ՕՊԱՄԱ-ԱԼԻՅԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ


ՕՊԱՄԱ-ԱԼԻՅԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

  • 19-08-2010 08:26:07   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա- Ատրպէյճանի ու Ամերիկայի Նախագահներու միջեւ առաջին հանդիպումը պիտի կայանայ Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ կայանալի ՄԱԿի տարեկան ժողովի ծիրէն ներս։ Ըստ Ատրպէյճանի »Զէրքալօ« լրատու գործակալութեան, ցարդ Ուաշինկթըն բարձրագոյն մակարդակով կ’արհամարէր պաշտօնական Պաքուն։ Նախորդ տարի, Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը չէր հրաւիրուած »Իֆթար«ի ճաշին, զոր աւանդաբար կը կազմակերպէ Ամերիկայի Նախագահ՝ իսլամ պետութիւններու դիւանագէտներու ի պատիւ։ Այս փայլը փորձագէտներու կողմէ գնահատուած էր որպէս դիւանագիտական ապտակ՝ Ուաշինկթընի կողմէ։ Ըստ »Զէրքալօ«ին Ատրպէյճանի նկատմամբ Ուաշինկթընի վարած քաղաքականութիւնը կարելի է գնահատել իբրեւ »լուռ արհամարհանք«։ Գործակալութիւնը կը նշէ որ Ուաշինկթըն ո՛չ մէկ առիթով Ատրպէյճանի ի նպաստ յայտարարութիւն մը կատարած է եւ բաւարարուած է շեշտելով որ ամերիկեան վարչակազմը բարձր կը գնահատէ երկու պետութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը, յատկապէս միջազգային ահաբեկչութեան պայքարի մէջ։ »Սակայն Ատրպէյճան, իբրեւ պատասխան, Ամերիկայի նկատմամբ կիրարկեց »յարձակողական մարտավարութիւն«։ Տարբեր մակարդակի ազերի պաշտօնեաներ սկսան մեղադրել Ամերիկայի անշնորհակալութիւնն ու Հայաստանը հովանաւորելու քաղաքականութիւնը։ Յանկարծ ազերի բոլոր պաշտօնեաները նկատեցին որ վերջին քանի մը տարիներուն Ամերիկա Արցախի հարցով հայամէտ դիրքորոշում մը ունի։ Ատրպէյճան սկսաւ Արեւմուտքին սպառնալ թէ կրնայ իր ամբողջ կազը վաճառել Ռուսաստանի կամ Իրանին ու Ատրպէյճանի Խորհրդարանի կարգ մըը անդամներ նոյնիսկ սկսան կոչ ուղղել որ Ամերիկայի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկուին։ »Այս իրողութիւնը հաւանաբար զուարճացուցած էր Ամերիկայի Արտաքին Նախարարութեան աշխատակիցները«, կը գրէ »Զէրքալօ«։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը