»ԱՐԴԵՕՔ ՀԱՅԵՐԸ, ՅՈՅՆԵՐԸ ՈՒ ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԻԶՄԻՐ ՔՇԵԼՈՎ ԾՈՎ ԹԱՓԵ՞Լ<br /> ԿԸ ՑԱՆԿԱՔ«


»ԱՐԴԵՕՔ ՀԱՅԵՐԸ, ՅՈՅՆԵՐԸ ՈՒ ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԻԶՄԻՐ ՔՇԵԼՈՎ ԾՈՎ ԹԱՓԵ՞Լ
ԿԸ ՑԱՆԿԱՔ«

  • 07-10-2010 20:39:14   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՄԱՐՄԱՐԱ Շարժանկարի նշանաւոր քննադատ Աթիլլա Տորսայ Կիրակիի Սապահ-ի իր սիւնակին մէջ ուշագրաւ յօդուած մը հրատարակած էր Անիի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած նամազի արարողութեան առընչութեամբ։ »Այս երկիրը սիրել, բայց ի՞նչպէս« խորագրեալ յօդուածին մէջ Տորսայ դիտել կուտար որ ամէն մարդ իր հայրենիքը սիրելու ձեւ մը ունի, բայց երկիրը սիրել՝ կը նշանակէ զայն գրկել ամբողջ իր անցեալով միասին, արժեւորել անոր բնական գեղեցկութիւններէն մինչեւ մարդիկը։ Հայրենասէր էք եթէ, չէք կրնար ձեր երկրին անցեալին մէկ մասը սրբել-նետել, չէք կրնար փոխել պատմութեան գնացքը։ Ահա ա՛յս է որ չեն կրնար ընել ծայրայեղ ազգայնապաշտները, կը գրէ Տորսայ։ Եթէ հայրենիք ըսուի, անոնք անմիջապէս թուրք ըլլալու մասին կը մտածեն։ Մինչդեռ այս երկիրը այնպիսի երկիր մըն է որ ...։ Անատոլուն ինչե՜ր տեսեր է պատմութեան տեւողութեանը ընթացքին։ Քաղաքակրթութիւններու օրրան մը եղեր է, քաղաքակրթութիւններու տողանցքի մը թատերաբեմը դարձեր է։ Եւ եկող գացող ամէն ժողովուրդ իր հետքերն ու իր ստեղծագործութիւնները թողեր է։ Իրական թուրք ազգայնապաշտութիւնը<Ո«նշուշտ կը նշանակէ այդ բոլորը միասնաբար գրկել, բոլորին տէր կանգնիլ։ Սինանին մզկիթներուն չափ սիրել նաեւ Այա Սօֆիան, Սելճուքեան գէրվանսարայներուն չափ սիրել նաեւ հայոց եկեղեցիները, Նէմրութի թագաւորական գլուխներու չափ սիրել նաեւ Ուրարտական բերդերը։ Տորսայ ապա սապէս կը շարունակէ. Անտարակոյս ակնարկութիւնս կ’երթայ անցեալ Ուրբաթ Անիի աւերակներուն մէջ Մէ-Հէ-Փէի առաջնորդութեամբ մատուցուած նամազին։ Իրականութեան մէջ լաիք գաղափար մըն էր։ Ագտամարի մէջ մատուցուած պատարագէն վերջ այս անգամ հայկական մայրաքաղաք մը եղած Անիին մէջ, Ալփասլանին կողմէ մզկիթի փոխակերպուած կառոյցին մէջ 2000 հոգիով նամազի կանգնիլ։ Ինչո՞ւ չըլլայ։ Անիկա մեր պատմութեան տեսակէտէ ալ սուրբ տեղ մըն է։ Իսլամ կրօնքի համաձայն նամազը ամէն տեղ կարելի է մատուցանել։ Մնաց որ այս անգամ թուրք ու միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կարելի էր հրաւիրել Անիի աւերակներուն վրայ։ Բայց ի՞նչ ըսել Տէվլէթ Պահչէլիի հակասական խօսքերուն։ Մէկ կողմէ ըսել որ մեր ազնիւ նախահայրերը<Ո«՛չ մէկուն ազգութիւնն ու արմատը հարցուց, ո՛չ մէկուն կրօնքովը հետաքրքրուեցաւ, խտրականութեան մը կարիքը չզգաց, միւս կողմէ լեզուին փաթթել Սումէլայի ու Ագտամարի արարողութիւնները եւ ըսել որ եթէ պէտք ըլլայ դարձեալ ճամբայ կ’ելլենք նուաճելու համար։ Ի՞նչ է այս նուաճելու հարցը, ո՞ր վայրը պիտի նուաճէք։ Արդեօք կողմնակից չէ՞ք որ այս երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները իրենց մայրենի լեզուն խօսին, իրենց պաշտամունքը ընեն ազատօրէն։ Արդեօք սա մնացեալ յոյները, հայերն ու հրեաները քշել տանելով Իզմիրի ծովուն մէջ թափե՞լ կը ցանկաք։ Մարդու իրաւունք կոչուածը ամբողջութիւն մըն է։ Ձգեցէք այսօրուան իշխանութիւնները, Օսմանցին անգամ ասիկա աւելի լաւ հասկցած ու գործադրած էր։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը