Յարութ Սասունեան. Թրամփ Կ՛ենթարկուի Էրտողանի Պահանջներուն․ Պոչն Է Որ Կը Շարժէ Շունը


Յարութ Սասունեան. Թրամփ Կ՛ենթարկուի Էրտողանի Պահանջներուն․ Պոչն Է Որ Կը Շարժէ Շունը

  • 23-10-2019 09:58:43   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ամէն անգամ, երբ Թրամփ հեռաձայնային զրոյց կ՛ունենայ ուրիշ պետութեան մը ղեկավարին հետ, կրնանք աղէտալի հետեւանք ակնկալել։ Թրամփ չի գիտակցիր իր որոշումներուն հետեւանքներուն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի համար: Ան իր գլխաւոր օգնականներէն պատշաճ տեղեկութիւններ չի խնդրեր եւ չի հետեւիր անոնց խորհուրդներուն:
 
6 Հոկտեմբերին Թրամփի հեռաձայնային զրոյցը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ բացառութիւն չէր: Մինչ Սպիտակ Տունը դժկամօրէն հրապարակեց Ուքրանիոյ նախագահին հետ Թրամփի հեռաձայնային զանգին ամփոփագիրը, որուն յաջորդեց բացայայտողին զեկոյցը, Էրտողանի հետ Թրամփի զրոյցը տակաւին հրապարակուած չէ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ճիշդ ի՞նչ ըսուած է այդ հեռաձայնային զանգի ընթացքին: Մեր ամբողջ գիտցածը այն է, որ Էրտողան Թրամփէն խնդրած է հեռացնել ամերիկեան զօրքերը Հիւսիսային Սուրիայէն՝ թոյլ տալով Թուրքիոյ ներխուժել Սուրիա, վռնտել հարիւր հազարաւոր քիւրտ քաղաքացիները Սուրիոյ սահմանէն ներս 20 մղոն տարածքէն եւ սպաննել հարիւրաւոր քիւրտեր՝ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները, որոնք նոյն վայրին մէջ պայքար կը մղեն ԻԼԻՀի ահաբեկիչներուն դէմ։
 
Թրքական զօրքերը պատերազմական յանցանքներ կը գործեն, իսկ նախագահ Թրամփ թոյլ տուած է անոնց՝ վարուիլ այսպէս․․․
Ամբողջ աշխարհ անմիջապէս հասկցաւ, որ ասիկա Թրամփի թոյլ տուած կոպիտ սխալն էր: Նոյնիսկ հանրապետական գոնկրեսականները, որոնք կուրօրէն կը սատարէին անոր եւ կ՛անտեսէին անոր բազմաթիւ անօրինականութիւններն ու անբարոյականութիւնները, բարձրաձայն կը քննադատէին իրենց «սիրելի» Նախագահը: Միացեալ Նահանգներու  Գոնկրեսը քննարկեց Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու ընդունումը, ինչ որ ստիպեց Թրամփին ընել նոյնը:
 
9 Հոկտեմբերին, Թրամփի հետ Էրտողանի հեռաձայնային զրոյցէն երեք օր անց, թրքական ուժերը ներխուժեցին Սուրիա։ Նոյն օրը Թրամփ Էրտողանի յղեց մանկամիտ նամակ մը՝ սպառնալով՝ «կործանել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, եւ ես այդ կ՛ընեմ»։ Թրամփ նաեւ նախազգուշացուց Էրտողանը, որ «եթէ լաւ բաներ տեղի չունենան, պատմութիւնը ձեզ յաւերժ պիտի յիշէ իբրեւ սատանայ»։  Թրամփ աւարտեց իր նամակը Էրտողանին՝ ըսելով. «Դուք ձեզ մի՛ երեւակայէք ուժեղ տղայ, յիմար մի՛ ըլլաք: ․․․ Աւելի ուշ կը հեռաձայնեմ ձեզի»։ Սա նախագահական բացառիկ անմիտ նամակ էր՝ դիւանագիտական նամակագրութեան տարեգրութեան մէջ: Էրտողանի գրասենեակը յայտարարեց, որ թուրք նախագահը Թրամփի նամակը անմիջապէս նետած է աղբին կողովը՝ իր արժանի տեղը․․․
 
Միեւնոյն ժամանակ, ի պատասխան՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին գրեթէ բոլորին կողմէ արձանագրուած խիստ քննադատութեան, բացառութեամբ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ, Թրամփ սկսաւ դուրս տալ իր սովորական անհեթեթութիւնները։ Նախ, ան քիւրտերը անուանեց Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներ։ Այնուհետեւ փոխեց իր կարծիքը եւ զանոնք կոչեց «քոմունիսթներ», «ահաբեկիչներ» եւ «ոչ-հրեշտակներ»: Թրամփ այնքան հեռու գնաց, որ մեղադրեց քիւրտերը՝ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին Նորմանտիի մէջ (Ֆրանսա), Միացեալ Նահանգներու բանակին չաջակցելու յանցանքով՝ մոռնալով, որ քիւրտերը ոչ երկիր ունէին, ոչ բանակ․․.: Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի՝ նախագահ Թրամփ իր պաշտօնավարման 1000 օրերուն ընթացքին թոյլ տուած է 13 հազար 435 կեղծ եւ ապակողմնորոշիչ յայտարարութիւններ։ Միջին հաշուով ասիկա կը կազմէ օրական 13 սուտ. աննախադէպ մրցանիշ մը ոեւէ անհատի, առաւել եւս Միացեալ Նահանգներու նախագահին համար․․․
 
Իր յայտարարութիւններուն մէջ քիւրտերը վարկաբեկելէն ետք, Թրամփ իր փոխնախագահ Մայք Փենսը եւ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն ուղարկեց Անգարա՝ ենթադրաբար զսպելու համար Էրտողանի դաժան վերաբերումը Հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերուն նկատմամբ:
Քանի մը ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք երկու կողմերը հակասական յայտարարութիւններ ըրին իրենց համաձայնութեան մասին: Ամերիկեան կողմը համաձայնագիրը անուանեց «հրադադար», իսկ թրքական կողմը զայն կոչեց հնգօրեայ «դադար»: Այսուամենայնիւ, Թրամփ արագօրէն յայտարարեց, որ մեծ յաղթանակ տարած է, ինչպէս  որ կ՛ընէ բոլոր առիթներով, սովորաբար առանց որեւէ արժանիքի: Յամենայնդէպս,  յաղթանակ էր թուրքերու համար, որոնք ձեռք բերին այս բոլորը, ինչ որ կ՛ուզէին Միացեալ Նահանգներէն. կանաչ լոյս՝ շարունակելու համար իրենց ներխուժումը Հիւսիսային Սուրիա, զանգուածային տեղահանութիւններ եւ քիւրտերու դաժան սպաննութիւններ։ Խիստ մտահոգիչ է թրքական յարձակման ժամանակ ԻԼԻՊի հարիւրաւոր ահաբեկիչներու ճամբարներէ փախուստը։ Հրադադարը կամ դադարը նոյնիսկ 24 ժամ չտեւեց․․․: Թրքական ուժերը եւ անոնց ճիհատական գործընկերները զայն խախտեցին առաջին իսկ օրը։ Միայն յիմարը կը վստահէր Էրտողանի խոստումներուն կամ համաձայնութիւններուն: Զարմանալիօրէն, Թրամփ համաձայնեցաւ ջնջել Թուրքիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները, նոյնիսկ նախքան զանոնք կեանքի կոչելը:
 
Ամերիկեան պատժամիջոցներու ջնջումը հաստատուեցաւ ՄԱԿի մէջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակներու ստորագրած ծաւալուն նամակի մէջ՝ «Թուրք-ամերիկեան համատեղ յայտարարութիւն հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ վերաբերեալ», որ 17 Հոկտեմբերին ներկայացուեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարին: 
 
Այս նամակին մէջ Միացեալ Նահանգներ անամօթաբար անձնատուր եղաւ Թուրքիոյ պահանջներուն․
- «․․․Միացեալ Նահանգներ կը հասկնայ Թուրքիոյ վաւերական ապահովութեան մտահոգութիւնները Թուրքիոյ հարաւային սահմանի ուղղութեամբ»:
 
- «Թրքական կողմը յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը՝ ապահովելու անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը բոլոր բնակավայրերու բնակիչներու, որոնք կը գտնուին թրքական ուժերու կողմէ վերահսկուող ապահովութեան գօտիին մէջ եւ վերահաստատեց, որ պիտի դիմուի նախազգուշական առաւելագոյն միջոցներու, որպէսզի չվնասեն քաղաքացիական բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներուն»:
- «Երկու կողմերը համաձայնեցան ապահով գօտիի շարունակական կարեւորութեան եւ գործնականութեան շուրջ՝ Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան հիմնախնդիրներու լուծման համար ներառել Քրտական «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ»ու (YPG) ծանր զէնքերու հաւաքումը եւ անոնց ամրութիւններու եւ բոլոր այլ մարտական դիրքերու ոչնչացումը»։
 
- «Թրքական կողմը կը դադրեցնէ «Խաղաղութեան աղբիւր գործողութիւնը»՝ թոյլ տալով YPGին, որ 120 ժամուան ընթացքին հեռանայ ապահովութեան գօտիէն։ Անոնց հեռանալէն ետք «Խաղաղութեան աղբիւր գործողութիւն»ը պիտի դադրեցուի»։
 
- «Խաղաղութեան աղբիւր գործողութեան» դադարէն ետք Միացեալ Նահանգներ կը համաձայնի հետամուտ չըլլալ պատժամիջոցներու հետագայ կիրարկման՝ համաձայն նախագահի 14 Հոկտեմբեր 2019ի՝ «Սուրիոյ մէջ իրավիճակի զարգացման նպաստող որոշ անձերու ունեցուածքի արգելափակման եւ մուտքի դադրեցման» հրամանի եւ անհրաժեշտութեան պարագային կ՛աշխատի ու կը խորհրդակցի Գոնկրեսին հետ՝ ընդգծելու համար Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հասնելու ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք յառաջընթացը` ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի 2254 բանաձեւին համաձայն։ Ըստ 11րդ կէտին՝ «Խաղաղութեան աղբիւր գործողութեան» դադրեցումէն ետք, վերոնշեալ հրամանով սահմանուած պատժամիջոցները կը ջնջուին»։
 
Հետաքրքրական է, որ թուրք-ամերիկեան համաձայնագիրի գրութեան մէջ երբեք չի յիշատակուիր քիւրտերու անունը, մինչդեռ ամբողջ թրքական ներխուժումը կ՛իրականացուէր Սուրիոյ հիւսիսէն քիւրտերը ջնջելու նպատակով։
 
Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը տեղակայուած էին Սուրիոյ մէջ՝ միջազգային օրէնսդրութիւնը խախտելով եւ Սուրիոյ կառավարութեան փափաքին հակառակ։ Նոյնը կը վերաբերի նաեւ թրքական ուժերուն: Միացեալ Նահանգներու ուժերուն հեռանալը սխալ չէ․ սխալ էր անոնց ժամանումը։ Եւ Թրամփի պնդումը, թէ կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներու ուժերը դուրս բերել Մերձաւոր Արեւելքէն, աղաղակող սուտ է, քանի որ նոյն օրը, երբ ան որոշեց ամերիկեան զօրքերը դուրս բերել Սուրիայէն՝ յայտարարուեցաւ, որ այդ զինուորներուն մեծ մասը կը տեղափոխուի Իրաք, եւ թէ ան 3000 ամերիկեան թարմ ուժեր պիտի ուղարկէ Սէուտական Արաբիա: Ասիկա եւս Թրամփի հերթական սուտերէն մէկն է, որ պէտք է աւելցուի անոր 13 հազարէ աւելի սուտերու շարքին․․․
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ