ԱՂԹԱՄԱՐ՝ ԱՌԱՆՑ ԽԱՉԻ, ԲԱՅՑ ՀԱՅԵՑԻ ԼԱՑՈՎ ՈՒ ՅՈՒԶՈՒՄՈՎ


ԱՂԹԱՄԱՐ՝ ԱՌԱՆՑ ԽԱՉԻ, ԲԱՅՑ ՀԱՅԵՑԻ ԼԱՑՈՎ ՈՒ ՅՈՒԶՈՒՄՈՎ

  • 28-09-2010 18:40:07   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՄԱՐՄԱՐԱ Վանայ Լիճը 95 Տարի Վերջ Կրկին Լսեց Հայ Հոգեւորականներու Աղօթքը Ծ. ԽՄԲ.- Հայաստանցի յայտնի ու կարող լրագրող Թաթուլ Յակոբեան, որ »Սիվիլիթաս« հիմնադրամի փորձագէտ է, ներկայ գտնուած էր Աղթամարի արարողութեան, բարի եղած էր նաեւ մեզի հետ կապ պահելու, նոյնիսկ քանի մը լուսանկարներ ալ տրամադրած էր մեզի։ Ան Աղթամարի արարողութեան կապակցութեամբ գրի առած է հետաքրքրական յօդուած մը, զոր մեր ընթերցողներուն կը ներկայայցնենք Արեւմտհայերէնի վերածելով։ * * * Մինչ հայ հոգեւորականները, շրջապատելով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանը, կիսաքանդ մատուռէն կը յառաջանային դէպի Ս. Խաչ տաճար, քանի մը հարիւր հայեր, գլխաւորաբար Պոլիսէն եւ Սփիւռքէն, կը պըտըտէին եկեղեցւոյ շուրջբոլորը։ Անոնք անվերջ ու անթարթ կը նայէին Վանայ լճին, մոմեր կը վառէին եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ դրուած մոմարաններու մէջ եւ կուլային։ Ս. Խաչը արժանի էր աւելի մեծ թիւով հայեր ընդունելու, աւելի մեծ թիւով արտասուողներ ու աւելի մեծ թիւով աղօթողներ ունենալու, աւելի մեծ թիւով հաւատացեալներ դիմաւորելու։ Վանայ ծովը, ծովու վճիտ կապտականաչաւուն ալիքներ արժանի էին ու կարօտ էին աւելի մեծ թիւով հայ աչքերու։ 19 Սեպտեմբերի կէսօրին սակայն ընդամէնը քանի մը տասնեակ հայեր եկած էին Հայաստանէն, քանի մը տասնեակկ՝ Սփիւռքէն, այսպէս անսալով Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Հայց. Եկեղեցւոյ Նուիրապետական աթոռներու )բացի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան_ յորդորին. այդ էր՝ այդ օր Աղթամար չերթալ եւ չմասնակցիլ իրենց խօսքերով »թրքական շով«ին։ Սուրիաբնակ »Փիւնիկ« հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեան առաջին անգամ չէ որ Աղթամար կ’այցելէր։ Ան իր տիկնոջ հետ եկած էր եւ ճիշդ կը նկատէր, որ Հայաստանէն կազմակերպութիւններ կամ պետական մակարդակով պաշտօնաներ ներկայ չէին այս Պատարագին, սակայն միւս կողմէ, բնական կը նկատէր որ անհատ հայեր աշխարհի զանազան կողմերէն եկած էին մասնակցելու հայ ժողովուրդի համար նուիրական այս վայրին մէջ մատուցուող Ս. Պատարագին։ »Մենք որեւէ ատեն պէտք է գանք հոս, մեր ուխտը պէտք է կատարենք եւ մեր մոմը պէտք է վառենք«, ըսաւ Չէմպէրճեան, որ մէկն է այն հայերէն, որոնք նուիրատուութիւն ըրած են Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութեան եւ բազմաթիւ այլ ձեռնարկներու համար։ Մոնաքոյաբնակ Տիգրան Ճիյէրճեան եւս պարբերաբար Անատոլու կ’այցելէ։ Ան իր ֆրանսուհի Տիկնոջ հետ այս վայրերուն մէջ շրջած է տակաւին 1990ականներու երկրորդ կիսուն։ »Տարիներ առաջ անկարելի էր խորհիլ որ օր մը Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Աղթամարի Ս. Խաչի մէջ։ Այսօր ասիկա իրականութիւն է, թերեւս ամբողջական չէ, բայց կարեւոր քայլ մըն է՝ հայկական ժառանգութիւնը ետ ստանալու հարցի մէջ«, ըսաւ 70ամեայ Ճիյէրճեան, որ նախօրեակին ամբողջ օրը պտըտած էր Վանայ ծովու մէջ, այցելած էր հայկական կարգ մը եկեղեցիներ, որոնք հարիւրամեայ առանձնութենէն ետք կը շարունակէին մասամբ կիսականգուն մնալ։ »Էջմիածնի հոգեւորական ուղարկելէ հրաժարիլը պատրուակ մըն էր, խնդիրը քաղաքական ենթահող ունի«, ըսաւ ան։ Աղթամարի Ս. Խաչը կառուցուած է Օսմանեան կայսրութեան հաստատումէն աւելի քան 350 տարի առաջ։ Վերջին անգամ Ս. Խաչի մէջ Պատարագ մատուցուած է 1915ին՝ Օսմանեան կայսրութեան կործանման վերջին տարիներուն, կամ 1915ի ողբերգութեան նախօրեակին։ Աւելի քան 95 տարի վերջ մատուցուեցաւ առաջին Ս. Պատարագը եւ հակառակ որ թրքական կողմը խոստացած էր խաչ զետեղել եկեղեցւոյ գմբէթի վրայ, այդ խաչը չզետեղուեցաւ։ Խաչը, որ կը պարզուի թէ ո՛չ թէ 200 քկ. է, այլ ընդամէնը 76 քկ, զետեղուած էր եկեղեցւոյ քով։ Ես ներկայ գտնուած եմ նաեւ Ս. Խաչի բացման 2007ին եւ ի տարբերութիւն, այս անգամ թրքական մեծ դրօշակ մը չէր փռուած կղզիի լանջին վրայ։ Քանի որ եկեղեցին մեծ չէ եւ կրնայ միայն 150 մարդ ընդունիլ, դուրսը զետեղուած էր հսկայ պաստառ մը, որու վրայէն կը սփռուէր Ս. Պատարագը։ Բայց այդ օր միայն Աղթամարի մէջ գտնուիլն իսկ կը բաւէր՝ զգալու այն ուժականութիւնը, որ կը տիրէր կղզիի ամբողջ տարածքի վրայ։ Հայաստանէն, բացի լրագրողներէ, ընդամէնը քանի մը տասնեակ ուխտաւորներ ներկայ էին։ Ատոր փոխարէն, Վանի նահանգապետարանը ամէն ինչ ըրած էր, որպէսզի մարդոց մեծ ներկայութիւն ապահովուի տեղացիներու ալ մասնակցութեամբ։ Պատարագի օրը մահմետական քիւրտերն ու թուրքերը քանի մը անգամ կը գերազանցէին քրիստոնեաները։ Անոնցմէ շատեր հետաքրքրութենէ դրդուելով է որ եկած էին, ուրիշներ՝ իրենց ընտանիքներու հետ պարզապէս իրենց հանգիստը կ’անցընէին Վանայ լճի, Աղթամարի եւ ծովափի մէջ։ Ազնուօրէն պէտք է խոստովանիլ որ մահմետականներ բարեացակամ տրամադրութիւն ունէին հայերու նկատմամբ եւ կը փորձէին ամէն կերպով իրենց օգնութիւնը առաջարկել։ »Սիրելի հայ բարեկամներ, բարի եկաք Վան« կ’ըսէր քաղաքի մէջ փակցուած ցուցապաստառ մը։ Սակայն որեւէ տեղ չէր գրուած որ Աղթամարի Ս. Խաչը հայկական աղօթատեղի է, չկար »հայ«, »հայկական« անունը։ Միակ բացառութիւնը Լոնտոնաբնակ պատմաբան Արա Սարաֆեանի եւ թուրք հրատարակիչ Օսման Քէօքէրի երկլեզու՝ թրքերէն ու անգլերէն գիրքի ներկայացումն էր պատարագի նախօրեակին։ Գիրքը տպուած է Թուրքիոյ մէջ եւ կը կրէ »Աղթամար. հայ միջնադարեան ճարտարապետութեան գոհարը« անունը։ Ընդ որում, գրուած էր ճիշդ »Աղթամար«, այլ ո՛չ թէ »Ագտամար«։ Պոլսահայեր համոզում ունին որ յառաջիկային Ս. Խաչի վրայ խաչը անպայման պիտի զետեղուի։ Յուսանք։ Աղթամարը, Ս. Խաչը արժանի են աւելի մեծ թիւով հայերու ներկայութեան։ Վանայ ծովը արժանի է աւելի մեծ թիւով հայ աչքերու։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը