Յարութ Սասունեան.Թրքական Տարօրինակ Լուրեր՝ Տօնական Օրերուն Ընթերցողները Զուարճացնելու Համար


Յարութ Սասունեան.Թրքական Տարօրինակ Լուրեր՝ Տօնական Օրերուն Ընթերցողները Զուարճացնելու Համար

  • 28-12-2018 18:52:18   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ



Այս տարուան ընթացքին հաւաքած եմ արտառոց պատգամներու կամ կանոններու տարբեր օրինակներ, զորս կը պարտադրուին թրքական հասարակութեան։  Բնականաբար, միլիոնաւոր ազատամիտ եւ քաղաքակիրթ թուրքեր դժգոհ են այս ժամանակավրէպ կանոններէն, սակայն, քանի դեռ Էրտողան իշխանութեան ղեկին է, նման խիստ միջոցները պիտի շարունակուին պարտադրուիլ բոլոր թուրք քաղաքացիներուն...: Ահա քանի մը օրինակ անոնցմէ.
 
- «Ալ Մոնիթոր»ի թղթակից Փինար Թրեմպլէյ հաղորդած է, որ «Տիյանէթ»ը՝ Թուրքիոյ կրօնական հարցերով վարչութեան կայքը, յայտարարած է, որ «հիմք ընդունելով Մուհամետ մարգարէի յայտնի խօսքերը՝ մահմետականներուն խորհուրդ կը տրուի ուտել եւ խմել աջ ձեռքով եւ նոյնը սորվեցնել իրենց զաւակներուն, քանի որ «սատանան կ՛ուտէ ձախ ձեռքով»: Իսկ ի՞նչ ընեն անոնք, որոնք ձախլիկ են կամ աջ ձեռք չունին, կը հետաքրքրուին թրքական հասարակութեան բազմաթիւ անդամներ։
 
- Իսլամական հանրաճանաչ իմամ Իհսան Սենոկըք այս տարուան Փետրուարին ազատ արձակուած է «Տիյանէթ»էն, իր վիճայարոյց յայտարարութենէն ետք այն մասին, որ տաբատ հագնող կիներ մեղաւոր են եւ դժոխք պիտի երթան։ Սենոկըք նաեւ յայտարարած է, որ տղամարդը պէտք չէ համբուրէ իր երիտասարդ զոքանչը, քանի որ այդ մէկը կրնայ յանգեցնել գայթակղութեան…
 
- Թուրքիոյ մէջ, «Ինճիրլիք» օդակայանային խարիսխի դրացնութեամբ ապրող Մահմուտ Աքար ըսած է «Սփութնիք» լրատուական միջոցին, որ խարիսխի մէջ տեղակայուած ամերիկացի զինուորները կը գնեն թուրք մանուկներ եւ զանոնք հետագային կը փոխադրեն Միացեալ Նահանգներ՝ զանոնք կրօնափոխ ընելու եւ քրիստոնեայ դարձնելու համար։ 
 
- Սթամպուլի համալսարանի թուրք դասախօս Եաւուզ Օրնէք Յունուար 6ին թրքական հեռատեսիլային կայանէն յայտարարած է, որ Նոյ, ջրհեղեղէն առաջ, բջջային հեռաձայնով կապ հաստատած է իր մանչ զաւակին հետ։ Օրնէք նաեւ յայտարարած է, որ Նոյ իր տապանը կառուցած է պողպատէ կտորներով, ապա զայն աշխատցուցած է միջուկային ուժանիւթով…: «Ես գիտնական եմ եւ կը խօսիմ գիտական տեսանկիւնէ», պնդած է տգէտ Օրնէք։ 
 
- Թուրքիոյ կրօնական հարցերով վարչութիւնը յայտարարած է, որ աղջիկները՝ ինը տարեկանին, իսկ տղաները 12 տարեկանին կրնան ամուսնանալ…
 
- «Տիյանէթ» նաեւ արձակած է քանի մը «ֆաթուա»ներ (կրօնական հրովարտակներ), յայտարարելով, որ «bitcoinները անընդունելի են այս պահուն»։ Երկրորդին մէջ, թէ՝ տղամարդոց մազերը սեւ ներկելը պատշաճ չէ՝ ըստ իսլամութեան: Երրորդ մը արգիլած է վիճակախաղի տոմսեր ձեռք բերել կամ աշխատիլ հոն, ուր ոգելից ըմպելի կը վաճառուի։ Չորրորդը արգիլած է լսել «անբարոյ երաժշտութիւն»։ Սակայն ամէնէն վիճայարոյց «ֆաթուա»ն այն էր, որ տղամարդը կրնայ ամուսնալուծուիլ կնոջ հետ հեռաձայնով, ելեկտրոնային յղումով, թեքսթային հաղորդագրութեամբ կամ նամակով։ Ամուսնալուծութիւնը յայտարարելու նման միջոց օգտագործելը նոյնն բանն է, ինչ որ կնոջ երեսին ըսելը։ Միակ բանը՝ կինը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ թեքսթային հաղորդագրութիւնը կամ ելեկտրոնային յղումը ուղարկուած է իր ամուսնոյն կողմէ:
 
- «Նիւզուիք» հանդէսը մեջբերած է թուրք իսլամ քարոզիչ մը, որ յայտարարած էր Fatih Medreseleri կրօնական հեռատեսիլային ալիքով, թէ առանց մօրուքի տղամարդիկ «չեն կրնար տարբերիլ կիներէն» եւ կրնան ուրիշ տղամարդոց կողմէ «անպարկեշտ միտքեր» յառաջացնել։ «Տղամարդիկ պէտք է մօրուք աճեցնեն։ Մօրուքը մարդու մարմնի երկու մասերէն մէկն է, որով տղամարդը կը տարբերի կնոջմէ», յայտարարած է Մուրատ Պաեարալ։ «Եթէ հեռուն երկար մազերով մարդ տեսնէք, կրնաք մտածել, որ ան կին է, եթէ մօրուք չունի, որովհետեւ այսօր կիներ եւ տղամարդիկ միանման կը հագնին: Աստուած չընէ…: Դուք կրնաք անպարկեշտ միտքեր ունենալ, բացատրած է ան՝ արտայայտելով այն վախը, որ տղամարդիկ կրնան նոյն սեռի մարդոց նայիլ սեռական հետաքրքրութեամբ:
 
- Ինչպէս նշած էի իմ նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ, Թուրքիոյ նախկին փոխ վարչապետ Պիւլէնթ Արինճ յայտարարած է, որ «կիներ պէտք չէ բարձրաձայն խնդան հասարակութեան մէջ»:
 
Ըստ «Նիւզուիք»ի, վերոյիշեալ ուղերձները ցոյց կու տան, որ նախագահ Էրտողան կը փորձէ Թուրքիան առաջնորդել «կրօնական ուղիով՝ իսլամական ազգայնականութեան նոր տարբերակով։ 1923 թուականին, ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադրումէն ի վեր, «աշխարհիկութիւն» բառը ամրագրուած է Թուրքիոյ սահմանադրութեան մէջ: Սակայն Էրտողան հետզհետէ կը յորդորէ, որ կրօնը հասարակական կեանքի մաս դառնայ: Եղափոխութեան դասերը անցեալ տարի ջնջուած են հանրային դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներէն, իսկ կառավարութիւնը թոյլատրած է, որ դպրոցներու մէջ աղջիկները գլուխնին ծածկեն, բան մը, որ անցեալին արգիլուած էր»:
 
«Նիւզուիք»ի թղթակից Քրիսթինա Մազա եզրակացուցած է. «Այսօր Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կանգնած է որոշում կայացնելու շատ բարդ խնդիրի առջեւ՝ թէ միաժամանակ ինչպէ՞ս կառավարել իր հասարակութեան կրօնական եւ աշխարհիկ երեւոյթները։ «Մահմետական  աշխարհին  մէջ  հաւատացեալները  վերահաստատուած  են  շարք մը տարամէտ հոսանքներով։ Սա անխուսափելիօրէն խթանած է մահմետականներու զանգուածները Թուրքիոյ մէջ», ըսած է աշխարհաքաղաքագէտ Ճորճ Ֆրիտմըն՝ Real Clear Worldի համար գրուած ապրիլեան խմբագրականին մէջ։ «Աշխարհիկ, եւրոպական մշակոյթը, որ կը գերակշռէր երկրին մէջ, կը հակադրուի կրօնական հզօր պահանջներուն։ Քաղաքական եւ ընկերային հիմնական հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս ստեղծել միասնական պետութիւն՝ կառուցուած երկու տարբեր մշակոյթներու վրայ»:  
 
Յոյսով ենք, որ նախագահ Էրտողան եւ անոր յետամնաց իմամները 2019ին տարօրինակ նոր հրովարտակներ կ՛արձակեն՝ Թուրքիան վերադարձնելով Քարէ դար…
 
 
 
 Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ