»ԱՄԵՐԻԿԱ ԱՐԴԵՕ՞Ք ՓՈԽԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՌՈՒՍ-ՀԱՅ<br /> ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ«


»ԱՄԵՐԻԿԱ ԱՐԴԵՕ՞Ք ՓՈԽԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՌՈՒՍ-ՀԱՅ
ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ«

  • 20-08-2010 16:36:42   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա- Ռուսաստանի լրատու գործակալութիւն Րէկնումի կողմէ 18 Օգոստոս 2010 թուակիր համացանցի էջին մէջ վերոգրեալ խորագրին ներքեւ լոյս տեսած է հետեւեալ գրութիւնը։ Մոսկուայի եւ Երեւանի կողմէ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան զինուորական խարիսխի ժամակակամիջոցը երկարելու մասին համաձայնագիր ստորագրելու որոշումը պատճառ դարձաւ որ Ամերիկա տարածքին մէջ իր քաղաքական դիրքաւորումը արագացնէ։ Պաքուի դիւանագիտական շրջանակներու կողմէ ստացուած լուրերու համաձայն, Ուաշինկթըն այս զարգացումէն ետք նպատակ ունի Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ զինուորական համագործակցութիւնը զօրացնելու։ Միւս կողմէ, լրատու աղբիւրներու համաձայն, հակառակ հայկական լոպիներու հակազդեցութիւններուն, Ատրպէյճանի մէջ Մաթ Պրայզայի, իսկ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսիս Րիքիարտօնէի որպէս Աւագ Դեսպան նշանակումներու նիւթը, փոթորկալից մթնոլորտ պիտի ստեղծէ։ Հաւանական է որ Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի շրջագծով, Ամերիկայի Նախագահը Պարաք Օպամա, իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիյեւի հետ տեսակցութիւն մը ունենայ։ Այս տեսակցութեան ընթացքին կ’ակնկալուի որ երկու նախագահները բանակցութեան նիւթ դարձնեն Պաքու-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները եւ տարածքի ընդհանուր կացութիւնը։ Այսուհանդերձ, թուրք մամուլին կողմէ տրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար եւ Վարչապետի յատուկ ներկայացուցիչ Աւագ Դեսպան Ֆէրիտուն Սինիրլիօղլու յառաջիկայ շաբաթ Ամերիկա պիտի այցելէ։ Այս այցելութեան ընթացքին ձեռք պիտի առնուին Իրանի, Իրաքի, Կովկասի եւ Աֆղանստանի մէջ քաղաքական ներկայ կացութիւնները։ Բանակցութիւններու նիւթ պիտի դառնան նաեւ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները։ Պիտի շեշտուի որ Նախագահ Օպամայի կողմէ Ամերիկայի Թուրքիոյ Աւագ Դեսպանի պաշտօնին առաջարկուած Ֆրանսիս Րիքիարտօնէի ամենակարճ ժամանակամիջոցի մէջ պաշտօնի կոչուելու որոշումը երկու երկիրներու համար ալ օգտակար արդիւնք պիտի տայ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը