Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի՝ Սուրիոյ Վրայ Ռմբակոծումէն Ամէնէն Աւելի Տուժողը Թուրքիան Է.Յարութ Սասունեան


Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի՝ Սուրիոյ Վրայ Ռմբակոծումէն Ամէնէն Աւելի Տուժողը Թուրքիան Է.Յարութ Սասունեան

  • 18-04-2018 20:07:14   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Մինչ մեկնաբաններու մեծ մասը կեդրոնացած է Սուրիոյ մէջ ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական թիրախային ռմբակոծումի պատճառներուն եւ հետեւանքներուն վրայ, միայն շատ քիչերը կը գիտակցին, որ այս յարձակման ի հետեւանք՝ ամէնէն աւելի տուժողը Թուրքիան պիտի ըլլայ:   
 
Երկու շաբաթ առաջ, երբ նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ «շատ շուտով» իր զինուորները դուրս պիտի բերէ Հիւսիսային Սուրիայէն, թրքական կառավարութիւնը հրճուանքի մէջ էր: Թրքական ներխուժումը՝ Աֆրին, նպատակ կը  հետապնդէր ընդլայնել Մենպիճի եւ ամբողջ Հիւսիսային Սուրիոյ բռնագրաւումը՝ այդ շրջանէն քիւրտ զինեալները դուրս մղելու համար: Թրքական զօրքերու ճամբուն վրայ  կանգնած միակ խոչընդոտը ամերիկեան զինուած ուժերն էին՝ Մենպիճի շրջանին մէջ իրենց 2000 զինուորներով: Ամերիկեան զօրքերու վրայ յարձակուելու թրքական յաճախակի սպառնալիքները չէին վախցուցած Միացեալ Նահանգներու հրամանատարներուն, որոնք հաստատակամ էին տեղւոյն քրտական բնակչութեան պաշտպանութեան գործին մէջ:
 
Երկու շաբթուան ընթացքին Թրամփ փոխեց իր դիրքորոշումը՝ Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու անյապաղ հեռացման գծով: Ուաշինկթընի եւ Փարիզի վերջին զեկոյցներուն մէջ կը նշուի, որ Փենթակոն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն «համոզած» են նախագահ Թրամփը՝ մինչեւ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծումը Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը Սուրիոյ մէջ պահելու, եւ կամ ամերիկեան ուժերը՝ արեւմտեան եւ արաբական այլ երկիրներու կողմէ փոխարինելու առումով: Թուրքիոյ ղեկավարները եւս հիասթափուած էին, որ նախկին պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսըն՝ պաշտօնանկութեան պատճառով չէր կրնար պահել Էրտողանի տուած իր այն խոստումը, ըստ որուն՝ ամերիկեան զօրքերը շուտով պիտի հեռանան Հիւսիսային Սուրիայէն:
 
Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու կեցութեան պատճառով կը սահմանափակուի Թուրքիոյ կարողութիւնը՝ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական զինեալներու վրայ յարձակելու: Հակառակ իր խենթ պոռթկումներուն՝ Էրտողան չի պատրաստուիր թիրախ դարձնել Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը, կամ, ինչպէս ինք կը նկարագրէ՝ «օսմանեան ապտակ հասցնել ամերիկացիներուն»...: Այսպիսով, Դամասկոսի մօտերը գտնուող Տումայի մէջ քաղաքացիներու վրայ Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ քիմիական յարձակումներու անհիմն մեղադրանքները հաւանաբար կազմակերպած էին անոնք, որոնք կը փափաքէին կանխել ամերիկեան զօրքերու հեռացումը Հիւսիսային Սուրիայէն՝ մեծ ցաւ պատճառելով Թուրքիոյ...: Հետաքրքրական է, որ ռմբակոծումէն քիչ առաջ, Թրամփ իր ելոյթին մէջ ոչ մէկ խօսք ըսաւ այն մասին, թէ ինչպիսի ապացոյցներ ունի քիմիական յարձակման համար Սուրիոյ վարչակազմի պատասխանատուութեան առնչութեամբ:
 
Ի դէպ, Սուրիոյ ռմբակոծումը հակասական արձագանգներ յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ: Թէեւ Էրտողան դժգոհ էր Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու կեցութենէն, սակայն հրճուանքի մէջ էր՝ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի յարձակումներէն, քանի որ Թուրքիա կը փափաքէր թուլցնել սուրիական վարչակարգը եւ տապալել նախագահ Պաշշար Ասատը: Սակայն, ռմբակոծումը այսպիսի նպատակ չէ ունեցած, ինչպէս որ նախագահ Թրամփ յարձակումէն ետք գրած է իր թուիթըրեան էջին մէջ՝ «Առաքելութիւնը աւարտած է»...: Բոլորը, բացառութեամբ Էրտողանի, համաձայն են, որ նախագահ Ասատ կը տիրապետէ իրավիճակին, Սուրիոյ ճգնաժամին մէջ, եւ թէ անոր տապալումը միայն կը նպաստէ տիրող իրավիճակի վատթարացման՝ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի մէջ...
 
Սուրիան ռմբակոծելու թրքական գովասանքի բացասական հետեւանքը՝ յարաբերութիւններու վատթարացումն էր Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ, որոնք նախագահ Ասատի հաւատարիմ պաշտպաններն են եւ այդ հարուածները խիստ քննադատողները: Բացի ատկէ, Էրտողան ինքն իրեն դէմ թշնամացուցած է իր ներքաղաքական ընդդիմութիւնը եւ թրքական հասարակութեան մեծ հատուած մը, որոնք վրդոված են՝ եղբայրակից մահմետական երկիրի մը վրայ արեւմտեան երկիրներու յարձակումներուն պատճառով:
 
Թուրքիա նաեւ դժգոհ է, որ նախագահ Թրամփ յարձակումէն առաջ իր ելոյթին մէջ որպէս «մեր բարեկամներ» յիշատակած է «Սէուտական Արաբիան, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները, Քաթարը եւ Եգիպտոսը»՝ անտեսելով ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիան՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ անոր մերձեցման պատճառով:
 
Հետաքրքրական է, որ Թրամփ իր ելոյթին մէջ քննադատած է Ռուսիան եւ Իրանը. «Ինչպիսի՞ պետութիւններ կը փափաքին կապուած ըլլալ անմեղ մարդոց, կիներու եւ մանուկներու զանգուածային սպանութիւններու հետ: Աշխարհի պետութիւնները կարելի է դատել անոնց բարեկամներով: Վերջիվերջոյ, ոչ մէկ ազգ կրնայ յաջողութեան հասնիլ՝ աջակցելով ստոր պետութիւններու, դաժան բռնակալներու եւ արիւնարբու բռնապետներու»: Ցաւալի է, որ Ապրիլ 24-ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրէին, Թրամփ կը յարձակի այլ երկիրներու վրայ, որոնք կ՛ընկերակցին արիւնարբու պետութեան՝ անտեսելով այն փաստը, որ  Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը Թուրքիան է: Երկիր մը, որ կը ժխտէ 1.5 միլիոն հայերու սպանդը եւ կը պաշտպանէ իրեն նախորդող՝ քրէական օսմանեան վարչակարգը, որ իրականացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի խօսքերը. «Կեղծաւո՛ր, նախ հանէ՛ քու աչքէդ գերանը, ապա միայն կը կարողանաս յստակ տեսնել՝ եղբօրդ աչքէն շիւղը հանելու համար»։  
 
Ինչպէս որ գրած էի տարի մը առաջ, երբ նախագահ Թրամփ «Թոմահաւք»  տեսակի  հրթիռներ արձակած էր Սուրիոյ վրայ, ան պարզապէս հարուածած էր Սուրիան՝ ամերիկեան հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու համար՝ սեռային բազմաթիւ  անբարոյականութիւններէ, ապօրինութիւններէ եւ Ռուսիոյ հետ իր գաղտնի յարաբերութիւններու կապուած քննութիւններէ:
 
Ի վերջոյ, Թրամփ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ եւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն խախտած են իրենց երկիրներուն սահմանադրութիւնները՝ պատերազմելով մէկ այլ ինքնիշխան պետութեան դէմ, առանց ստանալու իրենց օրէնսդիր մարմիններուն համաձայնութիւնը:
 
 
 
 
Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ