Էրտողան դատի տուած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին tweet ըրած ընդդիմադիր գործիչը
01-02-2018 16:48:57 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան դատի տուած է գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան» (CHP) Պոլսոյ տարածքային կառոյցի ղեկավար Ճանան Քաֆթանճըօղլուն՝ պահանջելով 700 հազար լիրա (շուրջ 185.000 տոլար) հատուցում:
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Պոլսոյ հանրապետական դատախազութիւնը Էրտողանի դիմումին հիման վրայ Քաֆթանճըօղլուի նկատմամբ՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական կառոյցները նսեմացնելու եւ նախագահը վիրաւորելու մեղադրանքով հետաքննութեան ձեռնարկած է:
Ընդդիմադիր գործիչը վերջերս նշանակուած էր իր կուսակցութեան Պոլսոյ կառոյցի ղեկավար: Էրտողան այս առիթէն օգտուելով Յունուար 16-ին խստօրէն քննադատած էր Քաֆթանճըօղլուն, անոր «Tweeter»-ի էջին ըրած արձանագրութիւններէն առանձնացնելով յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրութիւնը:
“Որո՛ւն ձեռքերուն մնացած է Մուսթաֆա Քեմալի կուսակցութիւնը” հեգնած էր Էրտողան շարունակելով. “Ան (Քաֆթանճըօղլուն - Խմբ.), Հայոց ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը գործածելով նսեմացուցած է մեր ազգն ու պատմութիւնը։ Պետութիւնն ալ մարդասպան անուանած է”։
Նշենք, որ Քաֆթանճըօղլու Հայոց ցեղասպանութեան մասին խնդրոյ առարկայ արձանագրութիւնը կատարած էր 2012 Ապրիլ 24-ին: Ան «Tweeter»-ի վրայ գրած էր. «Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան օրն է։ Մենք այսօր Թաքսիմի մէջ կ՚ոգեկոչենք կոտորուած մեր հայ քաղաքացիներուն յիշատակը»։