Յարութ Սասունեան. Ծերակուտական Մենենտէզ Կը Յետաձգէ՝ Ծերակոյտին կողմէ Ատրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Հաստատումը


Յարութ Սասունեան. Ծերակուտական Մենենտէզ Կը Յետաձգէ՝ Ծերակոյտին կողմէ Ատրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Հաստատումը

  • 10-12-2018 10:31:30   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ



4 Սեպտեմբեր 2018ին նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջադրած է արտաքին ծառայութեան աշխատակից Ըրլ Լիցընպըրկըրի թեկնածութիւնը՝ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին: Ըրլ պէտք է փոխարինէ ինը ամիս առաջ Պաքուէն հեռացած դեսպան Ռապըրթ Սեքութան։
 
4 Հոկտեմբեր 2018ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ  Լիցընպըրկըրի դեսպան նշանակման գծով լսումներէ ամիս մը առաջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մամլոյ հաղորդագրութիւն տարածեց՝ կոչ ընելով ամերիկահայ համայնքին, Հայաստանի բարեկամներուն եւ իրաւապաշտպաններուն դիմել իրենց ծերակուտականներուն՝ մանրամասն ուսումնասիրելու համար Լիցընպըրկըրի թեկնածութիւնը։
 
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան բացատրած է, որ «երբեք այսքան խիստ անհրաժեշտութիւն չէ յառաջացած՝ յստակացնելու Ալիեւի վարչակարգի հետ ամերիկեան յարաբերութիւններու բնոյթն ու շրջանակները։ Դեսպանի հաստատման գործընթացը մեծ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ Քոնկրեսի կողմէ վերահսկողութիւն սահմանելու Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան հետզհետէ աւելի ու աւելի մտահոգիչ դարձող երկկողմանի յարաբերութիւններու վրայ, ինչ որ կը բնութագրուի՝ հայերու նկատմամբ աճող յարձակողականութեամբ, այլակարծութեան ճնշման  խստացմամբ եւ ամերիկեան քաղաքական գործընթացները հմտօրէն հակազդելու մեծապէս ֆինանսաւորուած արշաւով»։
 
Լիցընպըրկըր նախապէս աշխատած է որպէս աւագ մասնագէտ Գերմանիոյ Մարշալի հիմնադրամին մէջ, ՆԱԹՕի մէջ եղած է Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան ղեկավարի փոխանորդ, Աֆղանիստանի մէջ՝ ՆԱԹՕի աւագ քաղաքացիական ներկայացուցիչի փոխանորդ, Պելկրատի մէջ (Սերպիա) Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առաքելութեան ղեկավարի փոխանորդ եւ Պիշքէքի մէջ (Խրխըզիստան) Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առաքելութեան ղեկավարի փոխանորդ: Լիցընպըրկըր պսակաւոր արուեստից աստիճան ստացած է Միտըլպէր քոլէճէն եւ մագիստրոսի աստիճան՝ Միացեալ Նահանգներու ռազմական քոլէճէն։ Ան կը խօսի ֆրանսերէն, ռուսերէն, սերպերէն եւ պուլկարերէն։
 
4 Հոկտեմբեր 2018ին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի լսումներու ժամանակ, Լիցընպըրկըր ենթարկուեցաւ մանրակրկիտ հարցաքննութեան։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդած է, որ Նիւ Ճըրզիէն դեմոկրատ ծերակուտական Պոպ Մենենտէզ, Լիցընպըրկըրի՝ Ատրպէյճանի անզուսպ ռազմավարութիւններու մասին արտայայտութիւնները ճնշելու պահուն, անդրադարձած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի «ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ բռնութեան յաճախակի պոռթկումներուն»։ Լիցընպըրկըր պատասխանած է, որ ինք կը թելադրէ Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ ետ կանգնիլ այնպիսի վարքագիծէ, որ կը խախտէ Արցախեան հակամարտութեան շփման գիծը: Ան նաեւ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատի երեք ուղղութիւններով՝ ուժ չկիրարկել, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ինքնորոշման իրաւունք։
 
Ասկէ զատ, Լիցընպըրկըր յղում ըրած է ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին, որ կը դատապարտէ «որեւէ  բռնութիւն եւ բռնութեան կիրառման որեւէ սպառնալիք շփման գիծի վրայ»՝ առանց Ատրպէյճանի յարձակումներու յստակ վկայակոչման:
 
Լսումներու ժամանակ ծերակուտական Մենենտէզ հետաքրքրուած է, թէ արդեօ՞ք Ատրպէյճանը զէնքով ապահովելը պէտք է սահմանափակուի՝ անոր կողմէ իրագործուած մարդկային իրաւունքներու խախտումներու հիման վրայ: Ի պատասխան՝ Լիցընպըրկըր ըսած է, որ Պետական բաժանմունքը զգոյշ կ՛ըլլայ, որպէսզի իր որոշումները չխոչընդոտեն Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու ջանքերը։ Ան նաեւ նշած է՝ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու գծով կրթութեան յատկացուող մեծ ուշադրութեան մասին։
 
Լսումներէն ետք ծերակուտական Մենենտէզ եւ Մասաչուսէցի ծերակուտական Էտ Մարքի գրաւոր հարցադրումներ ներկայացուցած են Լիցընպըրկըրի։ Ծերակուտական Մենենտէզի խնդրանքով Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յետաձգած է Լիցընպըրկըրի առաջադրումը՝ չճշդուած ժամկէտով։ Երկու ծերակուտականները կրնան լրացուցիչ գրաւոր հարցադրումներ ընել թեկնածուին՝ կապուած իրենց մտահոգութիւններուն՝ ազգային  ապահովութեան  հարցերով  խորհրդական  Ճոն  Պոլթընի  կողմէ  Հոկտեմբերի աւարտին Կովկաս կատարած այցելութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զէնք ծախելու առաջարկէն ետք։
 
Առաջադրուած 19 դեսպաններու թեկնածուներէն Լիցընպըրկըր միակն էր, որուն հաստատումը յետաձգուեցաւ, հաւանաբար, մինչեւ յաջորդ տարի, երբ յանձնախումբը կը գումարէ իր աշխատանքային յաջորդ հանդիպումը:
 
Հայ Դատի Յանձնախումբէն Համբարեան ողջունած է Լիցընպըրկըրի նշանակման յետաձգումը, որ ծերակուտականներուն «հնարաւորութիւն կու տայ աւելի մեծ ուշադրութեամբ վերահսկելու մեր երկրի բարդ երկկողմանի կապերը՝ Ատրպէյճանի յարձակողական եւ դաժան Ալիեւի վարչակարգին հետ, յատկապէս ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի վիճելի առաջարկէն ետք, ըստ որուն Միացեալ Նահանգներ պէտք է սկսի զէնք ծախել Պաքուին»։
 
Այնուհետեւ Համբարեան պնդած է. «Մենք կը միանանք Ծերակոյտի մեր բարեկամներուն, այս հարցով աւելի  յստակութիւն փնտռելու ուղղութեամբ եւ, ընդհանուր առմամբ, վարչակազմի վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ալիեւի վատթարացող յարձակողականութեան, ամբողջ հայութեան նկատմամբ ատելութեան հրահրման, ամերիկեան օրէնսդիրներու առանց արդարացման սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկման, Ռոյս-Էնկել խաղաղութեան առաջարկներու խոչընդոտման, քաղաքացիական ինքնաթիռները կրակելու սպառնալիքներու, Ճուլֆայի գերեզմանոցի եւ այլ քրիստոնէական ժառանգութեան վայրերու ոչնչացման, եւ ի հարկէ, ներքին այլախոհներու եւ ցեղային-կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ անոր խիստ հալածանքներուն»։
 
Ատրպէյճանի «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած է Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի հաստատումը յետաձգելու մասին։ Զարմանալիօրէն, «Թուրան» կ՛ենթադրէ, որ նախագահ Թրամփ, օգտուելով Դեկտեմբերին Ծերակոյտի նիստերու բացակայութենէն, կրնայ ընդմիջումային նշանակում կատարել, այսինքն՝ նախագահը կրնայ Լիցընպըրկըրը նշանակել Ատրպէյճանի մէջ դեսպան, առանց Ծերակոյտի հաստատման։
 
Ընթերցողները կը յիշեն, որ նախագահ Օպամա նման ընդմիջումային նշանակում կատարեց Մեթիու Պրայզայի պարագային՝ զայն որպէս դեսպան ուղարկելով Ատրպէյճան, ծերակուտական Մենենտէզի կողմէ անոր նշանակումը երկու անգամ արգելափակուելէ ետք: Պրայզա Պաքուի մէջ յաջողեցաւ աշխատիլ միայն 12 ամիս, ապա ստիպուեցաւ Ուաշինկթըն վերադառնալ՝ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ  իր թեկնածութեան հաստատումը չեղեալ նկատուած ըլլալուն պատճառով։
 
Մեթիու Պրայզայի պարագային, ամերիկահայ համայնքը բաւարար հիմքեր ունէր անոր թեկնածութիւնը վիճարկելու համար, քանի որ ան բացայայտօրէն կողմնակալ էր յօգուտ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, ի վնաս՝ Հայաստանի։ Սակայն, Լիցընպըրկըր, կարծես թէ նման կողմնակալութիւններ չունի եւ անոր դէմ անձնական ոչինչ կայ։ Թեկնածուի յետաձգումը պարզապէս միջոց մըն է ապահովելու, որ ան պիտի պաշտպանէ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքները եւ պիտի յորդորէ Ալիեւի վարչակարգը՝ նուազեցնելու ռազմատենչութիւնը Արցախեան հակամարտութեան գծով: Լիցընպըրկըրի հաստատման յետաձգումը նաեւ ուղերձ մըն է Ճոն Պոլթընի այն մասին, որ Ծերակոյտը չ՛ողջուներ անոր՝ Ատրպէյճանին զէնք ծախելու առաջարկը։
 
Ծերակոյտի մէջ դեսպանի նշանակման ձգձգումը կը ծառայէ որպէս Ալիեւի վարչակարգը նեղացնող լրացուցիչ մտադրութիւն՝ երկարաձգելով Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի բացակայութիւնը եւ լարուածութիւն յառաջացնելով Ատրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու մէջ:
 
 
Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 
  -   Յօդուածներ