս որ ըրած է դարեր շարունակ՝ սկսած այն ժամանակներէն, երբ Մովսէս Խորենացին գրած է իր խիստ քննադատական դիտողութիւնները...
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ