Յարութ Սասունեան. Արդարամիտ Թուրք Փրոֆեսէօրը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը


Յարութ Սասունեան. Արդարամիտ Թուրք Փրոֆեսէօրը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը

  • 17-01-2018 19:57:26   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

2017 թուականի Դեկտեմբեր 30-ին հանրածանօթ թուրք քաղաքագէտ, լրագրող եւ գրող Ճենկիզ Աքթար հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ անաչառ եւ կարեկցական յօդուած մը:  «Անցեալի բռնութեան դիմակայումը աւելի մեծ բռնութեամբ» խորագիրը կրող Աքթարի յօդուածը տեղադրուած է Ahvalnews.com արտասահմանեան կայքէջի վրայ՝ թրքական կառավարութեան ճնշող վարչակարգի հասանելիութենէն դուրս։ 
 
Փրոֆ. Աքթար իր յօդուածը կը սկսի թուրք ժխտողականներուն ուղղուած խիստ զգուշացումով մը. «Եթէ մենք որպէս հասարակութիւն, դէմ յանդիման չգանք անցեալին գործած մեր զանգուածային յանցանքին հետ, ինչպիսին է 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ եթէ պատշաճ հատուցում չկատարենք անմեղ զոհերու ժառանգներուն, անպատիժ մնալու իրողութիւնը պիտի հետապնդէ մեզ, եւ մինչեւ իսկ աւելի մեծ չարիք կրնայ գալ մեր գլխուն։ Սա դարաւոր բարոյական ծանր իրավիճակ է՝ շատ խոր արմատներով»։ Աքթար ոչ միայն կը պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, այլեւ, որ աւելի կարեւոր է՝ « փոխ հատուցում»:
 
Փրոֆ. Աքթար կը  գտնէ, որ 1915 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած բոլոր չարիքներուն արմատը թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումն է. «Հաշուի առնելով, որ Ցեղասպանութիւնը իր էութեամբ զանգուածային յանցագործութիւն է, քան որեւէ հասարակական, անհատական կամ հաւաքական օրինազանցութիւն, կամ այսօրուան չդադարող չարիքները, եւ եթէ հասարակական գիտակցութիւնը կրնայ մարսել Ցեղասպանութիւնը, ապա եւ անիկա կրնայ դիւրութեամբ հանդուրժել որեւէ անօրինականութիւն։ Այսպիսով՝ չարիքը չարիք կը ծնի։ Մենք, որպէս հասարակութիւն, միշտ մերժած ենք անդրադառնալ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն՝ այդ մեղսագործութեան հետեւած խախտումներուն պատճառով, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունէին Ցեղասպանութեան անպատժելիութեան, ինչպէս նաեւ կամաւոր կամ պարտադրուած խելագարութեան հետ»։
 
Իրականութեան մէջ, բռնութիւնը եւ անարդարութիւնը սովորական երեւոյթ դարձած եւ Թուրքիոյ մէջ՝ կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան զանգուածային յանցագործութիւններուն. «… Հաւաքական խելագարութիւնը, հաւաքական բռնութիւնը եւ հաւաքական անառակութիւնը, զորս պարտադրուած են մեզի 1915-ի յանցանքներէն ետք, դարձած են մեր կենսակերպը։ Այժմ մենք անսահման բռնութիւն եւ անառակութիւն ունինք ամենուրեք, մեր տուներուն, զօրանոցներուն, աշխատավայրերուն, հիւանդանոցներուն, բոլոր ասպարէզներուն մէջ, քաղաքականութենէն մինչեւ լրատուական միջոցներ՝ մարդկանց, կենդանիներու, բնութեան, քաղաքներու, մշակոյթի, ամէն բանի դէմ։ Անօրէնութիւնը, անպատժելիութիւնը, անարդարութիւնը եւ անտարբերութիւնը եւս ամենուրեք են»։
 
Աքթար Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը կը նկարագրէ որպէս Թուրքիոյ վրայ շարունակուող «անէծք», որ պատճառ դարձած է թրքական հասարակութեան մէջ առկայ բազմաթիւ չարիքներու. «Որոշակի շիզոֆրենիա, որ կը ստիպէ անմիջապէս մոռնալ եւ միւսներուն եւս կը ստիպէ մոռնալ՝ հասցուած բռնութիւնը։ Ասիկա ընդհանուր հիւանդութիւն է, որ կը գերազանցէ սովորական ամէնօրեայ քաղաքականութեան պատրանքը: Այսուամենայնիւ, անցեալի բռնութիւններու ճնշուած յիշողութիւնները կը պահպանուին հասարակութեան ենթագիտակցութեան մէջ՝ աւելի շատ բռնութիւն ստեղծելով, փորձելով մեր խելագարութեան սահմանները։ Այնպէս որ, փորձելով մոռնալ չարիք մը՝ մենք նորը կը ստեղծենք…: Գուցէ սա հասարակութեան անէծքն է, որ կը ստիպէ հրաժարիլ կամովին՝ դէմ յանդիման գտնուելէ իր անցեալի բռնութեան հետ՝ ակամայ դիմակայելով ամէնօրեայ բռնութիւնը՝ իր բոլոր աղէտաբեր հետեւանքներով»։
 
Իր գթասիրտ, մարդասիրական ​​յօդուածի վերջաւորութեան Աքթար կը վերատեղադրէ իր մէկ այլ հզօր յօդուածը, զոր ան գրած էր «Թարաֆ» թերթին մէջ մինչեւ 2015՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ. թրքական իշխանութիւնները յօդուածը ջնջած են կայքէջէն։
 
Աւելի կանուխ գրուած իր յօդուածին մէջ փրոֆ. Աքթար նաեւ կ՛ընդունի, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող չարիքները, թրքական հասարակութիւնը պայմանաւորած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անէծքներով. «Ով գիտէ, մեզ հետապնդող բոլոր չարիքները, անվերջ զանգուածային սպանութիւնները եւ այս դժբախտութիւններէն դուրս գալու մեր անկարողութիւնը, գուցէ պայմանաւորուած  են դարաւոր անէծքով եւ դարաւոր սուտով։ Ի՞նչ կը կարծէք։ Սա, թերեւս, նզովքն է հայերու, մանուկներու, կիներու եւ տղամարդոց, որոնք նահատակուեցան հառաչանքով եւ թաղուեցան առանց դագաղի։ Սա գուցէ մեր հոգիներուն մէջ յառաջացած փոթորիկներն են, որոնք ստեղծուած են տակաւին հոգեվարքի մէջ գտնուող ուրուականներու՝ մեր բոլոր դժբախտ քաղաքացիներու, ներառեալ յոյներու եւ սուրիացիներու, իսկ հետագային ալեւիներու եւ քիւրտերու կողմէ։ Հաւանաբար, 1915 թուականէն ի վեր կոտորածները, որոնք տակաւին հաշուի չեն առնուած եւ անոնց համար մինչեւ այսօր չվճարուած գինը այժմ տարբեր տեղերու մէջ մեր թոռներն են, որ կը վճարեն։ Անիծուած ենք՝ խլուած, գողցուած կեանքերու, թալանուած տուներու, աւերուած եկեղեցիներու, բռնագրաւուած դպրոցներու եւ բռնազաւթուած ունեցուածքի համար…: «Թող Աստուած տայ, որ այս բոլորին համար վճարես քու գալիք բոլոր սերունդներովդ»… Արդեօք մենք կը վճարե՞նք մինչեւ օրս կատարուած ամբողջ անարդարութեան գինը։ Արդեօք փոխ հատուցումը կը դրսեւորուի այն յօժարակամութեա՞մբ, որ չենք կրնար առ երես գալ մեր անցեալի մեղքերուն հետ, կա՞մ այնպիսի անբարեխիղճ ձեւով, որ դարձած է մեր սովորութիւնը՝ անարդարութեան նկատմամբ մեր երկարատեւ հանդուրժողականութեան պատճառով։ Կը թուի, թէ մեր հասարակութիւնը մէկ դարու ընթացքին քայքայուած է՝ թարախակալելով ամբողջ շրջապատը»:
 
Երբ թուրք ղեկավարները ընդունին իրենց նախնիներուն կատարած զանգուածային յանցագործութիւնները եւ հատուցում կատարեն, ինչպէս կ՛առաջարկէ փրոֆ. Աքթար, ապա միայն այն ատեն Հայաստան եւ Թուրքիա կրնան դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել, եւ միայն ատկէ ետք է, որ այս երկու երկիրները կրնան անցեալը ետեւ ձգել։ Թող Ալլահին օրհնութիւնը այս արդարամիտ թուրքին եւ անոր աստուածային արդարութեան հետապնդման վրայ ըլլայ…
 
 
 
 
Յարութ Սասունեան        
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ