Յարութ Սասունեան. Նախագահ Թրամփ Արժանի Չէ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Յարութ Սասունեան. Նախագահ Թրամփ Արժանի Չէ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

  • 25-12-2019 12:38:47   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Վերջին շաբաթներուն, երբ Քոնկրեսի երկու պալատները, մէկը՝ ճնշող մեծամասնութեամբ, միւսը՝ միաձայնութեամբ, ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկու բանաձեւերը, շատեր յոյս ունէին, որ այս քայլը կը յանգի այն բանին, որ Թրամփ եւս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր 24 Ապրիլ 2020ի պատգամին մէջ, թէեւ պարտաւոր չէ ընելու այդ: Ի վերջոյ, ընդհանուր առմամբ Քոնկրեսի երկու պալատներու 505 անդամները աջակցած էին երկու բանաձեւերուն. քուէարկողներէն միայն 11ը դէմ եղած էին, այսինքն՝ ԱՄՆ Քոնկրեսի աւելի քան 94%ը կողմ քուէարկած էր:
Սակայն, Թրամփ հիասթափեցուց աշխարհի ճնշող մեծամասնութիւնը, բացառութեամբ թուրք եւ ատրպէյճանցի ժխտողականները, երբ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Պետական Բաժանմունքի խօսնակ Մորկըն Օրթակուս յայտարարեց, որ «վարչակազմի դիրքորոշումը չէ փոխուած: Մեր տեսակէտները այս հարցին մասին արտացոլուած են անցեալ տարուան Ապրիլին, նախագահի վերջնական յայտարարութեան մէջ»:
 
Այս երկու բանաձեւերը անտեսող Պետական Բաժանմունքի յայտարարութիւնը կատարուեցաւ այն բանէն ետք, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան սպառնաց վռնտել ամերիկեան զօրքերը Թուրքիա գտնուող օդակայանի երկու խարիսխներէ եւ խնդրեց Թուրքիոյ խորհրդարանէն բանաձեւ ընդունիլ՝ բնիկ ամերիկացիներու սպաննութիւնները ճանչնալով իբրեւ ցեղասպանութիւն։ 
 
Վերջին երեք տարիներու ընթացքին Թրամփ չէ օգտագործած «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը՝ 1915ին, Օսմանյան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու կանխամտածուած զանգուածային սպաննութիւնները յիշատակելու ատեն։ Թրամփ այսպիսով հետեւած է նախադէպին՝ նախագահներ Օպամայի, Պուշ Կրտսերի, Պիլ Քլինթընի եւ Պուշ Աւագի, որոնք բոլորն ալ հրաժարած էին հայկական զանգուածային սպաննութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն որակելէ: Միակ բացառութիւնը եղած է Ռանըլտ Ռէյկընը, որ 22 Ապրիլ 1981ին նախագահական հռչակագիր հրապարակած է՝ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայկական սպաննութիւնները յիշատակելով որպէս ցեղասպանութիւն:
 
2019ի Ապրիլքսանչորսեան իր ուղերձին մէջ Թրամփ օգտագործած է տարբեր մեղմասացութիւններ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» յիշատակելու համար՝ առանց օգտագործելու այդ եզրը․ «1915 թուականին սկսած՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն ընթացքին, մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ գացած են տեղահանութիւններուն, կոտորածներուն եւ մահուան երթերուն»: Թրամփ աւելցուցած է․ «Մենք կ՛ողջունենք հայերու եւ թուրքերու ջանքերը՝ ճանչնալու եւ հաշուի առնելու իրենց ցաւալի պատմութիւնը»։ Աւելին, Թրամփ գործածած է «Մեծ Եղեռն» եզրոյթը՝ խուսափելով «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը արտասանելէ։ Թրամփ պարզապէս պատճէնահանած է նոյն եզրոյթը, զոր օգտագործած էր նախագահ Օպամա։ Ցաւօք, Թրամփ, որ յաճախ կը մերժէ Օպամայի քաղաքականութիւնը, որոշած էր հետեւիլ իր նախորդին՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելու մերժումի քայլին։
 
Թրամփի կողմնակիցներուն բարկացուցած էր այն հանգամանքը, որ քանի մը թերթեր անուանապէս անդրադարձած էին նախագահ Թրամփի՝ իբրեւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը մերժողի։ Թէեւ Թրամփ այս հարցին վերաբերեալ անձնական յայտարարութիւն չէր ըրած, սակայն Պետական Բաժանմունքը, որպէս Թրամփի վարչակազմի մաս, նման յայտարարութիւն չէր ընէր առանց իր «Մեծ Շէֆ»ին հաւանութեան․․․: Աւելին, Պետական Բաժանմունքի խօսնակը ինք անձամբ յղում կատարած էր Թրամփի՝ անցեալ տարուան ապրիլեան պատգամին։ Թրամփի օգտին միակ բանը այն է, որ ան քարոզչական խոստում չէ տուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին՝ ի տարբերութիւն իր չորս նախորդներուն։ Թէեւ ան պարտաւորութիւն չունի պահելու չտուած  նախընտրական խոստումը, սակայն ան պէտք չէ փակէր բերանը Անգարայի բռնապետին ճնշմամբ եւ հետապնդէր իր նիւթական անձնական շահերը, ինչպէս յայտարարած է Ազգային Ապահովութեան նախկին խորհրդական Ճան Պոլթըն: 
 
Թէեւ 24 Ապրիլ  2020ը դեռ պիտի գայ, սակայն հաշուի առնելով Թրամփի անկանխատեսելի բնաւորութիւնը, կարելի չէ վստահ ըլլալ, որ ան այդ պահուն կ՛օգտագործէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը. անձամբ՝ ես, ոչ մէկ ակնկալիք ունիմ, որ ան առ երես կու գայ ճշմարտութեան հետ եւ կը հրաժարի իր անձնական շահերէն։ 
 
Անցեալ շաբաթ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ, որ կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ Թրամփի վերընտրութեան հեռանկարներուն վրայ։ Դեկտեմբեր 19 2019ին, «Քրիստոնէութիւնն Այսօր» (Christianity Today) ազդեցիկ աւետարանական ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մարք Կալի խմբագրական մը գրեց՝ «Թրամփ Պէտք Է Հեռացուի Պաշտօնէն» վերնագրով։ «Քրիստոնէութիւնն Այսօր» ամսագրի հիմնադիրը յայտնի պատուելի Պիլի Կրեհեմն է։ Ասիկա կարեւոր խմբագրական է, հաշուի առնելով այն փաստը, որ սպիտակամորթ աւետարանականներու ճնշող մեծամասնութիւնը կը սատարէ նախագահ Թրամփի։
 
Ահա՛ թէ ինչպէս նշեալ խմբագրականին մէջ կ՛արդարացուի նախագահ Թրամփի Պաշտօնէն հեռացումը․
 
1)  Նախագահ Թրամփի փորձը՝ հարկադրելու Ուքրանիոյ առաջնորդին, որ հետաքննէ իր քաղաքական հակառակորդին (Ճօ Պայտընի)՝ «ոչ միայն Սահմանադրութեան խախտում է, այլեւ աւելի կարեւոր՝ խորապէս անբարոյական է»: 
 
2)    «Այս նախագահը վարկաբեկած է բարոյականութեան գաղափարը իր կառավարութեան մէջ: Ան վարձած է եւ աշխատանքէ արձակած է շարք մը մարդիկ, որոնք այժմ դատապարտուած յանցագործներ են: Ան անձամբ խոստովանած է գործարքային անբարոյ գործողութիւններու եւ կիներու հետ ունեցած յարաբերութիւններու մասին, որոնցմով ան կը շարունակէ հպարտանալ։ Միայն անոր թուիթըրեան էջը՝ իր խեղաթիւրումներուն, սուտերուն եւ զրպարտանքներուն սովորական տողերով, գրեթէ կատարեալ օրինակ է այն մարդուն մասին, որ բարոյապէս կորած եւ շեղած է»:
 
3)    «Մենք կը կարծենք, որ պաշտօնազրկման լսումները բացարձակապէս պարզ դարձուցած են, բան մը, որ չէ կատարուած Միւլլըրի գործով հետաքննութեամբ, որ Թրամփ չարաշահած է իր լիազօրութիւնները անձնական շահերուն համար եւ դաւաճանած է իր սահմանադրական երդումին: Պաշտօնազրկման լսումները լուսաբանեցին նախագահի բարոյական թերութիւնները բոլորին համար։ Ասիկա կը  վնասէ նախագահութեան հիմնարկութեան, կը վնասէ մեր երկրի հեղինակութեան, նաեւ վնաս կը հասցնէ, ինչպէս մեր ժողովուրդի ոգիին, այնպէս ալ՝ ապագային: Նախագահի դրական կողմերէն ոչ մէկը կրնայ հաւասարակշռել այն բարոյական եւ քաղաքական վտանգը, որուն կը բախինք մենք, այսպիսի կոպիտ, անբարոյ բնաւորութեան տէր առաջնորդի մը ղեկավարութեամբ»:
 
4)    «Արդեօք Թրամփ պաշտօնէն կը հեռացուի Ծերակոյտին կողմէ, թէ՞ յաջորդ ընտրութեան համաժողովրդական քուէարկութեամբ, ատիկա խելամիտ դատողութեան հարց է։ Այն, որ Թրամփ պէտք է հեռացուի, կը կարծենք, որ ոչ թէ կուսակցական հաւատարմութեան, այլ Արարիչի Տասը Պատուիրաններուն նկատմամբ հաւատարմութեան խնդիր է»։
 
5)   «Հին ասացուածք մը օգտագործելով՝ ժամանակն է իրերը կոչել իրենց անուններով, ըսել, որ անկախ անկէ, թէ քանի՞ ձեռք կը շահինք քաղաքական այս «փոքեր»ային խաղին մէջ, մենք կը խաղանք կոպիտ անբարոյականութեամբ եւ բարոյական անկարողութեամբ շարուած խաղաքարտերով։ Եւ երբ կը մտածենք, որ ժամանակն է մեր բոլոր խաղանիշերը հրելու սեղանի կեդրոն, նոյն այդ ատեն է, որ ամբողջ խաղը պիտի փլուզուի։ Անիկա կը փլուզուի աւետարանական կրօնի հեղինակութեան եւ աւետարանի աշխարհընկալման վրայ։ Անիկա կը փլուզուի նաեւ տղամարդոց եւ կիներու պետութեան վրայ, որոնց բարեկեցութիւնը եւս մեր խնդիրն է»։
 
Ամերիկահայերը եւ անոնց համախոհները պէտք է շարունակեն այպանել բոլոր անոնք, որոնք չեն ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սկսեալ նախագահ Թրամփէն, Պետական Քարտուղար Մայք Փոմփէոյէն մինչեւ Ներկայացուցիչներու Պալատի 11 այն հանրապետական անդամները, որոնք 29 Հոկտեմբեր, 2019ին դէմ քուէարկեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին։ Անոնք են՝ Կրեկ Փենս, Լէրի Պուքշըն, Ճէյմզ Պըրտ եւ Սիւզըն Պրուքս՝ Ինտիանա նահանգէն, Մայք Ռաճըրզ՝ Ալապամայէն, Էնտի Հէրիս՝ Մերիլենտէն, Վիրճինիա Ֆոքս եւ Մարք Մետըս՝ Հիւսիսային Քարոլայնայէն, Թամ Քոլ՝ Օքլահոմայէն եւ Մաք Թորնպըրի ու Քեւըն Պրէյտի՝ Թէքսասէն։
 
Յաջորդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն ոչ մէկ ամերիկահայ պէտք է քուէարկէ նախագահ Թրամփի եւ ոչ ալ Քոնկրեսի 11 հանրապետական անդամներու օգտին, որոնք դէմ քուէարկած են Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին․․․
 
 Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան 
 
  -   Յօդուածներ