ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒԻ ՆԵՐՔԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ<br /> ԿՈՂՄԷ


ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒԻ ՆԵՐՔԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ
ԿՈՂՄԷ

  • 28-07-2010 16:38:37   | Հայաստան  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի կազմէն փաստաբան Սեդրակ Տավուտհան երէկ յայտնեց մեզի թէ Նախաձեռնարկ Մարմինը ժամադրութիւն մը խնդրած է Ներքին Նախարարութենէն ու այդ ժամադրութեան համաձայն Նախարարին կողմէ պիտի ընդունուի վաղը Հինգշաբթի իրիկուն ժամը 16յ30-ին Անգարայի մէջ։ Այս նպատակով Անգարա պիտի մեկնին Նախաձեռնարկ Մարմնի Ատենապետ Լեւոն Գուզիկօղլուն փաստաբաններ Սեդրակ Տավուտհան ու Սեպուհ Ասլանկիլ։ Չորրորդ ներկայացուցիչ մըն ալ պիտի ընկերակցին բայց տակաւին յայտնի չէ թէ ով է ան։ Ինչպէս յայտնի էն Կուսակալութենէն հասած վերջին հրահանգի լոյսին տակ Նախաձեռնարկ Մարմինը օրինաւոր չէր նկատուածն քանի որ Պատրիարքի ընտրութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէր այլեւս սա շրջանին։ Մենք կողմնակից եղած էինք որ Կրօնական Ժողովն ու նախաձեռնարկ Մարմինըն յաղթահարելով իրենց նախկին տարակարծութիւնըն համաձայնութեան մը գային ու միասնական դիմում մը կատարէին Անգարան բացատրէին թէ կողմնակից էինք ընտրութիւն իրականացնելու։ Նախաձեռնարկ Մարմինը շարունակ դէմ եկաւ Աթոռակից Պատրիարքի գաղափարինն դէմ գալով նաեւ իր գոյութեան պատճառին։ Կ’երեւի թէ այս անգամ ալ այս դիմումը կատարուած է առանց Կրօնական Ժողովի համամտութեանն ինչ որ անգամ մը եւս կը մտահոգէ մեզ։ Մաղթենք որ Անգարայի վաղուան այցելութիւնը բան մը եւս չխանգարէ արդէն բաւական կնճռոտած կացութեան մէջն ընդհակառակը օգնէ տարակարծութիւններու լուծման։ «Նոր Մորմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը