ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ԿԸ ՆՇԷ ՍԱՀՄԱՆԸ ԲԱՆԱԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԱՅՄԱՆԸ


ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ԿԸ ՆՇԷ ՍԱՀՄԱՆԸ ԲԱՆԱԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԱՅՄԱՆԸ

  • 26-08-2010 16:52:47   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա - Թուրքիոյ Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու հեռատեսիլի հաղորդումի մը ընթացքին անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարին եւ կրկնեց իր նախկին խօսքը։ Լրագրողներու այն հարցումին թէ հայ-թրքական փրոթոքոլներու կապուած որեւէ զարգացում կա՞յ, Տավուտօղլու պատասխանեց որ Թուրքիա Կովկասը կը դիտէ իր ամբողջականութեան մէջ եւ Հայաստանի հետ սահմաններու բացումը ներառեալ, կը փափաքի որ տարածքաշրջանին մէջ բոլոր պատնէշները փուլ գան։ Տավուտօղլու կրկին յիշեցուց Հայաստանի հետ սահմանները բանալու նախապայմանը, յայտնելով որ ֆիզիքական պատնէշները փլցնելու համար անհրաժեշտ է փլցնել բոլոր հոգեբանական, քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական պատնէշները։ Անհրաժեշտ է ապահովել որ Կովկասը դառնայ տնտեսական ամբողջական աւազան մը։ Այսինքն անհրաժեշտ է որ Հայաստան պարպէ Ատրպէյճանական հողերու 20 տոկոսը, զոր ան բռնագրաւած է, նշեց Տավուտօղլու։ Ան այս առիթով շեշտեց որ թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները վերջին 20 տարուան ընթացքին լաւագոյն մակարդակին վրայ են։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը