«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԻԱԿ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՈՒԺԵՂՈՒԹԻՒՆՆ Է, ԲԱՐԻ ՈՒ ԱԶՆԻՒ <br /> ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԴԱՌՆԱԼՆ Է»<br />


«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԻԱԿ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՈՒԺԵՂՈՒԹԻՒՆՆ Է, ԲԱՐԻ ՈՒ ԱԶՆԻՒ
ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԴԱՌՆԱԼՆ Է»

  • 20-07-2010 19:17:55   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Ուրբաթ 16 Յուլիս 2010-ի երեկոյեան ժամը 7-էն 9, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, իւրայատուկ հանդիպում մը կայացաւ լիբանանահայ մտաւորականութեան ընտրանիին եւ հայրենի անկախ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի միջեւ, անոր «Արցախեան Օրագիր, Կանաչ ու Սեւ, կամ՝ ոչ խաղաղութիւն, ոչ պատերազմ» խորագրեալ գիրքի Արեւմտահայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով հրատարակութիւններուն առիթով, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսչութեան: Զրոյցի բնոյթ ունեցող սոյն հանդիպման բացման խօսքը կատարեց «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, անդրադառնալով ներկայացուած հատորի այժմէական նկարագրին: Շ. Գանտահարեան նշումներ կատարեց միայն, ընդգծելու համար տարածաշրջանին մէջ արցախեան հարցին հրատապ ճակատագիրը, որ կը հանդիսանայ գլխաւոր հանգոյցը ընդհանուր խաղաղութեան ու կացութեան բնականոնացման: Թաթուլ Յակոբեան իր խօսքը սկսաւ երախտիքի արտայայտութիւններով, ուղղուած այն ամէն անձերուն, որոնք զօրավիգ կանգնած էին ե՛ւ առաջին հրատարակութեան, ե՛ւ մանաւանդ այս երկրորդ՝ Արեւմտահայերէն եւ Անգլերէն զոյգ հատորներու լոյս ընծայման: Ապա, ներածական կատարելով հատորի բովանդակութեան, նշեց թէ վերջին 20 տարիներու ընթացքին օրը օրին հետեւողականութեամբ արձանագրուած օրագիրը, անաչառ ու իրապաշտ մօտեցում է արցախեան թղթածրարին: Իր այս մօտեցումը հիմնաւորեց ան, մանաւանդ անկախ լրագրողի հանգամանքին վրայ, յիշելով նաեւ դիւանագիտական նկատումներէ զերծ մնացած ըլլալու իր անձնական մօտեցումը: Թ. Յակոբեանի իսկ փափաքով, ներկաները զրոյցի ձեւին տակ հարց-պատասխանի առիթ ունեցան, որու ընթացքին արծարծուեցան գլխաւորաբար արցախեան հարցի կարգաւորման բնոյթ ունեցող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուող հարցեր: Հարցումներու առաջին կալուածէն ներս, Թ. Յակոբեան հանգամանօրէն խօսեցաւ Մատրիտեան հին թէ նոր սկզբունքներուն եւ անոնցմէ բխած առաջադրանքներուն ու անպատեհութիւններուն մասին: Կողմերու միջեւ անվստահութիւնը՝ յատկապէս արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակին վրայ, Յակոբեան նկատեց փոխադարձ անվստահութեան գերագոյն նշան: Արցախեան հարցի ոչ խաղաղ պայմաններով լուծման մասին իր մտահոգութիւնները յայտնելով, հաւանական պատերազմի հնարաւորութիւնը հեռացնելու հայկական կողմէն կատարուած ամէն փորձ, իմաստուն քաղաքականութեան համազօր նկատեց Յակոբեան: Անցնող խաղաղ տարիներու ընթացքին կողմերուն զինումը նկատի ունենալով հանդերձ, ան թելադրեց թշնամին յիմարի տեղ դնելու մօտեցումէն հրաժարիլ: Յակոբեան կարեւորութեամբ շեշտեց նաեւ վերաբնակեցման հարցը: «Գրաւուած տարածքները միջազգային ընտանիքին դիմաց պահպանելու համար, պէտք է բնակուած լինեն: 12.000 քառ. քլմ. տարածութեան վրայ, ընդամէնը ապրում է 100.000 մարդ: Պետութիւնը պնդում է, թէ մեր ապահովութեան համար ենք պահում այդ տարածքները, իսկ միջազգային ընտանիքը կարող է ասել, մենք կ'ապահովենք ձեզ, վերադարձրէք դրանք: իսկ եթէ դրանք բնակուած լինեն, մենք կ'ունենանք այլ հիմնական պատճառ, այդ տարածքները չլքելու» ըսաւ ան: Իսկ տարածաշրջանին մէջ ռուսական գործօնին դերակատարութիւնը գնատահելու առումով, ըսաւ, թէ այսօր Հայաստանը այնքան ալ կարեւոր տարածաշրջան չէ անոր համար. «Հայաստանին միակ բարեկամը, իր ներքին ուժեղականութիւնն է, բարի ու ազնիւ պետութիւն դառնալն է» հաստատեց ան: Իր այս կէտով, Թ. Յակոբեան անցաւ հարցումներու երկրորդ բնագաւառին, որ կը վերաբերէր Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան: Ան նշեց, թէ Հայաստանը պէտք է Սփիւռքը ընդունի իբրեւ իր գործընկերը: Իրապաշտ մօտեցումով ու ինքնաքննադատական խոր հայեացքով, Յակոբեան ներկայացուց կեդրոնական Երեւանի մէջ նկատուող շռայլութեան կողքին, հայրենի այլ կենսամակարդակ, որ այնքան ալ բաղձալի չէ, թշուառ իրականութիւն ըլլալով: Ան ըսաւ, թէ «1000 հոգիի վրայ տիրող մէկ անձի» անարդար իրավիճակին բարելաւումով միայն կը հաստատուի կենցաղային արդարութիւնը, ուր հարուստն ու աղքատը, իբրեւ միեւնոյն երկրի քաղաքացիներ կարենան արժանապատիւ կեանքով ապրիլ: Գալով Սփիւռքին, Յակոբեան նշեց, թէ Սփիւռքը պէտք է իր օրակարգը ընդլայնէ: Անիկա միայն դրամ հայթայթողի տպաւորութիւն պէտք չէ թողու հայաստանցիներուն վրայ, այլ՝ գործընկերոջ: Հանդիպման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Վեհափառ Հայրապետը: Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին գնատահեց հեղինակը, յատկապէս իր անաչառ ու անկողմնակալ մօտեցումներուն համար: Գիրքը ակադեմական հրատարակութեան վերածելու ու օտար շրջանակներու սեփականութիւնը դարձնելու նշումներ կատարելէ ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտը դրաւ մեր ազգային միասնականութեան վրայ: «Գործակցութիւնն է մեր միակ ճամբան: Մենք իբրեւ ժողովուրդ, բարեկամներ չունինք: Մենք ենք մեր բարեկամը. Հայաստանը Սփիւռքին բարեկամն է, Սփիւռքը Հայաստանին, Հայաստանը՝ Արցախին, Արցախը՝ Սփիւռքին: Եթէ իբրեւ ժողովուրդ բարեկամ չունինք, սակայն որպէս ազգ՝ հաւաքաբար ապրելու գիտակցութիւն ունինք: Այս գործակցութեան պակասը զգալի է այսօր մեր կեանքէն ներս: Մէկ ամբողջութեան գաղափարով պիտի առաջնորդուինք, արժանաւորապէս մասնակից դառնալու համար հայրենաշինութեան ու ազգաշինութեան նուիրական գործին» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Յայտնենք, թէ հանդիպման ընթացքին, գեղարուեստական ընդմիջումներով հանդէս եկան Դպրեվանքի ուսանողները, ասմունքախառն երգերով, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Աբղ. Տօնոյեանի: ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Communication and Information Department of Catholicosate of Cilicia
  -   Մամլո հաղորդագրություն