Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանի Մեկնարկման Ծրագիր HyeID Կառոյցի Միջոցով


Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանի Մեկնարկման Ծրագիր HyeID Կառոյցի Միջոցով

  • 06-07-2020 12:22:50   | ԱՄՆ  |  Հասարակութիւն

 
Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա – Քանի մը տարի առաջ, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ապրող նուիրեալ հայերու փոքր խումբ մը սկսաւ ծրագրել ժողովրդավարօրէն ընտրուող Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանի (ՍՀԽ) հիմնադրումը: Այս հիմնարար նախաձեռնութեան մեկնարկումը պիտի ծառայէ բոլոր սփիւռքահայերը մէկ ու միասնական կառոյցի մը մէջ հաւաքելու գործին: Այս նպատակի իրագործումէն ետք Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանի, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու ղեկավարութիւնը, ընտրուած՝ համապատասխան քուէարկողներու կողմէ, առաջին անգամ ըլլալով պիտի հաստատեն, որ իրենք կը ներկայացնեն աշխարհի տարածքին սփռուած ամբողջ հայութիւնը, հետեւաբար նաեւ հաւաքական որոշումներ կրնան կայացնել ամբողջ ազգին անունով։
Ասիկա եղած է համայն հայութեան դժուարահաս երազանքը, քանի մը տասնամեակներու (եթէ ոչ դարերու) ընթացքին: Այսուամենայնիւ, հաշուի առնելով սփիւռքահայութեան ցրուած բնոյթը, այդ երազը եղած է դժուար իրականացնելի եւ նուիրական:
Նախաձեռնող խումբը նախատեսած է երկու քայլով գործընթաց մը՝ Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանի ստեղծման համար.
Առաջին Քայլը՝  HyeID (Հայ Այ.Տի.)
 
HyeID-ն շահ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, կազմուած՝ Քալիֆորնիոյ մէջ, կ՛ընդգրկէ ամբողջ աշխարհի հայկական համայնքները, այլեւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու մէջ ապրող հայերը: Այս կազմակերպութիւնը ունի երեք նպատակ.
 
ա) Աշխարհի բոլոր հայերուն, ներառեալ՝ Հայաստանի եւ Արցախի, առաջարկել ինքնութեան HyeID քարտեր, որպէսզի անոնք կարենան օգտուիլ իրենց տրամադրուած զեղչերէն` ապրանքներու եւ ծառայութիւններու ձեռքբերման միջոցով, ինչպէս օրինակ՝ օդանաւային ընկերութիւններէ, պանդոկներէ, ճաշարաններէ, խանութներէ եւ այլն: Զեղչերէն կ՛օգտուին երեք կողմեր՝ HyeID քարտապանները (քարտը կրողները), HyeID շահ չհետապնդող կազմակերպութիւնը (Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանի եւ անոր կողմէ իրականացուող համահայկական մարդասիրական ծրագրերու նիւթական ֆինանսաւորման համար) եւ քարտապանին կողմէ նախընտրելի կազմակերպութիւնը: 
 
 բ) Քարտապաններու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը կը ստեղծէ հայկական համաշխարհային շտեմարան մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ հայերու միջեւ ստեղծելու աննախադէպ համագործակցութիւն՝ գիտութեան, արհեստագիտութեան (ճարտարարուեստի), գործարարութեան, մշակոյթի եւ ազգային ապահովութեան ոլորտներու մէջ:
 
գ) Սփիւռքի մէջ, HyeID քարտապանները կը նկատուին Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանի ստեղծման համար արձանագրուած քուէարկողներ: HyeID քարտապանները կ՛ընտրեն իրենց տեղական ներկայացուցիչները՝ ժողովրդավարօրէն ընտրուած Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանը ստեղծելու համար, որ հիմնականին մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանէն եւ Արցախէն դուրս ապրող բոլոր հայերը: 
HyeID-ին կարելիութիւն կ՛ընձեռէ՝
 
Իրականացնելու Ապագայ ՍՀԽ-ի քուէարկութեան արձանագրութիւն, 
Ստեղծելու Քարտապաններու միջեւ կապային ցանց,
Կազմակերպելու ՍՀԽ-ի Սփիւռքի ներկայացուցիչներու ընտրութիւններ,
Հիմնադրելու HyeID զեղչերու ցանց,
Իրականացնելու ՍՀԽ-ի ինքնաֆինանսաւորումը՝ զեղչերու ցանցի միջոցով,
Ստեղծելու համայն հայութեան համար տնտեսական միասնական ուժ։
 
Երկրորդ Քայլը՝ Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարան - ՍՀԽ
 
Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանը կը կազմուի աշխարհագրական իւրաքանչիւր շրջանի մէջ տեղի ունեցող տեղական ընտրութիւններու միջոցով: Շրջանները կը ստեղծուին «մէկ անձ՝ մէկ ձայն» ժողովրդավարական սկզբունքի հիման վրայ՝ ներառելով հաւասար քանակութեամբ քուէարկելու իրաւունք ունեցող սփիւռքահայ HyeID քարտապանները, իւրաքանչիւր շրջանի մէջ: HyeID-ի բոլոր քարտապանները, որոնք կ՛ապրին Սփիւռքի տարածքին եւ 18 տարեկան են կամ աւելի, կրնան ընտրել կամ ընտրուիլ Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանի կազմին մէջ:
 
ՍՀԽ-ը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ՝
 
1. Իրականացնելու Սփիւռքի լուռ մեծամասնութեան զարթօնքը,
2. Համագործակցելու գործող բոլոր հայկական կազմակերպութիւններու հետ,
3. Սփիւռքին՝ ձայն ունենալու եւ մասնակացելու համահայկական հարցերուն,
4. Հոգալու տեղական հայկական համայնքի կարիքները,
5. Ստեղծելու արդիւնաւէտ քաղաքական լծակ,
6. Պահպանելու եւ զարգացնելու հայ մշակութային եւ ազգային ինքնութիւնը,
7. Համակարգելու եւ առաջ մղելու Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի ազգային խնդիրները,
8. Իրականացնելու հայրենադարձութիւն: 
 
«Սփիւռքի Հայկական Խորհրդարանը մրցակից չէ գործող հայկական կազմակերպութիւններուն, այլ կ՛ամբողջացնէ եւ կը միացնէ բոլորին ջանքերը՝ հայերուն տալով աւելի մեծ ուժ՝ լուծելու իրենց առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրներ», ինչպէս կը նշեն  HyeID-ի վարչութեան անդամները։
 
HyeID-ի վարչութեան անդամներն են՝ 
Յարութ Սասունեան (նախագահ) - Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքէն, Յակոբ Նազարեան (փոխ նախագահ)՝ Քալիֆորնիոյ Ռանչօ Փալոս Վերտեզէն եւ Լեւոն Թորոս (փոխ նախագահ)՝ Քալիֆորնիոյ Ուեստթչեսթըրէն, Ռազմիկ Դ. Կարախանեան (քարտուղար)՝ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլէն, Թոմաս Ալեքսանեան (գանձապահ)՝ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլէն, Յովել Շնորոքեան (Խորհուրդի անդամ)՝ Փարիզէն,  Տիգրան Յարութիւնեան (Խորհուրդի անդամ)՝ Երեւանէն, Ճոն Է. Շիրաճեան (Խորհուրդի անդամ)՝ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլէն, Արամ Տէր Մարտիրոսեան (Խորհուրդի անդամ)՝ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլէն, Մայք Պարոնեան (Խորհուրդի անդամ)՝ Զուիցերիոյ Թոֆենէն եւ Լեւոն Պեքլարեան (Խորհուրդի անդամ)՝ Մոսկուայէն:
HyeID-ի վարչութեան անդամները կոչ կ՛ընեն աշխարհի բոլոր հայերուն՝ մաս կազմելու այս չափազանց կարեւոր եւ հիմնարար նախաձեռնութեան, որպէսզի իրականութիւն դառնայ Սփիւռքի հայութեան կողմէ երկար սպասուած` ժողովրդավարական ուղիով ընտրուած միասնական  եւ ինքնաբաւ կառոյց ունենալու պատմական երազանքը: 
 
https://www.HyeID.org
Հասցէ ՝ 555 Riverdale Drive, Suite A1 
Glendale CA 91201;
Email: HyeID@ConnectTo.com;
Անվճար հեռ․ ՝ 844-493-4348 (844-HyeID4U)
Հեռ.`  818-749-0505
Ֆաքս ՝ 8187490788
 
  -   Հասարակութիւն