ԱՄՆ-Ի քոնկրէսի մօտ Թուրքիոյ մասին յուրջ մտահոգութիւններ


ԱՄՆ-Ի քոնկրէսի մօտ Թուրքիոյ մասին յուրջ մտահոգութիւններ

  • 30-07-2010 16:37:56   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Մարմարա» - Երեսփոխաններ Կը Պնդեն Որ Թուրքիա Նախկին Թուրքիան Չէն Բայց Նախկին Դեսպան Վիլսոնի Կարծիքով Ամերիկա Թուրքիոյ Հետ Ա՞խատելէ Տարբեր Միջոց Չունի Թուրքիոյ նոր բազմակողմանի քաղաքականութիւնը կը շարունակէ դժգոհութեան ալիքներ յառաջացնել Ամերիկայի մէջն ուր շատեր կը հաւատան որ Թուրքիա նախկին վստահելի դաշնակիցը չէ ԱՄՆ-ի համար։ Այս տեսակէտէն, յատկանշական էր այն հաւաքոյթը որ նախընթաց օր կայացաւ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի մօտն նիւթ ունենալով «Թուրքիոյ նոր արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնը» թէման։ Նիստի ընթացքին զանազաններ լուրջ մտահոգութիւններ յայտնեցին Թուրքիոյ առընչութեամբն բայց կարեւոր էր այն ինչ որ Թուրքիոյ Նախկին Դեսպան Րոս Վիլսոն ըսաւյ Ամերիկա Թուրքիոյ հետ աշխատելէ տարբեր այլընտրանք չունիմ։ Բազմաթիւ երեսփոխաններ կողմնակից էին որ Ամերիկա ազդարարութիւններ ուղղէ Թուրքիոյ։ Երեսփոխան մը յիշեցուց որ ատենօք նոյնը պատահեցաւ Վէնէզուէլլայի պարագայինն Ամերիկա նախ ձայն չհանեցն վերջն ալ չկրցաւ գլուխ ելլել Վէնէզուէլլայի հետ։ Յանձնաժողովի Նախագահ Հովարտ Պէրման յայտնեց թէ ինք եւս մտահոգ էղ Թուրքիոյ ժողոուրդը աշխարհի ամէնէն հակա-ամերիկեան զգացումները ունեցող ժողովուրդն է եւ ի՞նչ է ասոր պատճառը։ Ըստ իրենն անհանգստութիւն կը պատճառեն Համասի հետ Թուրքիոյ ունեցած շփումները։ Ինք ալ ընդունեց որ ԱՄՆ-ի Արտաքին Նախարարութիւնը հարցման նշաններ տեսնել սկսած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Հանրապետականներու վաստակաշատ ներկայացուցիչ Հէնա Րոս-Լէհթինէն ըսաւ որ կը կարծէ թէ այլեւս ամէն մարդ համաձայն է որ Թուրքիա նախկին Թուրքիան չէ։ Ան քննադատեց Թուրքիոյ Իրանեան քաղաքականութիւնըն նաեւ Կազէէի շրջափակման դէմ անոր վարած քաղաքականութիւնը։ Ան քննադատելի գտաւ նաեւ Էրկէնէքոնի դատավարութիւնը եւ ըսաւ որ Քոնկրէսի մօտ այսպիսի նիստի մը կայացած ըլլալը ինքնին կը վկայէ որ անկիւնադարձ մը կայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ։ Նախկին Թուրքիոյ Դեսպան Րոս Վիլսոնն որ նիստին հրաւիրուած էր որպէս խորհրդականն ջանաց մեղմացնել միւս երեփոխաններուն մտահոգութիւնները եւ յիշեցուց որ Թուրքերը այսօր ալ կը շարունակեն իրենց արձակուրդին համար ընտրել Ամերիկանն կամ իրենց զաւակները ուսման համար ղրկել Ամերիկա։ Թուրքերը իրենց զաւակները Պաղեստինի կամ Իրանի դպրոցները չեն ղրկերն ըսաւ ան ու ըսաւ որ Թուրքիա այսօր ալ կը պահէ Արեւմտեան երկիր մը ըլլալու իր կամքը։ Ամերիկայի համար Թուրքիոյ հետ աշխատելէ ուրիշ ճամբայ չկայն եզրակացուց ան։ Հակառակ ատորն պահպանողական մտածումներով յայտնի Էնթըրփրայզ Էնսթիթիւ հաստատութեան մասնագէտներէն Մայքըլ Րուպին ըսաւ որ Թուրքիա այլեւս վստահելի դաշնակից մը չէն չափաւոր ուժ մըն ալ չէ։ Ամերիկա պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Թուրքիոյ Էֆ-35 ռազմասաւառնակներ տալու իր ծրագիրըն եւ այլընտրանք մը պէտք է պատրաստէ Ինճիրլիքի զինուորական խարիսխին տեղ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը