ՏԷՎԼԷԹ ՊԱՀՉԷԼԻ ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ ՆԱՄԱԶ<br /> ՊԻՏԻ ԸՆԷ


ՏԷՎԼԷԹ ՊԱՀՉԷԼԻ ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՄԷՋ ՆԱՄԱԶ
ՊԻՏԻ ԸՆԷ

  • 28-09-2010 18:47:26   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՄԱՐՄԱՐԱ Հաւանաբար Աղթամարի արարողութեան դէմ հակազդեցութիւն մըն է այն որոշումը, ըստ որու Մէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլի 40 կուսակցական նահանգային նախագահներու ընկերակցութեամբ 1 Հոկտեմբերին Կարս պիտի երթայ ու Անիի Աւերակներուն մէջ նամազի աղօթք պիտի ընէ։ Այս կերպով Մէ-Հէ-Փէ առաջին քայլը առած պիտի ըլլայ ընտրարշաւի գետնի վրայ։ 1 Հոկտեմբերը Ազգային Խորհրդարանի բացման թուականն է, բայց այս տարի Մէ-Հէ-Փէն հոն պիտի չըլլայ բացման ընթացքին, այլ գացած պիտի ըլլայ Կարս։ Տէվլէթ Պահչէլի ու իր կուսակիցները Անիի աւերակներու Ֆէթհիյէ մզկիթին մէջ նամազի աղօթք պիտի մատուցանեն։ )Դիտել կը տրուի որ Ֆէթհիյէ մզկիթը Հայոց նախկին Մայր Տաճարն է_։ Այս առթիւ ձայնային թէքնիք պատրաստութիւններն ալ լրացած պիտի ըլլան մինչեւ այդ թուականը։ Օքթայ Աքթաշ սարքուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ որ Կարս գալու ու հոս նամազի աղօթք ընելու պատճառն այն է թէ 1064 թուականին Սուլթան Ալփասլան առաջին անգամ Կարսէն է որ Անատոլու մտաւ ու սկսաւ Անատոլուն գրաւել։ Ալփասլան վար առաւ Մայր Եկեղեցիին խաչը ու հոն մատուցանեց առաջին Ուրբաթի նամազը։ »Մեր կուսակցապետին հոս գալ ու նամազ մատուցանելը պատգամ մը պիտի ըլլայ բովանդակ աշխարհին համար« ըսաւ Աքթաշ։ Մշակոյթի Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ, երբ այս մասին հարցուեցաւ իր կարծիքը, ըսաւ որ կը կարծէ թէ սահմանադրութիւնը չ’արտօներ որ այս կուսակցութիւնը կամ որեւէ կուսակցութիւն կրօնական շահագործումի առարկայ դարձնէ քաղաքական հարցերը։ »Բայց պաշտամունք ընելու անհատական իրաւունքի նկատմամբ յարգանք կը զգամ« ըսաւ Կիւնայ զգուշաւոր ոճով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը