Յարութ Սասունեան. Թուրքիա Կը Չարաշահէ Ինթերփոլը՝ Ներկայ Վարչակարգին Հակառակորդները Արտայանձնելու Համար


Յարութ Սասունեան. Թուրքիա Կը Չարաշահէ Ինթերփոլը՝ Ներկայ Վարչակարգին Հակառակորդները Արտայանձնելու Համար

  • 29-01-2019 12:46:10   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Թուրքիա եւ բռնակալ քանի մը այլ կառավարութիւններ հետզհետէ աւելի կը չարաշահեն իրենց անդամակցութիւնը Ինթերփոլի կառոյցին՝ իրենց հակառակորդները հետապնդելու եւ պատժելու համար։ Ինթերփոլ կամ Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը կազմուած է 194 երկիրներէ, կը զբաղի անդրազգային յանցագործութիւններու դէմ պայքարով։
 
Թէեւ Ինթերփոլի կանոնադրութեամբ արգիլուած է անհատներու հետապնդումը քաղաքական, կրօնական, ռազմական կամ ցեղային պատճառներով, բայց եւ այնպէս, քանի մը անդամ պետութիւններ տակաւին կը շարունակեն չարաշահել Ինթերփոլի իշխանութիւնը՝ իրենց հակառակորդները հետապնդելու նպատակով։
 
Թուրքիոյ կառավարութեան ամէնէն վերջին պահանջը Ինթերփոլէն այն էր՝ ձերբակալել եւ երկրէն դուրս հանել NBA-ի թրքական ծագում ունեցող պասքէթպոլիսթ Էնէս Քանթերը, անոր անունը տեղադրելով Ինթերփոլի՝ ծանուցման կարմիր ցուցակին մէջ։ Քանթեր մերժած է իր խումբին՝ «Նիւ Եորք Նիքս»-ի հետ թռչիլ դէպի Լոնտոն, NBA-ի խաղի համար։ Ան ըսած է, որ ինք Էրտողանի կառավարութեան կողմէ անիրաւօրէն մեղադրուած է իբրեւ «ահաբեկիչ» եւ  կը վախնայ, որ թուրք գործակալները զինք սպաննեն Լոնտոնի մէջ։
 
Ապտուլլահ Պոզքուրտ «Թրքական վայրկեան» կայքին մէջ Մայիս 9, 2017ին գրած է, որ Քանթեր «հազիւ ինքզինք ազատած է Ճաքարթա [Ինտոնեզիա] գտնուած ժամանակ, ուր ան կանգ առած էր բարի կամքի համաշխարհային շրջապտոյտի ընթացքին։ Ինտոնեզական բանակը եւ գաղտնի ծառայութիւնը ներխուժած էին դպրոց, ուր նախատեսուած էր ձեռնարկը՝ զայն Թուրքիոյ պահանջին հիմամբ ձերբակալելու համար, սակայն ան յաջողեցաւ հեռանալ Ինտոնեզիայէն դէպի Ռումանիա։ Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու ճամբուն վրայ, Պուխարեսթի Հենրի Քոանտայի միջազգային օդակայանին մէջ զայն ձերբակալած են, քանի որ անոր անձնագիրը չեղեալ յայտարարուած է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ։ NBA-ի աստղը  հետագային  ազատ  արձակուեցաւ՝  Միացեալ  Նահանգներու պաշտօնեաներու միջամտութենէն ետք, զոր կատարուեցաւ իր անունով։ Ան կը մնայ Էրտողանի ուժեղ քննադատը՝ իր իրաւունքներու ոտնահարման պատճառով»։
 
«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի սիւնակին մէջ Քանթեր գրած է. «Ոեւէ մէկը, որ կը խօսի անոր [Էրտողանի] դէմ, թիրախ է։ Ես հաստատօրէն թիրախ եմ: Էրտողան կը ցանկայ զիս  վերադարձնել Թուրքիա,  ուր ան կրնայ լռեցնել զիս»։ Քանթեր ըսած է «Նիւզուիք» ամսագիրին, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «մեր դարուն Հիթլերն է»: ESPN-ի համաձայն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անցեալ տարուան Նոյեմբերին Ինթերփոլէն պահանջած է աւելի  քան 80 մարդ ձերբակալել տարբեր երկիրներու մէջ եւ զանոնք յանձնել Թուրքիոյ…
 
Քանի մը թուրք այլախոհներ դժուարութեամբ խոյս տուած են թրքական կառավարութեան՝ Ինթերփոլի միջոցով երկարատեւ հետապնդումներէ։ Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Թուրքիա պահանջած է, որ Ինթերփոլ ձերբակալէ եւ արտայանձնէ «Ճումհուրիէթ» թերթի նախկին խմբագիր Քան Տունտերն ու «Ահուալ» լրատուական կայքի խմբագիր Իլհան Թանիրը։ «Ես մէկը չեմ սպաննած, մենատիրական ընկերութիւն չեմ ղեկավարած, դրամատուն չեմ թալանած, կամ որեւէ այլ վատ բան չեմ ըրած, որ արդարացնէ միջազգային մարդորսութիւնը», գրած է Թանիր։ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը զիս կը հետապնդէ լրագրողական գործունէութեանս համար»։
 
Լրագրող, հեղինակ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակիփ Զարաքօղլուի անունը տեղադրուած էր Ինթերփոլի կարմիր  ծանուցման ցուցակին մէջ՝ զայն ձերբակալելու եւ Թուրքիոյ յանձնելու համար։ Ան ներկայիս կը գտնուի Շուէտ՝ Էրտողանի ճանկերէն հեռու եւ ապահով։
 
Ուրիշ թուրք լրագրող մը սակայն նոյնքան բախտաւոր չեղաւ։ Համզա Եալչին, որ փախած էր Շուէտ, 2017 թուականին Ինթերփոլը, Թուրքիոյ պահանջով, զայն ձերբակալեց՝ Սպանիա կատարած իր այցելութեան ժամանակ։ Ան ազատ արձակուեցաւ երկու ամիս անց, Շուէտի եւ Գերմանիոյ կառավարութիւններու կողմէ գործադրուած ճնշումներէն ետք:
 
«Մենք կ՛ողջունենք Սպանիոյ կառավարութեան որոշումը, որ կը վկայէ միջազգային իրաւունքի յարգման մասին», յայտարարեց «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը։ «Համզա Եալչինի ազատ արձակումը յստակ պատգամ էր ուղղուած Թուրքիոյ կառավարութեան, որ Ինթերփոլը պէտք չէ օգտագործուի երկրէն դուրս փախած լրագրողներու՝ քաղաքական նպատակներով հետապնդման համար»:
 
2016 Յուլիսի յեղաշրջման ձախողութենէն կարճ ժամանակ անց, Թուրքիա 60 հազար կարմիր ծանուցման պահանջ ուղարկեց Ինթերփոլի։ Կարմիր ծանուցումները միայն ծանր յանցագործութիւններու մեջ մեղադրուող մարդոց համար են, եւ Ինթերփոլի կանոնադրութիւնը կոչ կ՛ընէ երկիրներուն՝ չօգտագործել համակարգը քաղաքական նպատակներու համար եւ գործել մարդու իրաւունքներու միջազգային չափանիշներու ոգիով։ Թուրքիա, Չինաստան, Ռուսաստան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կոպտօրէն կը խախտեն այս կանոնակարգը, յայտարարած է Foreign Policy ամսագիրը։
 
2017 Ապրիլին ընդունուած բանաձեւին մէջ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը կոչ ըրած է Ինթերփոլի՝ «շարունակել բարելաւել իր կարմիր ծանուցման ընթացակարգը՝ չարաշահումները առաւել արդիւնաւէտ կերպով կանխարգիլելու եւ ջնջելու համար»: «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գրասենեակի ղեկավար Ճոհան Պիր յայտարարած է, որ «տասնեակ թուրք լրագրողներ ստիպուած եղած են երկրէն փախչելու՝ 2016 Յուլիսի թրքական յեղաշրջման ձախողութենէն ի վեր։ Սակայն, ինչպէս աշխարհի բոլոր տարագիր լրագրողներուն, անոնց եւս կը սպառնայ Ինթերփոլի քաղաքական չարաշահումը: Ինթերփոլի կողմէ սկիզբ առած բարեփոխումները պէտք է իրենց աւարտին հասցնել կարելի եղածին չափ շուտ, որպէսզի այդ կառոյցը կարենայ ինքզինք աւելի լաւ պաշտպանել Թուրքիոյ եւ բռնակալ միւս պետութիւններու անարդար պահանջներէն»։
 
Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ