Ամերիկահայեր Դատ Բացած Են Թուրքիոյ Դէմ՝ Իրենց Հայրենի Երկիրը Առանց Անձնագիր Այցելելու Համար. Յարութ Սասունեան


Ամերիկահայեր Դատ Բացած Են Թուրքիոյ Դէմ՝ Իրենց Հայրենի Երկիրը Առանց Անձնագիր Այցելելու Համար. Յարութ Սասունեան

  • 22-08-2019 14:53:18   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

29 Մայիս 2019ին երկու ամերիկահայեր Միացեալ Նահանգներու՝ Քալիֆորնիոյ կեդրոնական շրջանի դաշնակցային դատարան դիմած են դատական եզակի խնդիրքով, որ հիմնուած չէր Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ: Անոնք դատ բացած են թրքական կառավարութեան դէմ:
 
Դատական հայցը յարուցուած է 88 տարեկան Պարգեւ Ղազարեանի եւ անոր զաւկին՝ Կարօ Ղազարեանի կողմէ՝ պնդելով «տարեցներու նկատմամբ օրէնքով սահմանուած բռնութեան գործադրման, դիտաւորեալ յուզական տագնապի պատճառման, միջազգային օրէնքի խախտման, վստահուած անձի պարտականութիւններու խախտման եւ ժառանգութեան ակնկալիքի դիտաւորեալ միջամտութեան մասին», գրուած է «Քըրքոնեան Տաճանի» ՍՊԸ փաստաբանական ընկերութեան կողմէ ներկայացուած 44 էջնոց բողոքին մէջ:
 
Հայցուոր Պարգեւ Ղազարեան Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է, ծնած է 20 Ապրիլ 1931ին, Թուրքիոյ Գալատուրան գիւղը: Ան ներկայիս կ՛ապրի Գալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքը: Անոր որդին եւս՝ Կարօ Ղազարեան, որ ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է եւ կ՛ապրի Կլենտէյլ:
 
Բողոքին մէջ կը հաստատուի, որ հայցուորներուն անձնական վիրաւորանք հասցուած է՝  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական կառավարութեան պաշտօնեաներու կամ գործակալներու խճճուած գործողութիւններու կամ թերացման պատճառով:
 
1930ական թուականներուն Գալատուրանը հայկական փոքրիկ գիւղ մըն էր, ներկայի Սուրիոյ Քեսապ հայկական աւանի մերձակայքը: Պարգեւ Ղազարեան մկրտուած է իբրեւ հայ քրիստոնեայ «Պալումի մէջ, Թուրքիա գտնուող սրբազան արարողութիւններու վայրը, 1931 թուականին», նշուած է դատական հայցին մէջ: Պալումը կամ Պառլումը յունահռոմէական աւերակներու հնագոյն վայր մըն է, որ կը գտնուի Գալատուրանէն քիչ մը անդին: Դարեր շարունակ տեղւոյն հայերը, ներառեալ Պարգեւին ընտանիքը, Պալում գացած են ուխտագնացութեան՝ կատարելու համար իրենց կրօնական եւ մշակութային ծէսերը:
 
1939ին, Գալատուրանը բաժնուեցաւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ՝ Պարգեւին տունը ձգելով  սուրիական կողմը, մինչ անոր ընտանիքին պատկանող դաշտերն ու հողերը մնացին թրքական կողմը: Քանի որ Պալումը նոյնպէս կը մնար թրքական հսկողութեան տակ, Գալատուրանի հայերը այլեւս չէին կրնար իրականացնել իրենց ծէսերը այդ վայրին մէջ:
 
11 Հոկտեմբեր 2017ին, Պարգեւ որոշած է մեկնիլ Թուրքիա՝ Պալում այցելելու համար: Ան դիմում ներկայացուցած է վիզայի համար՝ Ուաշինկթընի թրքական դեսպանատուն եւ նշած, որ կ՛ակնկալէ Թուրքիա մուտք գործել 23 Դեկտեմբեր 2017ին: Վիզայի դիմումին մէջ՝ «անձնագիրի տեսակը» խմբաւորման տակ ան նշել է՝ «այլ», եւ «կը խնդրենք մատնանշել»  վանդակին տակ գրած է՝ «հայ քրիստոնեայ»: Պարգեւ նաեւ նշած է, որ ինք ծնած է Գալատուրան, Թուրքիա, ուր եւ կ՛ուզէ մուտք գործել «կրօնական ուխտագնացութեան» նպատակով: Համաձայն խնդրանքին՝ ան նպատակ ունէր «հայրենի կրօնական եւ մշակութային աւանդոյթները փոխանցել զաւկին՝ հայցուոր Կարոյին եւ շառաւիղներուն»:
 
Պատահականօրէն, 8 Հոկտեմբեր 2017ին, Թուրքիա դադրեցուցած է վիզաներու տրամադրումը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն՝ ի պատասխան Ամերիկայի կողմէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ նմանատիպ արգելքի հակադարձութեան, մինչեւ 28 Դեկտեմբեր 2017: Պարգեւ չունէր ամերիկեան անձնագիր, սակայն եթէ նոյնիսկ ունենար, Թուրքիա պիտի մերժէր անոր մուտքի վիզա տալ՝ վերոնշեալ արգելքին պատճառով: Թուրքիոյ դեսպանութիւնը Պարգեւի՝ վիզայի վերաբերեալ դիմումը ստացած է Թուրքիա հասնելէն 71 օր առաջ, մինչդեռ դեսպանութիւնը կը պահանջէր, որ նմանօրինակ դիմումները ներկայացուին մեկնումի ակնկալուած թուականէն առնուազն 30 օր առաջ: Պատասխան չստանալով Թուրքիոյ դեսպանատունէն, Պարգեւը յիշեցում ղրկած է 6 Դեկտեմբեր 2017ին՝ հետաքրքրուելով իր վիզայի դիմումի կարգավիճակին մասին: 
 
11 Դեկտեմբեր 2017ին, Թուրքիոյ դեսպանատան պաշտօնեան հեռաձայնած է Պարգեւի զաւկին գրասենեակը՝ նշելով, որ դեսպանատունը չի գիտեր, թէ ի՞նչ տեսակի վիզա կը խնդրէ Պարգեւը, հակառակ անոր, որ դիմումնագիրին մէջ յստակ նշուած էր՝ «կարճատեւ այց»: Ի պատասխան՝ 18 Դեկտեմբեր 2017ին, Պարգեւ ելեկտրոնային նամակ մը ուղարկած է դեսպանատուն:  Այնուհետեւ, 21 Դեկտեմբեր 2017ին ան յիշեցում մը եւս ուղարկած է դեսպանատուն՝ գիշերային թղթատարով: 22 Դեկտեմբեր 2017ին, երբ նոյն օրը Պարգեւ պէտք է թռչէր Թուրքիա, դեսպանութեան հիւպատոսական բաժինը ելեկտրոնային նամակ մը ուղարկած է Պարգեւին՝ յանձնարարելով անոր, որ իր անձնագիրով դարձեալ դիմէ Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարան: Պարգեւի փաստաբաններուն ներկայացուցած դիմումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները «անհանգստացուցած, վրդովուեցուցած, շփոթեցուցած եւ խանգարած են Պարգեւը՝ նպատակ ունենալով արժեզրկել անոր ինքնութիւնը՝ իբրեւ Թուրքիա ծնած հայ քրիստոնեայ»:
 
Դիմումին մէջ մէջբերուած է նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի 1923 թուականի յայտարարութիւնը՝ ուղղուած թուրքերուն. «Հայերը ընդհանրապէս իրաւունքներ չունին այս բարգաւաճ երկրին մէջ: Հողը ձերն է, հողը կը պատկանի թուրքերուն: Պատմութեան մէջ այս հողը թրքական էր, հետեւաբար անիկա թրքական է եւ յաւիտեան պիտի մնայ թրքական: Վերջապէս հողը վերադարձուած է իր օրինական տէրերուն: Հայերը եւ միւսները հոս ոչ մէկ իրաւունք ունին: Այս օրհնուած շրջանները իսկական թուրքերու հայրենի հողերն են»:
 
Փաստաբաններու դիմումին մէջ նաեւ արձանագրուած է, որ «այդպիսի յայտարարութիւններով, իսկ յետոյ օրէնսդրական, գործադիր, վարչական եւ այլ պաշտօնական եւ (կամ) ոչ պաշտօնական գործողութիւններու միջոցով է, որ ամբաստանեալը ստեղծած է  նպատակային քաղաքականութիւն՝ նոյնինքն Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման ժամանակ: Նպատակային քաղաքականութեան հիմնական նպատակը բնիկ հայ քրիստոնեաները իրենց իրաւունքներէն եւ ինքնութենէն զրկելն էր՝ անմարդկայնացնելու, նուաստացնելու, սեփականազրկելու, թշնամացնելու, ընտրելու իրաւունքէն զրկելու, լուծարելու եւ այլ կերպ հեռացնելով հայ քրիստոնեաները իրենց հայրենի հողերէն, հայրենի աւանդութենէն եւ կրօնական սովորութիւններէն, այդ հողերուն մէջ: Այս նպատակային քաղաքականութիւնը իրականացուած, հիմնարկուած, կատարելագործուած եւ պահպանուած է ամբաստանեալի յաջորդական կառավարութիւններուն եւ գործակալներուն կողմէ»:
 
Դիմումին մէջ Թուրքիա եւ գործակալները կը մեղադրուին միջազգային հետեւեալ պայմանագիրները խախտելու յանցանքով՝ Պարգեւի նկատմամբ իրենց վատ վերաբերմունքով. 
 
- ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրը,
 
- ՄԱԿի սկզբունքները տարեցներու համար,
 
- Լօզանի պայմանագիրը,
 
- Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը,
 
- Տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրը,
 
- Ծերացման խնդիրներու Վիեննայի գործողութիւններու միջազգային ծրագիրը,
 
- Ծերացման խնդիրներու մատրիտեան միջազգային ծրագիրը,
 
- ՄԱԿի հռչակագիրը բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն վերաբերեալ:
 
Ցաւօք, Պարգեւին առողջութիւնը վատթարացած է 2017ին, Թուրքիա կատարելիք այցելութեան թուականէն ետք եւ ան այլեւս ի վիճակի չէ ճամբորդելու: Ասիկա վերջին հնարաւորութիւնն էր, որով Պարգեւ կարենար այցելել իր բնօրրաննը եւ իբրեւ հայ քրիստոնեայ կատարէր իր կրօնական ծէսերը: Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պարգեւը զրկեց այդ կարելիութենէն՝ Թուրքիա մտնելու արտօնութիւն չտալով անոր:
 
10 Յունիս 2019ին, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարանը հայցուորներէն խնդրեց գրաւոր դիմում ներկայացնել մինչեւ 28 Յունիս 2019 այն մասին, թէ ինչո՞ւ գործը պէտք չէ փակել առարկայական իրաւասութեան բացակայութեան պատճառով: Դատարանի պահանջով, հայցուորները 25 էջնոց յուշագիր ներկայացուցին 28 Յունիս 2019ին՝ բացատրելով, որ Թուրքիա, իբրեւ օտար երկրի գերիշխանութիւն, իրաւունք չունի խախտելու Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքները, մասնաւորապէս ամերիկեան հողի վրայ:
 
11 Յուլիս 2019ին, դաշնակցային դատարանը որոշում կայացուց, որ «կը յետաձգէ իր իրաւասութեան մասին որոշումը, մինչեւ որ Թուրքիա ստանայ հայցը եւ հնարաւորութիւն ունենայ տրամադրելու իր տեսակէտները այս հարցին մասին»:
 
Այս դիմումը եզակի հնարաւորութիւն կու տայ հաստատելու հայերու իրաւունքները՝ առանց անձնագիրի այցելելու իրենց հայրենի հողերը, որոնք այժմ գրաւուած են Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ… 
 
 
 
Յարութ Սասունեան 
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
 Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ