Յարութ Սասունեան.Համաշխարհային Տէրութիւնները Կը Շահարկեն Սէուտցի Լրագրողին Սպանութիւնը՝ Իրենց Սեփական Շահերուն Համար
01-11-2018 13:34:50 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Սէուտական Արաբիոյ նշանաւոր լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի սարսափելի սպանութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական նկատառումներով կը շահարկուի որոշ երկիրներու ղեկավարներու կողմէ՝ անտեսելով յանցագործութեան նողկալի բնոյթը: Այս աղտոտ խաղին հիմնական մասնակիցներն են Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ:
2 Հոկտեմբեր 2018ին, Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացի Ճամալ Խաշոկճի այցելած է Սթամպուլ գտնուող Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութիւն, ամուսնալուծութեան փաստաթուղթերը վերջնական տեսքի բերելու համար, որպէսզի կարենայ ամուսնանալ իր թուրք հարսնացուին՝ Հատիճէ Չենկիզի հետ: Խաշոկճի սակայն երբեք դուրս չէ եկած հիւպատոսութենէն: Ան սպաննուած է եւ, ըստ թրքական աղբիւրներու, մասնատուած է սէուտցի քննիչներու յատուկ խումբի մը կողմէ, որ նախօրէին ուղարկուած էր Սթամպուլ, իսկ սպանութենէն անմիջապէս ետք խումբին անդամները վերադարձած են Սէուտական Արաբիա, երկու առանձին օդանաւերով:
Խաշոկճի, որ երկար տարիներ կարեւոր պաշտօններ վարած է Սէուտական կառավարութեան մէջ, 2017ին հեռացած էր Սէուտական Արաբիայէն եւ բնակութիւն հաստատած Միացեալ Նահանգներ՝ հիասթափուելով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն Մուհամետ պըն Սալմանի սանձարձակ իշխանութենէն: Խաշոկճի սկսած է քննադատական յօդուածներ գրել «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ, մինչ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները քանի մը անյաջող փորձեր ըրած էին՝ զայն հայրենիք վերադարձնելու համար:
Սկիզբը Սէուտական Արաբիա յայտարարեց, որ Խաշոկճի Սթամպուլի հիւպատոսութենէն հեռացած է իր ժամանումէն մէկ ժամ անց: Սակայն, թրքական կառավարութենէն գաղտնի տեղեկութիւններու սպրդումէն ետք այն մասին, թէ Խաշոկճիի՝ հիւպատոսութենէն դուրս ելլելուն մասին տեսանիւթ գոյութիւն չէ ունեցած, Սէուտական իշխանութիւնները փոխեցին իրենց ըսածը՝ պնդելով, որ այլախոհ լրագրողը սպաննուած է հիւպատոսութեան մէջ ծագած ծեծուըռտուքի ատեն: Շաբաթ մը ետք, Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները կրկին փոխեցին իրենց ըսածը՝ յայտարարելով, որ Խաշոկճիի սպանութիւնը պատահական չէր, այլ՝ կանխամտածուած: Սէուտական Արաբիա հեռացուց ապահովութեան հինգ պաշտօնեայ եւ ձերբակալեց տասնեակ ուրիշներ՝ յայտարարելով, որ ոչ թագաւոր Սալման, ոչ ալ գահաժառանգ արքայազնը նախնական տեղեկութիւն ունեցած են սպանութեան ծրագիրին մասին: Սակայն հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ամբողջ երկիրը կը գտնուի գահաժառանգ արքայազնի հսկողութեան տակ, ոչ ոք կը հաւատայ, որ ան տեղեակ չէր թագաւորութեան բարձրագոյն ապահովութեան եւ հետախուզութեան պաշտօնեաներու կողմէ իրականացուած Խաշոկճիի սպանութեան մասին:
Այդ ընթացքին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, որ մնայուն կերպով մրցապայքարի մէջ է Սէուտական Արաբիոյ հետ, իսլամական աշխարհի մէջ սիւննիներու գերիշխանութեան պատճառով, կաթիլ առ կաթիլ տեղեկութիւն կը սպրդեցնէր թրքական լրատուական միջոցներուն՝ Խաշոկճիի սպանութեան մասին վկայութիւններով: Սկիզբը թուրքերը կը պնդէին, թէ տեղեկութիւնները ստացած են Խաշոկճիի Apple ժամացոյցէն, որ արձանագրած է իր տիրոջ դիմագրաւած խոշտանգումները, ապա սպանութիւնը: Իսկ երբ մասնագէտները պարզաբանեցին, որ այդ ժամացոյցը նման հնարաւորութիւն չունի, պարզ դարձաւ, որ թրքական կառավարութիւնը ժամացոյցը օգտագործած էր՝ Սէուտական հիւպատոսութեան ներսը տեղադրուած գաղտնի ձայնագրման սարքերը թաքցնելու համար:
Իմ կարծիքով, թրքական կառավարութեան կողմէ դէպի լրատուական միջոցներ սպրդող տեղեկութեանց նպատակն է՝ պատգամ յղել սէուտական իշխանութիւններուն, թէ թրքական կառավարութիւնը կրնայ հրապարակայնօրէն խայտառակ ապացոյցներ ներկայացնել Խաշոկճիի սպանութեան մասին, եթէ սէուտցիները մեծ փրկագին մը չվճարեն Էրտողանի լռութեան համար։ Յայտնի է, որ թրքական տնտեսութիւնը խարխլուած է եւ արտաքին պարտքը փակելու համար խիստ կարիքը ունի տասնեակ միլիառաւոր տոլարներու։ Դրական արձագանք չստանալով, Էրտողան նախազգուշացուց սէուտցիները՝ ըսելով, որ անձամբ կ՛երթայ ազգային հեռատեսիլի կայան եւ կը բացայայտէ «մերկ ճշմարտութիւնը», այնքան ատեն որ սէուտցիները չեն բաւարարած թուրքերու պահանջները։ Առաջին անգամ ըլլալով, անցեալ շաբաթ ունեցած իր ելոյթին մէջ Էրտողան հրապարակեց Խաշոկճիի սպանութեան պատմութիւնը եւ լուրջ կասկածներ յայտնեց՝ այդ մէկը պատահական դէպք մը եղած ըլլալուն մասին: Այսուամենայնիւ, Թուրքիոյ նախագահը, կարծես թէ յոյսեր փայփայելով, որ սէուտցիները վերջապէս կը բաւարարեն իր դրամաշորթութեան պահանջները՝ չհրապարակեց գաղտնօրէն հաւաքուած իր բոլոր ապացոյցները: Իր խօսքին մէջ Էրտողան չնշեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազնի անունը, ոչ ալ ակնարկ ըրաւ թուրքերու ձեռքին մէջ գտնուող տեսաձայնային նիւթերու մասին, որոնք արձանագրած էին Խաշոկճիի ցաւալի մահը։ Փոխարէնը, Էրտողան կարգ մը հարցումներ ուղղեց, որոնց պատասխանները ան հաւանաբար գիտէր, ինչպէս, օրինակ՝ ո՞ւր է Խաշոկճիի դիակը, եւ ո՞վ է այն թուրք աշխատակիցը, որ զայն պահած է սէուտցիներու պահանջով։ Միեւնոյն ատեն, սէուտցիները շանթաժի ենթարկելու նպատակով, թրքական մամուլը անցեալ շաբաթ հրապարակեց Խաշոկճիի մասնատուած մարմինին զարհուրելի պատկերները…
Երրորդ մեղաւորը Միացեալ Նահանգներն է, աւելի ճիշդ՝ նախագահ Թրամփ։ Երբ վերջինս առաջին անգամ իմացաւ, որ Խաշոկճին սպաննած են Սէուտական Արաբիոյ Սթամպուլի հիւպատոսութեան մէջ, նախագահ Թրամփ շարունակեց շեշտել իր սեփական «մեծ ձեռքբերումը»՝ անցեալ տարի իր կատարած այցելութեան ընթացքին 110 միլիառ տոլարի ամերիկեան ժամանակակից զէնքերու վաճառքը Սէուտական Արաբիոյ՝ իբր թէ «450 հազար աշխատատեղիներ ստեղծելով ամերիկացիներու համար»։ Ինչպէս միշտ, ան ուռճացուց ֆինանսական շահերը, քանի որ ինք չէ ստորագրած 110 միլիառ տոլարի ամերիկեան զէնքի վաճառման պայմանագիր։ Իրականութեան մէջ, համաձայնութիւն կայացած է՝ յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին 10-20 միլիառ տոլարի զէնք վաճառելու մասին։ Աւելին, մէկ տարի առաջ նախագահ Թրամփ ըսած էր, որ նոյն զէնքի վաճառքը ամերիկացիներու համար կը ստեղծէ 40 հազար աշխատատեղի, այլ ոչ թե 450 հազար։ Սակայն, Խաշոկճիի սպանութենէն քանի մը օր ետք նախագահ Թրամփ այս անգամ այդ թիւը մեծցնելով՝ զայն հասցուցած է մինչեւ 500 հազարի։ Մէկ շաբաթ ետք ան կրկին աւելցուցած է իր թիւը՝ «մէկ միլիոն աշխատատեղի», այնուհետեւ՝ «աւելի քան մէկ միլիոն աշխատատեղի»:
Անկախ անկէ, թէ քանի՞ աշխատատեղի կը ստեղծուի եւ թէ քանի՞ միլիառ տոլար կը բերէ զէնքի վաճառքը, Թրամփ երբեք ցաւակցութիւն չյայտնեց Խաշոկճիի ընտանիքին։ Թէեւ Թրամփ զգուշացուց Սէուտական Արաբիան «ծանր հետեւանքներ»է, սակայն ան աւելի բարձր գնահատեց զէնքին արժէքը, քան՝ մարդկային կեանքը: Միակ ամերիկեան «պատիժը»՝ ամերիկեան վիզաներու դադրեցումը եղաւ այն 18 սէուտցիներու համար, որոնք Սթամպուլ ուղարկուած էին Խաշոկճին սպաննելու նպատակով:
Ցաւօք, պետութիւններու ղեկավարներու մեծ մասը չի մտածեր մարդկանց մասին…: Սա սովորական երեւոյթ է: Այդ ղեկավարները կը մտածեն միայն իրենց սեփական կամ իրենց երկրի շահերուն մասին: Իրենց գործունէութեան ընթացքին ղեկավարները պատրաստ են ստելու, խաբելու եւ նոյնիսկ սպաննելու։
Խաշոկճիի թուրք հարսնցուն շատ ճիշդ վարուեցաւ՝ մերժելով Սպիտակ Տուն այցելելու Թրամփի հրաւէրը։ Ան չէր ուզեր, որ իր վիշտը շահարկուէր քաղաքական գործիչի մը կողմէ, որ մտահոգ է միայն իր սեփական շահերով, այլ ոչ թէ խոշտանգուած զոհի ընտանիքին ցաւով ու տառապանքով: