ԹՈՒՐՔ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐԸ ՉԱՐՏՕՆԵՑԻՆ ՈՐ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԱՂՕԹԵՆ<br /> ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՄԷՋ


ԹՈՒՐՔ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐԸ ՉԱՐՏՕՆԵՑԻՆ ՈՐ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԱՂՕԹԵՆ
ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՄԷՋ

  • 24-08-2010 18:30:46   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա - Հայկական լրատու կեդրոններէն »Նիուս« կայքէջը հաղորդեց թէ թուրք ոստիկանները Աղթամարի եկեղեցին այցելող հայ մանուկներուն չեն արտօնած որ աղօթեն Աղթամարի մէջ, մոմ վառեն։ Ասիկա շատ խորթ հնչած է սա օրերուն, երբ Թուրքիա կը պատրաստուի Աղթամարի մէջ արարողութիւն կազմակերպել։ Կայքէջը կը գրէ որ Թուրք ոստիկաններու արգելքը ցոյց կուտայ թէ Սեպտեմբերի արարողութիւնն ալ քարոզչական բնոյթ ունի, այդքան։ Մէկ կողմէ մեծաշռինդ արարողութիւն կազմակերպել ամբողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ, միւս կողմէ առանձին այցելող մանուկներուն չարտօնել որ մոմ վառեն։ Պատահարը հետեւեալն է։ Անցեալները Աղթամար այցելութեան գացին »Հայ Ասպետ« յայտագրի ախոյեան խումբի տղաքը, բայց անոնք սրտաբեկ զգացումներով վերադարձան, որովհետեւ Աղթամարի մէջ անոնք չկրցան մինչեւ իսկ մոմ մը վառել։ »Հայ Ասպետ« յայտագրի հիմնադիր ու վարիչ Գարին Տոնոյեան Կայքէջին յայտարարեց թէ երբ եկեղեցի մտան եւ ուզեցին մոմ վառել, թուրք ոստիկանները անմիջապէս արգելք եղան։ »Ասիկա թանգարան է, չէք կրնար մոմ վառել, պատերը կը մրոտին« ըսին։ Այն ատեն ինք առաջարկեց որ մոմավառութիւնը ընեն կեդրոնին վրայ, պատերէն հեռու, բայց դարձեալ չարտօնեցին։ Եւ երբ սկսան երգել »Տէր Ողորմեա«, թուրք ոստիկանները բարկութեամբ արգելք հանդիսացան, ուրիշ ոստիկան կանչելով սպառնացան։ Զբօսաշրջութեան կազմակերպիչին խնդրանքին վրայ իրենք ալ հրաժարեցան երգելէ։ Տղաքը դուրս ելան, հեռու գացին ու հեռուն ըրին իրենց աղօթքը։ »Ասիկա շատ վիրաւորական էր, բոլոր տղաքը կուլային« կ’ըսէ Տոնոյեան, որ կ’աւելցնէ նաեւ որ 19 Սեպտեմբերի արարողութիւնը ուրեմն »շով« մըն է պարզապէս։ Հայերը պէտք չէ մասնակցին այս շով-ին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը