Ա. Աշխարհամարտի Տարիներուն Հայ Եւ Թուրք Ռազմագերիները Պահուած Են Հնդկաստանի Եւ Պըրմայի Մէջ. Յարութ Սասունեան
07-08-2019 13:40:48 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Օսմանեան կայսրութիւնը Ա. Համաշխարհային պատերազմի մէջ մտաւ իբրեւ Գերմանիոյ կողմնակից՝ ընդդէմ Ֆրանսայի, Միացեալ Թագաւորութեան, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ քանի մը այլ երկիրներու:
2.6 միլիոն օսմանցի զինուորներէն 250 հազարը գերեվարուեցան Դաշնակից տէրութիւններու կողմէ իբրեւ ռազմագերիներ: Գերութեան մէջ, տասնեակ հազարաւորները անոնցմէ մահացան հիւանդութիւններու, սովի եւ կլիմայական ծանր պայմաններու պատճառով: Օսմանցի զինուորներու մեծ մասը թուրքեր էին, բայց կային նաեւ քիչ թիւով հայեր, ասորիներ, յոյներ, հրեաներ, լազեր, չերքեզներ եւ արաբներ: Հայ զինուորներու մեծ մասը զինաթափուած էր, սպաննուած կամ հարկադրաբար աշխատած բանուորական գումարտակներու մէջ: Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն մօտաւորապէս կէս միլիոն օսմանցի զինուորներ լքած էին բանակը:
Դոկտ. Համիտ Հուսէյն Փաքիստանի «Defense Journal» ամսագրին մէջ տպագրած է հետաքրքրաշարժ պատմութիւն մը Իրաքի մէջ գերեվարուած օսմանցի ռազմագերիներու ճակատագիրին մասին. այդ ռազմագերիները աւելի ուշ ուղարկած էին Հնդկաստան եւ Պըրմա (ներկայիս՝ Միանմա): Այդ օրերուն Պըրման Հնդկաստանի մէկ մասն էր մինչեւ 1937ի անջատումը։
Ամէնէն մեծ թիւով թուրք ռազմագերիներ պատանդ տարուած էին բրիտանացիներու կողմէ եւ պահուած էին Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ Մալթայի մէջ, բացի Իրաքէն, Հնդկաստանէն եւ Պըրմայէն: Ռուսիա, Ֆրանսա, Ռումանիա եւ Իտալիա նոյնպէս գրաւած էին մեծ թիւով թուրք ռազմագերիներ:
Դոկտ. Հուսէյն գրած է, որ բրիտանացիներու կողմէ Իրաքի մէջ պատանդ վերցուած թուրք ռազմագերիները սկիզբը պահած են Պասրայի երկու ճամբարներու մէջ, առաջինը մեկուսացման ճամբար՝ «քարանթինի մէջ պահելով հիւանդ ռազմագերիները եւ երկրորդը՝ դիտորդական ճամբար: Սովորաբար ռազմագերիները 2էն 4 շաբաթ մնացած են դիտորդական ճամբար, նախքան Հնդկաստան եւ Պըրմա տեղափոխումը: Զանոնք նաւերով տեղափոխած են Քարաչի եւ Պոմպէյ, իսկ այնուհետեւ՝ երկաթուղիով Հնդկաստանի երկու ճամբարներ: Պելարիոյ մէջ ռազմագերիներուն մեծ մասը ազգութեամբ ցեղային թուրքեր էին, մինչդեռ Սումերփուրի [3336] ռազմագերիներուն մեծ մասը ոչ թուրքեր էին (արաբներ, քրիստոնեաներ եւ հրեաներ)»:
Հետաքրքրական է՝ դոկտ. Հուսէյն բացայայտած է, որ Սումերփուրի ճամբարի մէջ «երկու հայեր, որոնք սահուն կերպով կը տիրապետէին անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի, աշխատած են իբրեւ թարգմանիչներ: Մահմետականները աղօթած են ճամբարի փոքրիկ մզկիթին մէջ: Վանական ֆրանսացի մը պարբերաբար եկած է ճամբար պատարագելու՝ ճամբարի կաթողիկէ քրիստոնեաներուն համար: Գահիրէի հայոց եպիսկոպոս Թորգոմ Քուշագեան այցելած է ճամբար 1916ին, Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ:
Դոկտ. Հուսէյն նաեւ տեղեկացուցած է, որ Հնդկաստանի Պելարի քաղաքը գտնուող ռազմագերիներու ճամբարին մէջ կը պահուէին ընդամէնը 137 օսմանցի ռազմագերիներ, գրեթէ բոլորը սպաներ: Հետագային աւելի շատ բանտարկեալներ բերուեցան հոն: «Թուրք սպաները ռազմական բարեփոխումներու արդիւնք էին եւ աշխարհիկ՝ մտահորիզոնով: Շատերը պարբերաբար կ՛օգտագործէին ոգելից ըմպելի, ինչ որ արգիլուած էր մահմետականներուն։ Անհրաժեշտ էր բժիշկի կարգադրութիւնը, եւ սպան կրնար գնել ամսական երեք շիշ խմիչք: Ուիսքին եւ կազով ջուրը սիրուած էին սպաներու կողմէ: Հոս մահացած որոշ ռազմագերիներ թաղուած էին ճամբարէն դուրս: Գերեզմաններու մեծ մասը վերցուած է ռազմական օդակայանի ընդարձակման ընթացքին: 1997ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը յուշարձան կանգնեցուց ճամբարի տարածքին մէջ եւ վերականգնեց մնացած երկու գերեզմանները»:
Պըրմայի Թայեթմիօ քաղաքը գտնուող ճամբարին մէջ «կային 3591 օսմանցի ռազմագերիներ, որոնց մեծ մասը թուրքեր էին, սակայն կային նաեւ հայեր, սուրիացի քրիստոնեաներ եւ հրեաներ: Ռանկունի մահմետական, հայկական եւ հրէական կրօնական համայնքները նուէրներ կ՛ուղարկէին իրենց հաւատակից ռազմագերիներուն», գրած է դոկտ. Հուսէյն։
Հետաքրքրական է, որ «բրիտանական ճամբարի վարիչը մզկիթ կառուցելու խորհուրդ տուած է թուրք սպաներուն, սակայն Սուպի Պէյ, որ նշանակալից ազդեցութիւն ունէր բանտարկեալներու շրջանին մէջ, դէմ եղած է առաջարկին՝ կրօնական նկատառումներով: Ան յայտարարած էր, որ երբ ռազմագերիները հեռանան, մզկիթը լքուած կ՛ըլլայ, իսկ այդ մէկը չի թոյլատրուիր կրօնական կանոններով», արձանագրած է դոկտ. Հուսէյն:
Պըրմայի Մէյիքթիլ քաղաքի ճամբարը կը գտնուէին շուրջ 10 հազար օսմանցի ռազմագերիներ: «Բանտարկեալներուն մեծ մասը օրը կ՛անցընէր պարապ նստած եւ խաղաթուղթ կամ նարտի խաղալով: Օսմանցի կարգ մը ռազմագերիները կ՛օգտագործէին իբրեւ աշխատողներ՝ ծխախոտի մշակման վայրերու մէջ, ամբարտակ փորելու եւ Շանի երկաթուղին կառուցելու համար», կ՛աւելցնէ դոկտ. Հուսէյն:
Պըրմայի երկու ճամբարներուն մէջ մահացած է մօտաւորապէս հազար օսմանցի ռազմագերի: «2012ին, յարաբերութիւնները Միանմայի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարելաւուած էին, եւ երկու կառավարութիւնները համաձայնած էին վերականգնելու գերեզմանատուները: Թայեթմիոյի գերեզմանատունը վերականգնուած էր թրքական հովանաւորութեամբ եւ աշխատանքները աւարտած էին 2016ին», կը յայտնէ դոկտ. Հուսէյն: Այսուամենայնիւ, Պըրմայի մէջ հակաիսլամական տրամադրութիւններու պատճառով կեղծ լուրեր տարածուեցան այն մասին, որ մզկիթ կը կառուցուի՝ «հին եւ քանդուած գերեզմանոցը վերականգնելէ բացի, ուր Մէյիքթիլայի մէջ թաղուած են օսմանցի ռազմագերիները...: Թուրքիոյ կառավարութիւնը համաձայն էր վերականգնելու գերեզմանատունը, սակայն մզկիթ կառուցելու ծրագիր չկար: Այս լուրը յանգեցուց հակաիսլամական բռնութիւններու եւ գերեզմանոցը վերականգնելու ծրագիրը յետաձգուեցաւ...: Գերեզմանոցները թալանուեցան Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, իսկ 70 տարիներու լքուած վիճակը ջնջեց անցեալի հետքերուն մեծ մասը: Տարիներու ընթացքին տեղւոյն մահմետականները հաւաքեցին մօտաւորապէս 200 գերեզմանաքարեր եւ զանոնք տեղափոխեցին տեղւոյն մզկիթին բակը: 2013ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը նախատեսեց նաեւ վերականգնել ռազմագերիներու գերեզմանատունը Սումերփուրի մէջ [Հնդկաստան], որ ունէր մօտաւորապէս 149 գերեզման: Այս շրջանը հպարտ «արքայազուն»ներու (Rajput) կեդրոնն է. անոնք Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերուն կռուած էին բրիտանացիներու կողքին: Տեղացիներէն ոմանք բողոքած էին վերականգնման նախագիծին դէմ՝ պնդելով, որ «ռաճփութ»ներու յուշահամալիր չկայ, անոնք կռուած են ամբողջ աշխարհի մէջ, մինչդեռ կը նախատեսուի յուշարձան կառուցել օտարերկրացի զինուորներու համար»:
Շատ ցաւալի է իմանալ, որ օսմանեան բանակին մէջ գտնուող հայ զինուորները Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն գերեվարուած եւ պահուած են Հնդկաստանի եւ Պըրմայի մէջ: Անոնք խուսափած են մէկ աղէտէ՝ յայտնուելով մէկ այլ արհաւիրքի՝ գերութեան մէջ: Անոնցմէ շատեր մահացած եւ թաղուած են այդ հեռաւոր երկիրներուն մէջ:
Հայ, թուրք եւ այլ ցեղային խումբերու զինուորները ահաւոր չափով վնաս կրած են երիտթրքական «խունթա»յի անխոհեմ որոշումներուն պատճառով՝ Ա. Աշխարհամարտի մէջ մտնելով իբրեւ Գերմանիոյ դաշնակից եւ մահուան դատապարտելով միլիոնաւոր հայեր, ասորիներ եւ յոյներ: