Յարութ Սասունեան.Էրտողան Սպառնալիք Է Աշխարհի Համար. Պէտք Է Կանգնեցնել Զայն, Քանի Ուշ Չէ


Յարութ Սասունեան.Էրտողան Սպառնալիք Է Աշխարհի Համար. Պէտք Է Կանգնեցնել Զայն, Քանի Ուշ Չէ

  • 28-02-2018 11:58:41   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեծ սպառնալիք դարձած է իր սեփական ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ շատերու համար: Վերջին տարիներու անոր գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները պէտք է լրջօրէն անհանգստացնեն անոր դրացիներն ու ամբողջ աշխարհը:
 
Միջազգային հանրութեան կողմէ անտեսուած վերջին բռնակալը ցեղասպան դահիճ Ատոլֆ Հիթլերն էր, որ սանձազերծեց Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը՝ ներխուժելով տասնեակ երկիրներ եւ սպաննելով միլիոնաւոր մարդիկ: Ցաւօք, արեւմտեան ղեկավարները կը փորձեն գոհացնել Էրտողանը, անով իսկ ստեղծելով  հրէշ մը...: Տարօրինակ է, որ իսլամական աշխարհի մէջ ոմանք յարգանքով կը վերաբերին անոր հետ, իսկ արեւմտեան շարք մը երկիրներ Թուրքիան կը համարեն իրենց գլխաւոր դաշնակիցներէն մէկը: Աւելի վատը այն է, որ  Ռուսիա եւս կը փորձէ իր կողմ գրաւել Էրտողանը՝ Արեւմուտքէն եւ ՆԱԹՕ-էն հեռացնելու համար զայն:
 
Էրտողանի անհաւասարակշիռ հոգեվիճակին մէկ վառ օրինակն է անոր հրապարակային տարօրինակ յայտարարութիւնը, որ տեղադրուած է Թուրքիոյ նախագահի կայքէջին վրայ՝ «Թուրքիա արդարութեան համար համաշխարհային պայքարի դրօշակակիրն է» վերնագրով:
 
Առողջ դատողութեամբ ոեւէ մէկը նման խաբուսիկ յայտարարութիւն մը չէր ընէր: Թուրքիա վերջին երկիրն է, զոր կարելի է բնութագրել որպէս «արդարութէան համար համաշխարհային պայքարի դրօշակակիր»: Ինչպէ՞ս կրնայ Էրտողան նման այսպիսի յայտարարութիւն ընել, երբ հարիւրաւոր լրագրողներ եւ տասնեակ հազարաւոր փրոֆեսէօրներ, փաստաբաններ, դատաւորներ եւ հանրային աշխատողներ բանտարկուած են: Բացի թուրք ժողովուրդին նկատմամբ ներկայ անարդարութիւններէն, Էրտողան կը հերքէ նաեւ անցեալի զանգուածային անարդարութիւնները, ինչպէս՝ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը:
 
Փետրուարի սկիզբը, «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան Էսքիշեհիրի նահանգային խորհրդարանին մէջ, Էրտողան անամօթաբար յայտարարեց. «Թուրքիա նաեւ արդարութեան համար համաշխարհային պայքարի դրօշակակիրն է: Թուրքիա ապահով ապաստան է ճնշուածներու եւ մղձաւանջ՝ ճնշողներու համար»:  Եթէ Թուրքիա այսպիսի «ապահով ապաստան» է, ապա ինչո՞ւ բազմաթիւ թուրքեր կը փորձեն փախչիլ երկրէն եւ ապաստան խնդերել Եւրոպայի մէջ: Ինչո՞ւ թրքական կառավարութիւնը ձերբակալման հրաման կու տայ փախածներու դէմ եւ ճնշում կը գործադրէ եւրոպական երկիրներու վրայ՝ թուրք լրագրողներ, մտաւորականներ եւ իրաւապաշտպաններ Թուրքիոյ յանձնելու համար:
 
Ինքզինք կարգելով համաշխարհային ղեկավար, Էրտողան լայն ցանց մը նետած է՝ շատ միջամտութիւններ ընելով հեռու ու մօտ երկիրներու ներքին գործերուն. «Թուրքիա յոյսի աղբիւր է Խրիմի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, Թուրքիստանի [թրքական ժողովուրդ՝ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ] ճնշուածներուն եւ Կովկասի, Սարայեւոյի եւ Ափրիկէի մեր ընկերներուն համար»: Շարունակելով՝ ան կը պնդէ. «Եթէ մենք սայթաքինք, ապա Ալ Քուտսը [Երուսաղէմ] կ՛իյնայ, Պաղեստինը, Ռախինը [շրջան՝ Մեանմարի մէջ] եւ Սոմալիան կ՛իյնան»:
 
Էրտողանի ամպագոռգոռ ելոյթէն քանի մը օր անց, թուրք ընդդիմադիր լրագրող Ուզայ Պուլութ քննադատական մեկնաբանութիւն մը գրեց «Ուաշինկթըն փոսթ»ի մէջ, «Թուրքիոյ՝ բռնութեան երանգներով արտաքին քաղաքականութիւնը» վերնագրով:
 
Ուզայ յիշեցուցած է ընթերցողներուն, որ «Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հսկայական տարածքներու բռնագրաւումը եւ իսլամութեան նուաճման դրօշը տակաւին ազդեցութիւն ունին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ, ներառեալ անոր յափշտակութիւններն ու ցեղային զտումները»:
 
Յայտնի թուրք մեկնաբանը յատկապէս յիշատակած է Էրտողանի միջամտութեան քաղաքականութիւնը Հիւսիսային Սուրիոյ (Աֆրին) եւ Կիպրոսի մէջ: Ուզայ նշած է, որ Թուրքիա 1974 թուականին յափշտակելով Հիւսիսային Կիպրոսը, ներկայիս կը սպառնայ Կիպրոսի մնացած հատուածին: Էրտողան ըսած է. «Կիպրոսի քաջութիւնը կը շարունակուի միայն այնքան, մինչեւ որ կիպրացիները տեսնեն մեր բանակը, նաւերն ու ինքնաթիռները»: Փաստօրէն Թուրքիա անտեսած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի տասնեակ բանաձեւերը, որոնք կը պահանջեն թրքական զօրքերու հեռացումը Հիւսիսային Կիպրոսէն:
 
Էրտողան նաեւ նախազգուշացուցած է եւրոպական ընկերութիւնները, որոնք կազի հանքավայրեր կը հետազօտեն Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի եւ Կիպրոսի տարածքային ջուրերուն մէջ: Փետրուար ամսուան սկիզբը Ուզայ գրած է. «Թրքական ռազմանաւերը արգելափակած են իտալական ENI ուժանիւթի ընկերութեան պատկանող նաւասարքը՝ Կիպրոսի ջուրերուն հասնելու եւ կազի հետազօտման աշխատանքները սկսելու համար»:
 
Էրտողան խոստովանած է իր յափշտակիչ քաղաքականութիւնը՝ զուգահեռներ գծելով Աֆրինի, Կիպրոսի եւ Եգէեան ծովու յունական կղզիներու միջեւ, որոնք յաճախ թիրախ կը դառնան թրքական սպառնալիքներու եւ պահանջներու: Էրտողան լկտի կերպով յայտարարած է. «Մեր իրաւունքները նոյնն են՝ ինչպէս Աֆրինի, այնպէս ալ Եգէեան ծովու եւ Կիպրոսի մէջ: Երբեք չմտածէք, որ բնական կազի հետազօտումը Կիպրոսի ջուրերու եւ շահագործման փորձերը Եգէեան ծովու մէջ դուրս կը մնան մեր ռատարներէն»:
 
Թուրք միապետի գլխաւոր խորհրդականներէն Եիկիթ Պուլութ, աւելի ծայրայեղ քայլերու դիմելով, յոխորտանքով սպառնացած է Յունաստանի՝ կապուած վերջինիս Իմիա կղզիին, զոր թուրքերը կ՛անուանեն «Քարտաք»: Ան սպառնացած է. «Աթենք աւելի՛ կ՛արժանանայ Թուրքիոյ ցասումին, քան Աֆրին: Մենք կը կոտրենք ձեռքերն ու ոտքերը վարչապետի [Յունաստանի] եւ ոեւէ նախարարի, որոնք կը համարձակին ոտք դնել Եգէեան ծովու Քարտաք կղզին: Այս տարածաշրջանին մէջ չկայ զինուած ուժ մը, որ կարենայ դիմակայել թրքական զինուած ուժերը: Այնպէս որ, բոլորը պէտք է իրենց տեղը գիտնան: Բոլոր կայսերապաշտները կը համաձայնին, որ այս հողի վրայ բոլորը թուրքեր են եւ այս հողի վրայ ապրող ազգը իսլամական «ումմա» [ազգ] է, եւ անոնք կը համբուրեն այն ձեռքը, զոր չեն կրնար կտրել»:
 
Մեկնաբան Ուզայ տեղեկացուցած է, որ Էրտողան անձամբ սպառնացած է Կիպրոսի՝ եւս մէկ ռազմական ներխուժմամբ. «Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մենք խափանեցինք դաւադրութիւնները [Սուրիոյ մէջ] «Եփրատի վահան» եւ «Ձիթենու ճիւղ» գործողութիւններու միջոցով, եւ շուտով Մանպիճ եւ այլ շրջաններու մէջ, այնպէս ալ կրնանք եւ կը խափանենք դաւադրութիւնները բոլոր անոնց, որոնք սխալ հաշուարկներ կ՛ընեն մեր հարաւային սահմաններու գծով: Մեր ռազմածովային եւ օդային ուժերը աչալրջօրէն կը հետեւին տարածքին՝ որեւէ պահու միջամտելու համար»:
 
Թուրքիոյ դրացիները պէտք է տեղեակ ըլլան, որ Էրտողան մտադիր է վերականգնելու օսմանեան տարածքները: Ան բացայայտօրէն սպառնացած է. «Անոնք, որոնք կը կարծեն, որ մեր սրտերէն ջնջած ենք այն հողերը, որոնցմէ մենք հարիւր տարի առաջ հեռացած ենք արցունքոտ աչքերով, չարաչար կը սխալին»:
 
Իր յօդուածի աւարտին Ուզայ արդարացիօրէն կը մատնանշէ, որ հիմնականին մէջ արեւմտեան երկիրներն են պատասխանատու՝ Էրտողանի չվերահսկուող վարքագիծին. «Միջազգային անտարբերութիւնը՝ ի պատասխան թրքական  յարձակողականութեան, կը խրախուսէ Էրտողանը՝ Արեւմուտքի այսպէս կոչուած «դաշնակից» նախագահին, սպառնալու Կիպրոսին ռազմական յարձակումով մը եւս...: Այն, ինչ որ թոյլ կու տայ Էրտողանի՝ ազատօրէն ճախրել իր ահաբեկող հռետորաբանութեամբ եւ մշտական թշնամանքով, Արեւմուտքի ակնյայտ թուլութիւնն  ու շփոթանքն են՝ թրքական բռնազբօսիկ գերակայութեան դիմաց»:
 
Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ