Յարութ Սասունեան. Էրտողանի Կողմնակից Հանրածանօթ Պոլսահայը Զբաղած Է Թրքամէտ Քարոզչութեամբ


Յարութ Սասունեան. Էրտողանի Կողմնակից Հանրածանօթ Պոլսահայը Զբաղած Է Թրքամէտ Քարոզչութեամբ

  • 01-10-2018 16:11:55   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Հակառակ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած հայկական մշակութային եւ կրօնական իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներուն՝ Սթամպուլի մէջ կարգ մը հայեր կը գովաբանեն թրքական վարչակարգը եւ յատկապէս անոր ֆաշիստ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը:
 
Էրտողանի կողմնակից այս փոքրաթիւ հայերը, որոնք կ՛օգտուին յատուկ արտօնութիւններէ եւ մուտք ունին բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներու մօտ, իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ տեղւոյն հայկական համայնքի շահերու պաշտպաններ: Սակայն, իրականութեան մէջ, անոնք ունին շահադիտական դրդապատճառներ: Անոնք անձնական գործարքային շահեր ունին կաշառակեր թուրք ղեկավարներու հետ, կամ կը ձգտին պահպանել իրենց ոչ արժանի դիրքերը՝ հայկական համայնքային հաստատութիւններու մէջ: Այսպիսի անհատներէն մէկը Սթամպուլի հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի վարչութեան նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն է:
 
Վերջերս, «ԱՄՆ ֆորում» թուրք-ամերիկեան թերթի լրագրող Փինար Իշիք Արտորի հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ, Շիրինօղլու շարք մը կեղծ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հայ համայնքին մասին եւ խեղաթիւրեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը:
 
Ըստ Սթամպուլի «Նոր Մարմարա» թերթին՝ Շիրինօղլուի խօսքերը «ցնցիչ էին»: Շիրինօղլու «ԱՄՆ ֆորում» թերթին ըսած է, որ հայերը երբեք նման բարեկեցիկ կեանքով չեն ապրած, ինչպէս որ կ՛ապրին Էրտողանի իշխանութեան օրով...: Ան նաեւ սխալ յայտարարութիւններ ըրած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ նշելով, որ «1915 թուականի դէպքերը կազմակերպուած էին արտաքին ուժերու կողմէ՝ Օսմանեան կայսրութիւնը կործանելու եւ տապալելու նպատակով»:
 
Ասկէ բացի, Շիրինօղլու ըսած է «ԱՄՆ ֆորում»ին. «Էրտողանէն առաջ, մենք նոյնիսկ չենք կրցած ներկել կամ վերանորոգել մեր եկեղեցիները: Մենք այդ կրցանք ընել, երբ պետութիւնը ձեւացուց, թէ չի նկատեր նման գործողութիւններ»: Շիրինօղլու բազմիցս պնդած է, որ ան բարի գործեր ըրած է Թուրքիոյ հայ համայնքին համար: Ըսած է, որ քանի մը տարի առաջ ինք տեսակցութիւն խնդրած է Էրտողանի հետ եւ անմիջապէս դրական պատասխան ստացած է: Հանդիպման ընթացքին ինք խնդրած է Էրտողանէն թոյլատրել, որ խաչ տեղադրուի Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ: Ըստ տեղեկութիւններու, ինք ըսած է Էրտողանին. «Ինչպէս որ դուք չէք կրնար մզկիթ ունենալ առանց մինարէի, այդպէս ալ կարելի չէ եկեղեցի ունենալ առանց խաչի»: Շիրինօղլու պնդած է, թէ «Էրտողան մէկ գիշերուան ընթացքին խաչ տեղադրել տուաւ Աղթամարի եկեղեցւոյ վրայ»: Եթէ Շիրինօղլու իրաւամբ այդքան ազդեցիկ էր, ապա ինչո՞ւ չէր խնդրած վերականգնել Աղթամարի կարգավիճակը՝ իբրեւ հայկական եկեղեցի, «թանգարան»ի փոխարէն,  թոյլ տալով որ կրօնական արարողութիւններ իրականացուին գէթ տարին անգամ մը...: Շիրինօղլու նաեւ անտեսած է այն փաստը, որ հայեր եւ ուրիշներ, ամբողջ աշխարհի մէջ, ներառեալ՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը, պահանջած էին խաչի տեղադրումը եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ: Այնպէս որ, միայն Շիրինօղլու չէր, որ  դիմած էր նման խնդրանքով:
 
Շիրինօղլու ժխտած է արեւմտեան զանազան զեկոյցներ, որոնք կը նշեն, թէ հայերու կրօնական իրաւունքները սահմանափակուած են Թուրքիոյ մէջ, այդ զեկոյցները անուանելով՝ «կեղծ դիպաշարեր»: 67 տարեկան Շիրինօղլու հետեւեալը ըսած է թրքական թերթին. «Իմ մանկութեան տարիներէն ի վեր հայերը որեւէ խնդիր չեն ունեցած»:
 
Երբ թուրք լրագրողը յիշեցուցած է Շիրինօղլուի, որ հայերը դժգոհ են իր  խօսքերէն, ան պատասխանած է. «Երբ չես խօսիր իրենց ուզածի պէս, անոնք թշնամաբար կը տրամադրուին: Ես կանգնած եմ պետութեան կողքին: Ես չեմ դաւաճաներ իմ սեփական երկրին: Ես հայ եմ, սակայն Թուրքիոյ հայրենակից: Մեր հաւատքը մեզի կը պատուիրէ հաւատարիմ ըլլալ պետութեան: Մեր Աստուածաշունչը նոյնը կը քարոզէ»:
 
Շիրինօղլուի ամէնէն վիճայարոյց դատողութիւնները կը վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր կատարած սխալ մեկնաբանութեան: Ան յայտարարած է, որ «կասկածներ ունի 1915ի [հայկական զոհերու] թուաքանակի վերաբերեալ: Ան աւելցուցած է, որ «այդ ժամանակաշրջանին հայերը, հրեաները եւ յոյները հարուստ էին, հետեւաբար, այդ իսկ պատճառով թշնամանք կար անոնց հանդէպ: Ներկայիս հայ բնակչութիւնը աստիճանաբար կը նուազի: Ծնելիութեան մակարդակը ցած է, մահացութեան մակարդակը՝ բարձր: Կան նաեւ խառն ամուսնութիւններ»:
 
Երբ թուրք լրագրողը հարցուցած է Շիրինօղլուի, թէ արդեօ՞ք հայերը, յոյները եւ հրեաները համակարծիք են իրեն, Շիրինօղլու դրական պատասխան տուած է եւ աւելցուցած. «Մենք համաձայն չենք միայն 1915ի դէպքերու կապակցութեամբ: Յոյն Պատրիարք Բարդուղիմէոս ունի վերապահ եւ սկզբունքային դիրքորոշում, նաեւ պետութեան վերաբերեալ: Հրեաները նոյնպէս, կը սիրեն պետութիւնը, սակայն անոնք եւս սկզբունքային են: Անոնք չեն հրաժարիր իրենց սկզբունքներէն: Հոս ապրող հրեաները թէեւ չեն դաւաճաներ Թուրքիոյ, բայց կապուած են Իսրայէլի»:
 
Վերջաւորութեան, Շիրինօղլու պատասխանած է վերջերս տեղի ունեցած թրքական լիրայի արժեզրկման մասին: Կրկնելով՝ հարցումին տրուած  Էրտողանի նոյն պատասխանը, Շիրինօղլու մեղադրած է արտաքին ուժերը՝ «թրքական տնտեսութեան դէմ այս խաղը» կազմակերպելնուն համար: 
 
Առաջին անգամը չէ, որ Շիրինօղլու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նման յայտարարութիւններ ըրած է: Օրինակ, 2010ին, վարչապետ Էրտողանի հետ տեսակցութենէ ետք ան թրքական լրատուական միջոցներուն ըսաւ, որ «1915ը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ երրորդ կողմի հրահրած թշնամանք՝ երկու զիրար սիրող բարեկամներու միջեւ»: Ան աւելցուցած է, որ իր «մեծ հայրը զոհերու շարքին  էր, սակայն այդ զոհերուն մէջ նաեւ շատ թուրքեր կային»:
 
Տակաւին 2010ին էր, որ պոլսահայերը դիմում ներկայացուցած էին՝ յայտարարելով, որ Շիրինօղլու իրենց առաջնորդը չէ եւ չի ներկայացներ հայկական համայնքը: Շիրինօղլուի յայտարարութիւններէն զայրացած՝ դիմումը ներկայացնողները նաեւ ընդգծած էին. «Մենք կ՛ապրինք մէկ ուրիշ Թուրքիոյ մէջ», այլ ոչ թէ Շիրինօղլուի նկարագրած Թուրքիոյ մէջ...
 
 
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Յօդուածներ