ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՑՈՅՑ ՏՐՈՒԵՑԱՒ<br /> ՏՐՑԱԿ ՄԸ ԹԱՓՈՒ


ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՑՈՅՑ ՏՐՈՒԵՑԱՒ
ՏՐՑԱԿ ՄԸ ԹԱՓՈՒ

  • 28-09-2010 18:45:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՄԱՐՄԱՐԱ Աղթամարի արարողութենէն ետք յայտնի յօդուածագիր մըն ալ, որ այս մասին գրեց, Պասքըն Օրանն էր, որ »Րատիքալ«ի մէջ իրերայաջորդ յօդուածներով իր ականատեսի տպաւորութիւնները փոխանցեց իր ընթերցողներուն։ Ան կը պատմէր Վանի կուսակալ Գարալօղլուի հետ ունեցած իր տեսակցութիւնը։ Թէ ինչո՞ւ խաչը տեղադրուած չէր, Կուսակալը կը պատասխանէր որ նորոգութեան ընթացքին խելք չէին ըրած տեղադրել 140 քիլօ ծանրութիւն ու երկու մեթր հասակ ունեցող խաչը։ Իրենք ալ թէքնիք տեսակէտէ չկրցան հասցնել, մէկ երկու ամիսէն կը կարծէ որ խաչը իր տեղը դրուած կ’ըլլայ։ Կարեւոր հարց մըն էր իրենց տուներուն մէջ հիւրերը ընդունիլ ուզողներու հարցը։ Կազմակերպիչներէն Ֆէրիտ Հայվա կ’ըսէր որ տուն բանալու այս խնդրին մէջ քիչ մը աճապարեցին, որովհետեւ այս խնդիրը փափուկ հարց էր, միակ անախորժ դէպք մը ամբողջ գործընթացը կրնար խանգարել, տան տիրոջ ալ խօսք կրնար գալ։ Ամէնէն կարեւոր կէտերէն մէկն ալ այն է թէ լաւ պիտի ըլլայ որ սահմանը բացուի, բայց տեղւոյն ղեկավարները կը պատմեն նաեւ որ անցեալները երբ Երեւան գացին, մարդուն մէկը տրցակ մը թափու բերաւ ու ցոյց տուաւ իրենց։ »Մեր պատուիրակութեան անդամներէն մէկուն կալուածն ալ այդ թափուներուն մէջն էր«, կ’ըսէ Ֆէրիտ Հայվա։ Պասքըն Օրան իր շարունակական յօդուածին երկրորդ մասին մէջ կը յայտնէ թէ Աղթամարի արարողութիւնը նոր թապու մը կը փլցնէր երկրին մէջ։ Թապուներու փլուզումը երկու տեսակ ազդեցութիւն կը գործէ։ Առաջինը՝ տօմինոյի ազդեցութիւնն է, այսինքն ամէն թապու ուրիշ թապու մըն ալ կը փլցնէ ու այսպէս իրերայաջորդ կերպով։ Երկրորդն ալ այն է թէ ի վերջոյ փլուզումի կ’ենթարկուի ո՛չ միայն թապուն, այլ նաեւ այդ թապուին ծնունդ տուող մտայնութիւնը։ Զարմանալի է որ երկիրն ալ չի փճանար այդ թապուներուն փլցուած ըլլալուն պատճառաւ, մինչդեռ այդ նոյն մտայնութիւնը առաջին օրէն ի վեր կը պնդէր թէ երկիրը կը փճանայ եթէ այս թապուները փլցուին։ Պաքսըն Օրանի ուրիշ մէկ դիտարկումը հետեւեալն է. Աղթամարը յատկանշական Ա-ԳԷ-Փէական արարք մըն է։ Ա-Գէ-Փէ քաջութեամբ կ’իրագործէ անկարելի կարծուած գործեր, բայց կիսատ կը թողու զանոնք։ Մեծ քաջութեամբ ստորագրեց Հայաստանի փրոթոքոլները, բայց յետոյ խնդիրը սառեցուց։ Աղթամարի խնդրին մէջ ալ քաջութեամբ շարժեցաւ, բայց յետոյ վախցաւ ու խաչը չկրցաւ դնել, այս պատճառաւ ալ երկու կողմերուն ալ չկրցաւ հաճոյ թուիլ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը