Ընտրական Բարձրագոյն Խորհուրդը վերատեսութեան ենթարկեց վէթոյի իր որոշումը


Ընտրական Բարձրագոյն Խորհուրդը վերատեսութեան ենթարկեց վէթոյի իր որոշումը

  • 22-04-2011 19:26:25   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ չէ որ կը պատահի այն ինչ որ պատահեցաւ Ընտրական Բարձրագոյն Խորհուրդի կողմէ 12 անկախ թեկնածուներուն դէմ հռչակուած վէթոյով։ Նմանօրինակ դէպքեր շարունակ կը պատահին ներքին քաղաքական կեանքի ամփիթատրոնին վրայ, պետական այս կամ այն մարմինը որոշում մը կը հրապարակէ, փոթորիկ մը կը պայթի, խռովութիւններ, նոյնիսկ սպանդներ կը պատահին մինչեւ որ յանկարծ խանգարուածը սրբագրելու քայլեր կ’առնուին։ Յետոյ կացութիւնը կը խաղաղի։ Այն ատեն ոմանք հարց կուտան թէ ո՞վ պիտի վճարէ այս միջադէպին առիթով ստեղծուած վնասներուն ու մահերուն հաշուեցուցակը։ Ո՞վ պիտի վճարէ։ Մինչեւ այսօր ոեւէ մէկը վճարե՞ց այդպիսի հաշուեցուցակ մը։ Թուրքիոյ մէջ տասնամեակներէ ի վեր անվճար մնացած ինչ հաշուեցուցակներ կան։ Երէկ իրիկուն Ընտրական Բարձրագոյն Խորհուրդը վերատեսութեան ենթարկեց վէթոյի իր որոշումը, կամ ըսենք՝ որ նկատի առաւ թեկնածուներուն կողմէ յանձնուած նոր փաստաթուղթերը ու անկէ վերջ Պէ-Տէ-Փէցի 7 անկախ թեկնածուներէն վեցին դէմ դրուած վէթոն ջնջեց։ Այս կերպով արգելք չմնաց որպէսզի Զանա, Հաթիպ Տիճլէ եւ միւս ընկերները երեսփոխան ընտրուին։ Անոնցմէ միայն Իսա Կիւրպիւզին դէմ վէթօն ներկայիս դեռ կը շարունակուի ՓՔՔ-ի կապակցութեամբ բացուած դատերու հետեւանքով։ Երէկ իրիկուն ամէն մարդ գոհունակութիւն կը յայտնէր Բարձրագոյն Խորհուրդի այս նոր որոշումին համար, բայց խօսքը դեռ չկայ միւս անկախ թեկնածուներու կացութեան մասին։ Նաեւ հարցն այն է որ մինչեւ որ Ընտրական Բարձրագոյն Ատեանը սրբագրեց իր որոշումը, կամ պահանջեց այն փաստաթուղթերը զորս նախապէս չէր պահանջած, ինչե՜ր ու ինչեր պատահեցան զանազան քաղաքներու մէջ։ Երէկ տակաւին, վէթոյի որոշումին սրբագրութենէն քանի մը ժամ առաջ Վանի մէջ բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ ու մոլոթովեան պայթուցիկներ նետուեցան դրամատան մը մասնաճիւղին վրայ, ապահովութեան ուժերը դժուարաւ փրկեցին ներսը մնացած երեք պաշտօնեայ կիներ, որոնցմէ մէկը յղի էր եւ որոնք հիւանդանոց փոխադրուեցան։ Իսկ այս ցոյցը կը կատարուէր մէկ օր առաջ Տիյարպաքըրի Պիսմիլ գաւառակի մէջ պատահած խռովութիւներու ընթացքին սպաննուած երիտասարդի մը՝ Իպրահիմ Օրուչի մահուան դէմ իբր բողոք։ Այս երկու օրերու ընթացքին քանի քանի տեղեր խռովութիւններ պատահեցան, խանութներ ռմբահարուեցան ու հրկիզուեցան, մարդիկ վիրաւորուեցան, գրգռիչ ուժեր գործ տեսան, եւ հիմա ժամանակը եկաւ հարցնելու թէ ո՞վ պիտի վճարէ պարապ տեղ պատահած այս խռովութիւններուն հաշուեցուցակը։ Անշուշտ ո՛չ մէկը պիտի վճարէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը