Յարութ Սասունեան.Նախագահ Թրամփ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Երկու Ապտակ Ստացաւ ՄԱԿ-ի Մէջ
08-01-2018 12:03:10 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Անցեալ ամիս նախագահ Թրամփ երկու նոր մեծ սխալ աւելցուց՝ երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ ամբողջ տարուան մը ընթացքին գոյացած սխալ որոշումներու երկար ցանկին վրայ:
2017 Դեկտեմբեր 18-ին, Միացեալ Նահանգներ վեթօ դրաւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի այն որոշման վրայ, որ կոչ կ՛ընէր չեղեալ նկատել նախագահ Թրամփի՝ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու եւ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը նոյն այդ քաղաքը տեղափոխելու յայտարարութիւնը: Անվտանգութեան խորհուրդի միւս բոլոր 14 անդամները, ներառեալ Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա, կողմ քուէարկեցին բանաձեւին, որ իրաւացիօրէն կը պնդէր, թէ «Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակի հարցը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով»: Անիկա նաեւ կոչ կ՛ընէր բոլոր պետութիւններուն՝ ձեռնպահ մնալ իրենց դիւանագիտական առաքելութիւնները Երուսաղէմ տեղափոխելու գծով:
Երուսաղէմի կարգավիճակը բաւականին վիճայարոյց եւ զգացական հարց է հրեաներու, մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու համար: Իսրայէլ գրաւած է Երուսաղէմի արեւելեան հատուածը՝ 1967 թուականի արաբա-իսրայէլեան պատերազմի ընթացքին եւ զայն միացուցած էր իրեն՝ խախտելով միջազգային օրէնքը: Իսրայէլ Երուսաղէմը կը նկատէ իր «անբաժանելի եւ յաւերժական մայրաքաղաքը»: Միւս կողմէ, պաղեստինցիները Արեւելեան Երուսաղէմը կը նկատեն ապագայ Պաղեստին պետութեան մայրաքաղաքը: ՄԱԿ-ի քուէարկութենէն անմիջապէս ետք, Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, որ պիտի մերժէ տեսակցիլ փոխ նախագահ Մայք Փենսի հետ, Մերձաւոր Արեւելք անոր յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին: Աւելի ուշ, ուղեւորութիւնը յետաձգուեցաւ: Բազմաթիւ իսլամական երկիրներու մէջ հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյցեր կատարեցին նախագահ Թրամփի՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ որոշման դէմ: Պաղեստինի ղեկավարութիւնը յայտարարեց, որ ինք այլեւս չի ճանչնար Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ կռուող կողմերու միջեւ խաղաղութեան անաչառ միջնորդ:
Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Նիքոլայ Մլատինով զգուշացուց, որ նախագահ Թրամփի միակողմանի գործողութիւնը կը նուազեցնէ խաղաղութեան հնարաւորութիւնները՝ «խոչընդոտելով չափաւորները եւ ուժեղացնելով արմատականները»:
Նախագահ Թրամփ իր որոշումը արդարացուց՝ հիմք ընդունելով Գոնկրեսի կողմէ 1995-ին ընդունուած օրէնքը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու մասին: Սակայն, այդ ժամանակէն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու բոլոր նախագահները ազգային անվտանգութեան մտահոգութիւններէն մեկնած՝ վեց ամիս անգամ մը յետաձգած են տեղափոխումը: Անոնք չեն փափաքած վնաս հասցնել արաբա-իսրայէլեան խաղաղ բանակցութիւններուն եւ կամ բորբոքել արաբական եւ իսլամական աշխարհի կիրքերը:
Այն փաստը, որ Թրամփ իր նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ խոստացած էր ամերիկեան դեսպանատունը Թել-Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրել, չի կրնար արդարացնել անոր վերջին որոշումը: Մէկ տարի առաջ ես գրած էի, որ Թրամփ անխոհեմ խոստում տուած էր, եւ ատոր կատարումը կրնար վտանգաւոր ըլլալ:
ԱՄՆ-ի համար հարցը աւելի խորացնելով՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր խորհուրդը, ուր Միացեալ Նահանգներ վեթոյի իրաւունք չունի, 2017-ի Դեկտեմբեր 21-ին ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ բանաձեւ ընդունեց՝ Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող նախագահ Թրամփի որոշումը «անվաւեր» յայտարարելով: Միացեալ Նահանգներու պէս գերտէրութեան մը համար շատ վիրաւորական է ունենալ դէմ քուէարկած 128 երկիր, միայն 8 թեր, 35 ձեռնպահ եւ 21 բացակայ երկիրներ: Այսպիսով, Թրամփ Միացեալ Նահանգները ծիծաղի առարկայ դարձուց ամբողջ աշխարհի առջեւ, մանաւանդ որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի աջակցեցան միայն անծանօթ եւ փոքր երկրներ, ինչպէս՝ Տոկօ, Միքրոնեզիա, Մարշալեան կղզիները, Նաուրուն եւ Փալաուն:
Ընդհակառակն, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր խորհուրդի մէջ շատ մեծ երկիրներ դէմ քուէարկեցին ԱՄՆ-ի, օրինակ՝ Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Պելճիքա, Դանիա, Ֆինլանտա, Յունաստան, Թուրքիա, Իտալիա, Ճաբոն, Հոլանտա, Նորվեկիա, Փորթուկալ, Հարաւային Քորէա, Սինկափուր, Հարաւային Ափրիկէ, Սպանիա, Շուէտ եւ տասնեակ այլ երկիրներ:
Կարծես թէ այս ծանր կացութիւնը քիչ էր, նախագահ Թրամփ եւ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի հպարտօրէն յայտարարեցին, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի դադրեցնէ իր կողմէ տրամադրուող օգնութիւնը այն երկիրներուն, որոնք իրեն դէմ քուէարկած են: Սա ծիծաղելի յայտարարութիւն է, քանի որ Միացեալ Նահանգներ չի պատրաստուիր իր օգնութիւնը դադրեցնելու այս 128 պետութիւններէն գէթ մեծ մասին ուղղուած: Աւելին, երբ ԱՄՆ-ի նման հզօր պետութիւն մը արտաքին օգնութիւն կը տրամադրէ, այդ կ՛ընէ մեկնած իր սեփական շահերէն: Դադրեցնելով օգնութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներ վտանգի տակ կը դնէ իր ազգային շահերը: Ամերիկեան օգնութեան տրամադրումը չի նշանակեր, որ ԱՄՆ ինքնաբերաբար կը գնէ այլ երկրի մը անկախ իրաւունքը այն մասին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է քուէարկէ ՄԱԿ-ի մէջ եւ կամ կը փորձէ ստիպել տուեալ երկրին՝ հնազանդիլ իրեն:
Ինչ կը վերաբերի Երուսաղէմի հարցին, ապա հայկական մամուլին մէջ շատ քննարկումներ եղան Հայաստանի՝ ՄԱԿ-ի մէջ Դեկտեմբեր 21-ին ԱՄՆ-ի դէմ կատարուած քուէարկութեան նպատակայարմարութեան մասին: Մտավախութիւն կար, որ Հայաստան Միացեալ Նահանգներէն պիտի չստանայ արտաքին օգնութիւն եւ Իսրայէլի կողմէ պիտի դիտուի իբրեւ թշնամի:
Իմ կարծիքով, այս երկու տեսակէտները հիմնաւորուած չեն: Համոզուած եմ, որ ամերիկեան Գոնկրեսէն ներս Հայաստանի կողմնակիցներու մեծ մասը պիտի վերահաստատէ օգնութիւնը՝ ընդդէմ Սպիտակ տան ցանկութեան, եթէ, անհաւանականօրէն, Թրամփ իրականացնէ իր սպառնալիքը:
Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն, ապա Հայաստան ոչ մէկ վտանգ պիտի դիմագրաւէ, քանի որ Իսրայէլ ցարդ բարեկամաբար տրամադրուած չէ Հայաստանի նկատմամբ: Իսրայէլ դեսպանատուն չունի Երեւանի մէջ, կը մերժէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ մահացու զէնքեր կը վաճառէ Ատրպէյճանի` հայեր սպաննելու համար: Նոյնիսկ Ատրպէյճան, հակառակ Իսրայէլի հետ իր ջերմ յարաբերութիւններուն, դէմ կը քուէարկէ Ամերիկայի որոշումին: Աւելորդ է ըսել, որ Թուրքիա նոյնպէս դէմ քուէարկած է այդ որոշումին:
Բացի այդ, ՄԱԿ-ի մէջ քուէարկութենէ ձեռնպահ մնալը կամ բացակայ ըլլալը անկէ՝ Հայաստանը պիտի մեկուսացնէր աշխարհի մնացեալ պետութիւններէն, արաբական եւ իսլամական երկիրներու հայ համայնքներէն եւ պիտի հակասէր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի ցանկութեան. հայոց հոգեւոր իշխանութիւնը դատապարտած էր Միացեալ Նահանգներու որոշումը:
Վերջապէս, Իսրայէլի ղեկավարները պէտք չէ ողջունեն Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի որոշումը, քանի որ այդ մէկը չի բխիր Իսրայէլի շահերէն՝ թշնամանալ մնացեալ աշխարհին հետ եւ մեկուսացնել ինքզինք: Իսրայէլ պէտք է որ դէպի իր կողմ թեքէ այլ երկիրներ, յատկապէս պաղեստինցիները՝ բանակցութիւններու միջոցով հասնելով հարցի խաղաղ կարգաւորման, այլ ոչ թէ ուժի կիրառման կամ բռնութեան ճամբով...