Յարութ Սասունեան. Միացեալ Նահանգներ Ատրպէյճանը Եւ Թուրքիան Ընդգրկած Է Կրօնական Ազատութիւնները Ամէնէն Կոպիտ Ձեւով Խախտողներու Ցանկին մէջ
09-05-2019 11:45:33 | Հայաստան | Յօդուածներ
29 Ապրիլ 2019-ին Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով յանձնախումբը (USCIRF) հրապարակած է իր ամենամեայ զեկոյցը՝ թուարկելով «աշխարհի մէջ կրօնական ազատութիւններու ամէնէն կոպիտ ձեւով խախտողները, եւ զարմանալի չէ, որ անոնց շարքին են Ատրպէյճան եւ Թուրքիա: Երկու պետութիւնները կը դասակարգուին իբրեւ «Յատուկ մտահոգութեան երկիրներ»:
USCIRF՝ իբրեւ անկախ, երկկուսակցական յանձնախումբ, խորհուրդներ կու տայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, Գոնկրեսին եւ պետական քարտուղարին կրօնական ազատութեան միջազգային հարցերու մասին: USCIRF իր տարեկան զեկոյցին մէջ կը նկարագրէ աշխարհի կրօնական ազատութիւններուն դէմ ուղղուած սպառնալիքները եւ խորհուրդ կու տայ Պետական քարտուղարութեան՝ «յատուկ մտահոգութեան երկիրներ»ու նշանակման գծով «համակարգուած, շարունակական, կոպիտ խախտումներու մէջ» ներգրաւուած ըլլալու կամ հանդուրժելու համար:
Հակառակ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն՝ իրենց երկրին մէջ «հանդուրժողականութեան» բազմաթիւ պնդումներուն եւ օտարերկրացի զանազան ռաբբիներու եւ բողոքական առաջնորդներու քարոզչութեան՝ USCIRF-ի զեկոյցը հաստատած է, որ «կառավարութիւնը կը շարունակէ վերահսկել կրօնական գործունէութիւնը՝ «Կրօնի ազատութեան մասին» 2009 թուականի օրէնքի եւ վարչական ու քրէական օրէնսգիրքերու համապատասխան լրացումներու միջոցով, որոնք կրօնական համայնքներէ կը պահանջեն արձանագրուիլ կառավարութեան կողմէ եւ կը քրէականացնեն կրօնական չարձանագրուած ամբողջ գործունէութիւնը: Դրական նկատուած է ոչ մահմետական կրօնական չորս համայնքներու արձանագրութիւնը իշխանութեան կողմէ: Սակայն, տարուան ընթացքին, տեղական ոստիկանական ուժերը շարունակած են ոտնահարել, ստուգման այցեր կատարել, ձերբակալել եւ տուգանքի ենթարկել կրօնական համայնքները, որոնք չեն համապատասխաներ արձանագրութեան պահանջներուն եւ զանազան տեսակի սահմանափակումներ եղած են կրօնական գրականութեան հրատարակման, պահպանման եւ տարածման գործին մէջ, թէեւ համայնք մը զեկուցած է ոստիկանական ոտնձգութիւններու նուազման մասին: Տարուան ընթացքին բողոքականները, Եհովայի վկաները եւ մահմետական կարգ մը խմբաւորումներ թիրախ դարձած են, քանի որ մահմետական համայնքի քանի մը անդամներ ստիպուած եղած են դիմակայելու իշխանութիւններու կողմէ լրացուցիչ վերահսկողութիւն. այդ անդամները կասկած ունին եւ երկրին մէջ կը փորձեն սահմանափակել Իրանի իշխանութեան ազդեցութիւնը կամ խմբակային գործունէութիւնը»:
Տարեկան զեկոյցին մէջ նաեւ նշուած է, որ «Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ պնդած են, որ մօտաւորապէս խիղճի ազատութեան 68 բանտարկեալներ, որոնցմէ շատեր Մահմետական միասնութեան շարժման (ՄՄՇ) անդամներ են, ձերբակալուած մնացած են Ատրպէյճանի մէջ կրօնական հիմքերով: 2018 տարեշրջանին ընթացքին շարունակուած են «համակարգային եւ «տեղայատուկ» (endemic) խոշտանգումներու մասին պնդումները, յատկապէս, ՄՄՇ-ի անդամներուն դէմ»:
Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակազմը կը վերահսկէ կրօնական խումբերու գործունէութիւնը՝ անոնցմէ պահանջելով արձանագրուիլ: USCIRF կը հաղորդէ, որ անոնք, որոնք «կը մերժեն արձանագրուիլ կամ կը հրաժարին աստուածաբանական հիմքերով արձանագրուելէ, կը նկատուին «անօրինական» եւ կրնան ենթարկուիլ ոստիկանական ստուգման այցերու, կալանաւորման, ձերբակալութիւններու կամ տուգանքի»: Ատրպէյճանի մէջ գործող քանի մը քրիստոնէական խումբեր, ինչպէս՝ Մկրտչականները եւ Եհովայի վկաները, «կը շարունակեն չկարենալ արձանագրուիլ»: Որոշ պարագաներու, կառավարութիւնը տարիներով կը ձգձգէ արձանագրութիւնը՝ անոնց դիմումներուն մէջ «թեքնիքական թերութիւններ»ու պատճառաբանութեամբ: Օրինակ, Եհովայի վկաները Գեանջա քաղաքի մէջ 2010-էն ի վեր դիմում կատարած են արձանագրութեան եւ մինչեւ այսօր չեն ստացած՝ Մայիս 2016-ին ներկայացուցած իրենց վերջին դիմումին պատասխանը: Զաքաթալայէն դուրս՝ Ալիապատ գիւղին մէջ մկրտչականները նոյնպէս դիմած են արձանագրութեան եւ մերժուած են, 1994-ին: Անոնց ըսուած է, որ նոյնիսկ չեն կրնար հանդիպումներ ունենալ՝ Սուրբ Ծննդեան տօները միասնաբար նշելու համար»...
USCIRF հաղորդած է՝ «2014-ին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը նշած է, որ օրէնքը «անսահմանափակ հայեցողական իշխանութիւն» կու տայ պաշտօնատար մարդոց՝ կրօնական գործունէութիւնը «անօրինական» սահմանելու եւ դատապարտելու համար»:
Աւելին. «2018-ին Ատրպէյճան իր համընդհանուր պարբերական զեկոյցը ներկայացուցած է ՄԱԿի մէջ։ Շարք մը երկիրներ մտահոգութիւն յայտնած են՝ Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութիւններու վերաբերեալ տիրող պայմաններուն մասին, ինչպիսիք են՝ պարտադիր արձանագրութեան պահանջները, սահմանափակումները՝ ոչ աւանդական կրօնական համայնքներու նկատմամբ եւ, ընդհանուր առմամբ, կրօնական խումբերու ունակութիւնը մասնաւոր եւ հանրային գործունէութիւն ծաւալելու համար, եւ իրենց հաւատքին համար բանտարկուած եւ խոշտանգուած անհատները: Ասկէ զատ, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները եւս նմանօրինակ տեղեկութիւններ եւ առաջարկներ ներկայացուցած են Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութիւններու մտահոգութիւններու մասին», ըսուած է USCIRF-ի զեկոյցի մէջ:
Զարմանալի է, որ Ատրպէյճանի մէջ նոյնիսկ Սուրբ Քուրան ունենալը կրնայ անօրինական համարուիլ։ «Փետրուար 2018-ին, Մահմետական միասնութեան շարժման առաջնորդ եւ Շիի մահմետական աստուածաբան Թալեհ Պաղիրով (որ ծանօթ է նաեւ Պակիրզատէ մականունով) ստացաւ լրացուցիչ հինգ ամսուան պատիժ՝ պահելուն համար փոքր չափու սկաւառակներ, որոնք կը պարունակէին Քուրանէն հատուածներ եւ ձայնագրութիւններ», կը հաղորդէ USCIRF:
Մէկ այլ կրօնական լուրջ խախտում է սրբատեղիներուն փակումը: «2018 թուականին տակաւին փակ կը մնան այն մզկիթները, զորս կառավարութիւնը տարիներ առաջ փակած էր վերանորոգման պատրուակով եւ անոնց վերանորոգման կամ վերաբացման մասին պաշտօնական ժամկէտներ չեն նշուած։ Փակումը քննադատողներ կը կարծեն, որ ասիկա «արմատական» նկատուող մահմետականները թիրախաւորելու նպատակով կատարուած՝ կառավարութեան ջանքերուն մէկ մասն է։ Հին Պաքուի մէջ գտնուող Աշուր մզկիթը, որ նաեւ ծանօթ է իբրեւ լեզկիներու մզկիթ, փակուած է Յուլիս 2016-ին, հակառակ տեղական մահմետական տեղական համայնքի բողոքներուն, ուր մտահոգութիւն կը յայտնէին, որ վերանորոգումը կառավարութեան կողմէ համայնքը ցրուելու նպատակով կատարուած փորձերուն մէկ մասն է։ Հաշուետու ժամանակահատուածի վերջաւորութեան մզկիթը դեռ փակ էր։ Տարուան ընթացքին Բաքուի եւ այլ շրջաններու մէջ բազմաթիւ այլ «ոչ աւանդական» մզկիթներ շարունակեցին ենթարկուիլ ստուգման այցերու եւ փակման, անոնց շարքին՝ Նաքշպանտիի սուֆի համայնքին հետ կապուած մզկիթը․․․: Ապրիլ 2018-ին աւարտեցաւ Հաճի Ճաւատ մզկիթի նոր շէնքին շինարարութիւնը։ Նախկին մզկիթը քանդած էին Յուլիս 2017-ին տեղի ունեցած ցոյցերու ժամանակ», կը հաղորդէ USCIRF։
Զեկոյցը նաեւ կը լուսաբանէ ստուգման այցերը տուներու եւ կեդրոններու, ուր կառավարութեան կողմէ կրօնական ծառայութիւններ կ՛իրականացուին չարձանագրուած խումբերու գծով։ Զեկոյցին մէջ կը յիշատակուին Արեւելեան յիսունական եկեղեցւոյ եւ Եհովայի վկաներու անդամներու նկատմամբ ոտնձգութիւնները։ Աւելին. Եհովայի վկաներու քանի մը անդամներ հետապնդուած են զինուորական ծառայութեան առարկութեան համար, հակառակ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան այն դրոյթին, որ թոյլ կու տայ այլընտրանքային ծառայութիւն կատարել խիղճի հիմնաւորումով։
Վերջապէս, Ալիեւի կառավարութիւնը գրաւած է կրօնական բոլոր նիւթերը, որոնք չեն հաստատուած մինչեւ արտադրուիլը կամ Ատրպէյճան ներմուծուիլը։ «Կրօնական գրականութեան վաճառքը եւ տարածումը կրնան իրականացուիլ միայն նախապէս հաստատուած խանութներու կամ վայրերու մէջ», ըստ USCIRF-ի:
Յառաջիկայ շաբաթ պիտի լուսաբանենք կրօնական ազատութիւններու խախտումները Թուրքիոյ մէջ: