27 Յուլիս 1983. Լիզպոնի Հինգ Մարտիրոսները Անմահացուցին Ամբողջ Սերունդի Մը Պահանջատիրութիւնը


27 Յուլիս 1983. Լիզպոնի Հինգ Մարտիրոսները Անմահացուցին Ամբողջ Սերունդի Մը Պահանջատիրութիւնը

  • 28-07-2010 17:45:12   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Արձագագ» - 1983ի Յուլիս 27ը անմոռանալի թուական մը դարձաւ հայ ժողովուրդի կեանքին ու պատմութեան մէջ: Յուլիսի այս օրը, 27 տարի առաջ, Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանութեան համալիր շէնքը արիւնալի թատերաբեմը դարձաւ հայկական իւրօրինակ Ողջակիզման: Հինգ երիտասարդ հայորդիներ, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան անդամներ, յանուն Հայ Դատի պահանջատիրութեան, ուժանակով պայթեցուցին եւ օդը հանեցին թրքական պետութիւնը խորհրդանշող շէնքը` ինքնասպանական գործողութեամբ եւ հերոսական գաղափարապաշտութեամբ նուիրաբերելով իրենց գերագոյնը, դեռատի կեանքը: ,Հայ Յեղափոխական Բանակեին զինուորագրուած գաղափարի մարտիկներ էին Արա Քըրճըլեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Սիմոն Եահնիեանը, Սեդրակ Աճեմեանը եւ Սարգիս Աբրահամեանը: Սիմոնը նահատակուեցաւ գործողութեան առաջին փուլին, դեսպանութեան համալիրը գրաւելու գրոհի ընթացքին: Արա, Վաչէ, Սեդրակ եւ Սարգիս չուշացան միանալու մարտիրոսացած իրենց ընկերոջ` յանուն Ազգի եւ Հայրենիքի վերատիրացման հայոց պայքարին Ողջակիզման աւանդ մը կտակելով մեր սերունդներուն: Շատ գրուած է եւ տակաւին երկար ժամանակ ու միշտ պիտի գրուի Լիզպոնի Հինգին մասին, անոնց գերագոյն զոհաբերութեան մէջ խտացած գաղափարական անկորնչելի խորհուրդին եւ պատգամին մասին: Անոնք ,խենթեեր էին, կենսուրախ զաւակներն էին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած, հայրենազուրկ դարձած հայրերու, որոնք կրցած էին յաղթահարել տարագրութեան հետ եկած կեանքի դժուարութիւնները, ճաշակած էին հիւղաւաններու եւ թիթեղաշէն դպրոցներու դաժան պայմանները եւ կրցած էին հայու աշխատասիրութեան, ձեռներէցութեան ու ստեղծագործ ոգիին կենսայորդ աշխուժութիւնը մարմնաւորել եւ ազգային ու պահանջատիրական շունչով սերունդ թրծել: Արա, Վաչէ, Սիմոն, Սեդրակ եւ Սարգիս Ցեղասպանութենէն վերապրած տարագիր հայութեան երրորդ սերունդին կը պատկանէին: Ամէն հիմք ունէին կեանքին փարելու եւ վայելելու իրենց աշխատանքին պտուղները, բայց Ազգի եւ Հայրենիքի սպանդին ու տեղահանութեան, բռնագրաւումին եւ կործանման մեծ ու խորագոյն խոցը, այլեւ` հայկական Իրաւունքին ու Արդարութեան դէմ հիւսուած Լռութեան Պատը աշխարհին հանդէպ մեծ օտարականներու վերածած էր անոնց ամբողջ սերունդը: Սեփական ու մայրենի լեզուով եւ մշակոյթով լիարժէք ապրելու եւ արարելու ներքին կրակը, պապենական հողին վրայ հայաշունչ կեանք ու ազատ ապագայ կերտելու եւ վայելելու բուռն պահանջը եւ, մանաւանդ, արեւուն տակ հայու հպարտութեամբ քալելու անյագ ծարաւը Լիզպոն առաջնորդեց գրոհային մարտունակութիւնը Հինգ Խենթերուն, որպէսզի նախ սեփական ժողովուրդի իրենց սերնդակիցներուն, ապա` ցեղասպան թրքական պետութեան ժառանգորդներուն եւ, վերջապէս, լուռ ու անտարբեր հայեացքով հայոց ողբերգութեան նայող աշխարհին առաւելագոյն ուժականութեամբ փոխանցեն իրենց ՊԱՏԳԱՄը: Այդպէ՛ս, Լիզպոնի մարտիրոսացումը դարձաւ նորօրեայ վկայութիւնը ,իմացեալ մահով անմահութիւնը նուաճելուե հայ ազգային գաղափարախօսութեան: Եղաւ պատգամաբերը ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանէն դուրս կեանքի բոլոր հեռանկարները մերժելու Հայու յեղափոխական անդառնալի ուխտին: Խորհրդանշեց դաշնակցական պատրաստակամութիւնը` գերագոյն զոհաբերութեան անձնական օրինակով շրջելու պատմութեան թաւալգլոր անկումի անիւը եւ վերահաստատելու հայոց ազգային արժանաւորութիւնը, սեփական ուժով վերականգնելու անփոխարինելի Իրաւունքն ու Արդարութիւնը: 27 Յուլիս 1983ը հայոց յուշատետրին Լիզպոնի Ողջակիզման խորհրդանիշ էջն է: Օրն է Հայ Դատի պայքարէն դուրս կեանքը մերժելու ամբողջ սերունդի մը անկորնչելի պատգամին, արեամբ նուիրագործած գաղափարական յանդգնութեան: Եւ տարագրութեան դատապարտուած հայը, այսօր թէ վաղը, երբ իր զաւակներուն հայեցի շունչ ու գաղափարական թռիչք կը ներարկէ, անպայման պիտի յիշէ եւ միշտ պիտի յիշեցնէ օրինակը Լիզպոնի Հինգին` իբրեւ յաւերժին մէջ արձագանգող պոռթկումը հայոց արդար ցասումին: Այսօր հայ ժողովուրդը իր հոգիին խորը հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէ եւ կը խոնարհի յիշատակին առջեւ Ազգի ու Հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան բագինին զոհաբերուած Ողջակէզներուն` Արային, Վաչէին, Սիմոնին, Սեդրակին եւ Սագոյին: Լիզպոնի Հինգին հետ մեր էութեան կենսուրախ մէկ բջիջը ողջակիզուեցաւ, որպէսզի երբեք չմոռնանք հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ արժանաւորապէս տէր կանգնինք Ազգն ու Հայրենիքը իրենց ամբողջական ազատագրումին առաջնորդելու գաղափարական պարտքին:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը