ԼԻԲԱՆԱՆ՝ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԳՈՒՊԱՐԻՆ ՄԻՋԵՒ


ԼԻԲԱՆԱՆ՝ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԳՈՒՊԱՐԻՆ ՄԻՋԵՒ

  • 07-12-2019 23:41:35   |   |  Մեկնաբանութիւն

 
       Լիբանանի մէջ փտածութեամբ յատկանշուող իշխանութեան ու բարեփոխումներու գծով մասնաւոր յառաջընթաց չիրականացուցած եւ իննամսեայ կեանք ունեցող ու ձախողած Հարիրիի կառավարութեան դէմ անցնած 17 Հոկտեմբերին բռնկած ժողովրդային բողոքի ծովածաւալ ցոյցերուն կամ «17 Հոկտեմբերի Յեղափոխութեան» 50-րդ օրն ըլլալով այսօր, այդ ցոյցերուն ու ժողովուրդին արդար պահանջներուն առջեւ ի վերջոյ տեղի տուած՝ 29 Հոկտեմբերին ալ իր կառավարութեան հրաժարականը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին ներկայացուցած վարչապետ Սաատ Հարիրի (իսլամ սիւննի համայնքին պատկանող) ցարդ չկրցաւ ժողովուրդին տարրական պահանջները գոհացնող եւ զուտ մասնագէտներէ բաղկացած նոր կառավարութեան մը ծնունդ տալ, հեռու կուսակցական եւ համայնքային գունաւորումէ:   
       Քուլիսներու ետին երկար տեւած քննարկումներէ, բանակցութիւններէ եւ բանավիճային քաշքշուքներէ վերջ, ներքին ու արտաքին բազաբնոյթ ճնշումներու ալ տեղի տալէ ետք, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ 4 Դեկտեմբերին պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով պարտադիր խորհրդակցութիւններու հրաւիրեց երկրի Ազգային ժողովի 128 պատգամաւորները, այդ պատգամաւորները համախմբող պլոքներն ու քաղաքական խմբակցութիւնները, յառաջիկայ Երկուշաբթի 9 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, մինչեւ շաբաթավերջ իրենց հաւանութիւնը տալու եւ ընտրելու վարչապետի միակ թեկնածու ներկայացուած եւ քաղաքական զանազան կողմերէ համախոհական «նոր վարչապետ» համարուող, ծանօթ գործարար Սամիր Խաթիպը, որ ծագումով պաղեստինցի՝ բայց յետագային ստացած լիբանանեան քաղաքացիութիւն, եւ որ կը վայելէ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի զօրակցութիւնը, քանզի վերջինը՝ Հարիրի, բազմիցս անդրդուելիօրէն մերժեց վերստանձնելու ղեկը նոր կառավարութեան, մինչ հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահները, Հըզպալլա եւ քաղաքական կշիռ ունեցող գրեթէ բոլոր կողմերը վարչապետ Հարիրիի վերադարձը կառավարութեան գլուխ կը գտնէին հրամայական անհրաժեշտութիւն՝ գէթ ներկայ շատ զգայուն հանգրուանին:
       Մինչ խելայեղ թափով դեռ կը շարունակուի տնտեսական, դրամական եւ քաղաքական սուր տագնապը Լիբանանի ամբողջ տարածքին, եւ սովը, ինքնասպանութիւններն ու ինքնահրկիզումի փորձերը, կառավարութեան բացակայութեան շուկայի մէջ սննդեղէնի վրայ տուրքերու կամայական յաւելումները չարաշահող սպառողներու կողմէ համատարած երեւոյթ են, որոնք նկուն կը դարձնեն անօթի, գործազուրկ ու կեանքէն յուսահատ բազմահազար քաղաքացիները: Այսպէս, սնանկութեան սարսափը ապրող եւ ամբողջական անկումի եզրին գտնուող Լիբանանն ու լիբանանցին ամէն րոպէ կը տուայտին կեանքի ու մահուան գուպարի միջեւ: Անդին, ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան թղթոսկիին սակը երբ կ'արձանագրէ անկումի սահմռկեցուցիչ մրցանիշ, մոլեգնած մեծաթիւ քաղաքացիներ կ'ուղղուին երկրի զանազան հրապարակները, հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, փակելով ճամբաներ ու մայրուղիներ, հրկիզելով անիւներ, կառավարական շէնքերու եւ կեդրոնական դրամատան շէնքի դարպասներուն առջեւ վանկարկելով իշխանութեան աթոռներուն կառչած եւ քաղաքացին հարստահարող  պատասխանատուներու դէմ, պահանջելով ժողովուրդէն անոնց կողոպտած դրամներու ժողովուրդին անյապաղ վերադարձն ու իշխանութեան  «մաֆիաներու» ձերբակալումը, անոնց յանձնումը արդար դատաստան...: 
       Միջին Արեւելքէն ներս լիբանանեան քաղաքական այս վտանգաւոր զարգացումներուն զուգահեռ, Իրաքի մէջ ալ երբ բուռն բախումները բանակին ու ժողովրդային ընդդիմադիր զանգուածներու միջեւ կը շարունակուին, ուր երկրի իրանամէտ վարչապետին՝ Ատէլ Ապտէլ Մահտիի կառավարութեան հրաժարականէն ետք ալ ժողովուրդը Իրանէն կը պահանջէ չմիջամտել Իրաքի ներքին հարցերուն եւ բուռն բախումներ կ'ունենայ բանակին հետ՝ մահ ու աւեր սփռելով ամէնուրեք, երկրորդ անգամ ըլլալով կը հրկիզուի Իրաքի հարաւը գտնուող Նաժաֆ քաղաքին մէջ Իրանի հիւպատոսարանը, Լիբանանի մէջ եւս իրանամէտ քաղաքական կեցուածքներ ունեցող յայտնի կողմերու դէմ կը շարունակուին զանազան միջոցներով ներքին ու արտաքին ճնշումները՝ յատկապէս հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ու անոր համակիր քաղաքական հոսանքներու՝ մանաւանդ Հըզպալլայի (Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան շահերը պաշտպանող ու այդ շահերուն ի խնդիր մարտնչող լիբանանեան շիի կուսակցութիւնը) դէմ, որուն դաշնակից են խորհրդարանի նախագահ (նաեւ շիի համայնքին պատկանող) Նեպիհ Պըրրիի ղեկավարած «Ամալ» շարժումն ու հանրապետութեան նախագահի փեսային՝ հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար եւ «Ազգային Ազատ Հոսանք» (մարոնի քրիստոնեայ) կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ, որ երկրի ընդդիմադիր կազմակերպութիւններու եւ ժողովրդային ցուցարարներու կողմէ կ'ենթարկուի բուռն քննադատութիւններու՝ իբրեւ նախագահական աթոռին հասնելու բացայայտօրէն յաւակնութիւն սնուցանող քաղաքական ոյժ եւ շատերու ալ ակնոցով իբրեւ «թագաժառանգ իշխան»՝ Լիբանանի հանրապետութեան 85-ամեայ նախագահ զօր. Միշել Աունի: 
 
       Արդ, երբ քաղաքական վերլուծաբաններու հայեացքները այժմէն ուղղուած են յառաջիկայ 9 Դեկտեմբերին Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու պատկերին եւ հոնկէ դուրս գալիք արդիւնքին, որուն արդիւնքով կը սպասուի որ վարչապետի պաշտօնի միակ թեկնածու Սամիր Խաթիպ 85 – 90 ձայներու ապահովումէն ետք ստանձնէ Լիբանանի նոր կառավարութեան ղեկը, հանրապետութեան նախագահին դէմ քաղաքական ընդդիմադիր կուսակցութիւններու՝ «Լիբանանեան Ուժեր» (մարոնի քրիստոնեայ համայնքի պատկանող քաղաքական կուսակցութիւն) եւ Ընկերվար Յառաջդիմական կուսակցութիւնները, անկախ երեսփոխաններ ու երկրի նախկին վարչապետներ հանրապետութեան նախագահը կ'ամբաստանեն երկրի սահմանադրութիւնը եւ 1989-ին ստորագրուած Թաէֆի համաձայնագիրի ոգին ոտնահարելու յանցանքով, այսպէս, նոր վարչապետի նշանակման ճամբուն վրայ դնելով արհեստական ականներ ու խոչընդոտներ:   
       Դրամատիկ  այս եւ այլ իրերայաջորդ, րոպէ առ րոպէ նոր զարգացումներու լոյսին տակ, ամերիկեան «նամակներ» երէկ լիբանանեան պաշտօնական կողմերու եկան «զգուշացնելու», որ երկրի իշխանութիւններն ու բանակը ոչ միայն զգոյշ ըլլան չդիմելու բիրտ միջոցներու՝ լռեցնելու ժողովրդային ցոյցերը, այլ՝ ականջ տան ժողովուրդին արդար պահանջներուն, անյապաղ կազմեն զուտ մասնագէտներէ բաղկացած թեքնոքրաթ կառավարութիւն մը, այսինքն՝ չներառելով մանաւանդ Հըզպալլայի համակիր պետական նախարար մ'իսկ, քանզի Միացեալ Նահանգներ Հըզպալլան կը նկատէ «ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը»: 
       Ամերիկեան սա «զգուշացումներուն» զուգահեռ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ կատարեց ցնցիչ ռումբի պէս յայտարարութիւն մըն ալ, երբ ըսաւ, որ «Լիբանանի ու Իրաքի մէջ Իրանի վարչակարգին ազդեցութիւնը վերացնելու միտումով ժողովրդային այսօրուան ցոյցերուն առիթէն Իսրայէլ պէտք է օգտուի եւ ԱՄՆ-ի ու  Արեւմուտքին միջոցաւ յաւելեալ ճնշումներ բանեցնէ Իրանի վրայ՝ վերջ տալու վերջինին միջուկային զէնքի տիրացման նկրտումներուն»: 
Ի վերջոյ, լիբանանեան քաղաքական բեմահարթակին վրայ ակներեւ է ռուսեւամերիկեան պարանաքաշքշուքը, Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւններու ծխածածկոյթին տակ երեւցող անհաշտ հակամարտութիւնը Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ. առաջինը՝ իր զօրակցութիւնը ցուցաբերելով հանրապետութեան նախագահին եւ անոր դաշնակիցներուն, երկրորդը՝ վարչապետին, յանձինս Սամիր Խաթիպին, որուն կազմելիք կառավարութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ՝ հրապարակներէն հեռանալ մերժող եւ «17 Հոկտեմբերի Յեղափոխութիւնը» շարունակել վճռած ու ըմբոստացող ժողովուրդին դիմաց, որ կը պատրաստուի 9 Դեկտեմբերէն սկսեալ դիմելու քաղաքացիական անհնազանդութեան, վատթարագոյն ու բիրտ միջոցներու իշխանութեան դէմ:
       Կը թուի, թէ արտաքին միջամտութիւններու զինուորական ու տնտեսական ուժին յենած եւ իրենց կարծրատիպ դիրքերէն չզիջող իշխանութիւններն ու անոնց դէմ ժողովրդային ցոյցերու ղեկավարութիւնը քաղաքական զսպաշապիկ հագնելու պատրաստ չեն՝ գէթ երկիրը չտանելու ամբողջական փլուզման, ուր կրթական համակարգը, պենզինի, ելեկտրականութեան եւ ջուրի տագնապը, գործազրկութեան պատճառով հարիւրաւոր առեւտրական հաստատութիւններ ու ընկերութիւններ փակած են իրենց դռները՝  պարզելով ընկերային աննախընթաց աղէտ երկրին մէջ: 
 
       Այլ գետնի վրայ, ի՞նչ դառն ճակատագիր կը սպասէ այսօր անհովիւ ու անղեկ մնացած լիբանանահայութեան, Սփիւռքի ողնաշարային կառոյցը համարուող հայութեամբ տրոփուն այս համայնքին, որ դեռ երէկ, տամուկ աչքերով կը նայէր իր հարեւան ու քոյր համայնքին՝ սուրիահայութեան, որուն զաւակները հեռանալով իրենց երկրէն՝ կը հաստատուէին կա՛մ Հայաստան եւ կա՛մ Լիբանան, ուրկէ ալ՝ գաղթելով աշխարհի տարբեր ծագերը: 
       Քաղաքական ու տնտեսական ելեւէջող մակընթացութինները յետագային՝ այս պարագային Լիբանանի մէջ, 9 Դեկտեմբերէն ետք թերեւս տակաւ քօղազերծեն մեծապետական երկիրներու (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստանի Դաշնութիւն, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա) թաքնուած այն մտադրութիւնները, որոնք մեզ պիտի տանին դէպի կա՛մ կաղացող կայունութիւն եւ կա՛մ սանդարամետեան քաոս...: Իսկ լիբանանեան բոլոր կողմերէն կը պահանջուի՛ դիմել ողջմիտ բանականութեան եւ նստիլ փոխադարձ զիջումներու բանակցութեան սեղան՝ գլխիվայր շրջելով երկիրը Արշակաւանի վերածել ձգտող թշնամիներու ախորժակները:
 
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ – Լիբանանի «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի խմբագրապետ 
 
Լուսանկարը՝ Սամիր Խաթիպ, Լիբանանի վարչապետութեան պաշտօնին առաջադրուած թեկնածուն: 
                                                       
 
   
 
  -   Մեկնաբանութիւն