ՀԱՅ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆԳԱՍՏՂԱՆԻ<br /> ՊԱՆԴՈԿ ԲԱՆԱԼ Կ’ՈՒԶԷ


ՀԱՅ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆԳԱՍՏՂԱՆԻ
ՊԱՆԴՈԿ ԲԱՆԱԼ Կ’ՈՒԶԷ

  • 17-09-2010 18:34:24   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Տիւնիա« թերթը կը հաղորդէ թէ Վանի 19 Սեպտեմբերի մեծ արարողութիւնը պատճառ պիտի դառնայ որ 100 միլիոնաւոր տոլարներով դրամագլուխ գայ Վան։ Վան քաղաքը, որ այս Կիրակիի արարողութեան համար տենդագին պատրաստութիւն կը տեսնէ առեւտրական շատ լայն ակնկալութիւններ ունի այս ձեռնարկէն։ Վանի առեւտրական սենեակի )Վաթսօ_ նախագահը Զահիր Գանտաշօղլու յայտնեց թէ արարողութեան համար Վան գալիք խումբին մէջ կան երկու զբօսաշրջութեան, մէկ ճարտարարուեստի նախաձեռնողներ, որոնք կը մտածեն ներդրումներ ընել Վանի մէջ։ Այս ուղղութեամբ արարողութենէն ետք հայերէ եւ թուրքերէ բաղկացած չորս գործընկերներով օդային սպասարկութեան ընկերակցութիւն մը պիտի հիմնուի։ Այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի։ Առաջին առթիւ Ամերիկայէ գալիք դրամագլուխով երկու սաւառնակներ պիտի սկսին չարթըրի թռիչք կատարել Երեւանի եւ Վանի միջեւ։ Գանտաշօղլու ըսաւ որ Հայաստանի զբօսաշրջական մեծ ընկերակցութիւններէն մէկը կ’ուզէ Վանի մէջ կառուցանել հնգաստղանի պանդոկ մը եւ ատոր համար ուզեց որ հողամաս մը առաջարկուի իրենց։ Այս կարգին աշխատանք կը տարուի որպէսզի ճարտարարուեստական մեծ ընկերակցութիւն մը արեւի ճառագայթով աշխատելու ատակ պահեստի կտորներու գործարան մը հիմնէ։ Այս առիթով դիտել կը տրուի որ Աղթամարի արարողութեան համար աւելի քան 3000 հայ այցելուներ պիտի հիւրասիրուին Վանի մէջ։ Զբօսաշրջական բոլոր կեդրոնները նորոգուեցան, 400 անկողին տրամադրուեցաւ հիւրերուն համար, ատկէ զատ, եթէ պէտք ըլլայ տեղացիները իրենց տուները պիտի բանան առանց նիւթական ակնկալութեան։ Տրուած ըլլալով որ այս արարողութիւնը պիտի դիտուի ամբողջ աշխարհի կողմէ, ասիկա պիտի նպաստէ Վանի ծանօթացման։ Գիները ցած բռնուած են։ Օդանաւի ծախսը ներառեալ, այցելութեան գինը, 2.000 եւրօ է։ Միայն թէ ընդհանուր դժգոհութիւն կայ այն մասին թէ Ալիճանի սահմանային դուռը գոնէ երկու երեք օրուան համար չբացուեցաւ եւ երկու ժամուան ճամբու փոխարէն մարդիկ այժմ պիտի ստիպուին աւելի քան հազար քիլոմեթր ճամբայ կտրել, Վան գալու համար։ Վերոյիշեալ տեղեկութիւններու ամէնէն հիմնական մասը հայ ներդրողի մը կողմէ ծրագրուած հնգաստղանի պանդոկի ծրագիրն է։ Գանտաշօղլուի համաձայն ասիկա 50 միլիոն տոլարի ներդրում մը պիտի ըլլայ։ Գանտաշօղլու կ’ըսէ որ ի վերջոյ նպատակը առեւտրական շահ է եւ ասոր համար պայման է որ սահմանները բացուին։ »Հայաստան շատ լուրջ շուկայ մըն է եւ չենք կրնար անտես առնել այս կէտը«, ըսաւ Գանտաշօղլու։ ՄԱՐՄԱՐԱ.- Շատ հետաքրքրական գտնելով հանդերձ Վանի մէջ հայու մը կողմէ հնգաստղանի պանդոկի մը կառուցման ծրագիրը, կ’ուզենք յիշեցնել որ տակաւին քանի մը տարի առաջ Վարդան անուն Ամերիկահայ մը համեստ պանդոկ մը բացած էր Վանի մէջ, սակայն տեղւոյն ղեկավարները ամէն ինչ ըրած էին որպէսզի Վարդան յուսահատի, վախնայ եւ հեռանայ Վանէն, մինչեւ իսկ պնդուած էր որ Վարդան անունը յաղթանակ կը նշանակէ եւ Ամերիկահայ Վարդան յետին նպատակներ ունէր այդ պանդոկը բանեցնելով եւ զայն Վարդան կոչելով։ Ի վերջոյ Վարդան պարտուեցաւ եւ պանդոկը փակելով Վանէն հեռացաւ։ Հիմա որքան փոխուեր են ուրեմն ժամանակները եւ որքան հակառակ ուղղութեամբ կ’ընթանան քաղաքական մեկնաբնաբանութիւնները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը