Յարութ Սասունեան. Սփիւռքի Գործերու Յանձնակատարը Կ՛ողջունէ Ոչ Հայերու Հայաստան Ներգաղթը


Յարութ Սասունեան. Սփիւռքի Գործերու Յանձնակատարը Կ՛ողջունէ Ոչ Հայերու Հայաստան Ներգաղթը

  • 12-08-2020 16:53:04   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ շաբաթ, հայկական շրջանակներու մէջ ի զօրու եղող բոլոր այլ բանավէճերուն վրայ նոր վէճ մը աւելցուց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան։
 
Շաբաթավերջին, Սինանեանի Լիբանան այցելութենէն քանի մը օր առաջ, երբ ան պիտի ուղեկցէր Հայաստանէն մարդասիրական օգնութեան օդանաւին, ելոյթ ունեցաւ հեռավար խորհրդաժողովի խումբ մը հայ պաշտօնեաներու եւ այլոց հետ եւ հանդէս եկաւ անսպասելի յայտարարութիւններով: Ահա հատուած մը Սինանեանի յայտարարութենէն.
 
 «․․․Մենք այնպիսի իրականութիւն մը պէտք է ստեղծենք Հայաստանի մէջ, որ ոչ հեռաւոր ապագային կարենանք մտածել ոչ միայն հայերու հայրենադարձութեան, այլ նաեւ Հայաստանը մեզի պէս ազգերու համար հայրենիք դարձնելու մասին։ Խօսքը քրիստոնեայ արաբներու, ասորիներու եւ այն ազգութիւններու մասին է, որոնք Հայաստանի ազգային ապահովութեան համար վտանգ չեն ներկայացներ եւ կրնան համարկուիլ Հայաստանի մէջ։ Այսպիսի խելացի, մտածուած եւ քաղաքակիրթ ձեւով կրնանք փոխել ժողովրդագրական իրավիճակը Հայաստանի մէջ։ Ասկէ պէտք չէ ամչնալ, ասիկա ճիշդ քայլ է: Ասիկա յաջողութիւն կ՛ըլլայ: Պատկերացուցէք, որ մենք կրնանք Հայաստանը դարձնել երկիր մը, որ գրաւիչ է նաեւ ոչ հայերու համար․․․»։
 
Սինանեանի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը մեծ վիճաբանութեան առիթ դարձաւ համայն հայութեան շրջանակներէն ներս։ Դիմատետրի էջերուն վրայ հայերու մեկնաբանութիւններու ճնշող մեծամասնութիւնը խիստ քննադատական էր՝ այս հարցը, միւս բազմաթիւ հարցերուն պէս, վերածելով քաղաքական բանավէճի։
 
Ես դիտած եմ նաեւ «Սիվիլնեթ» կայքին Սինանեանի տուած հարցազրոյցը՝ Լիբանան կատարած այցելութենէն առաջ։ Իր հարցազրոյցին մէջ Սինանեան դարձեալ խօսեցաւ  քրիստոնեայ արաբներու, ասորիներու եւ այլ ազգութիւններու Հայաստան ներգաղթի մասին։ Սակայն, այս անգամ, Սինանեան յայտարարեց, որ այդ գաղափարը ծագած է Լիբանանի մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան (Հ.Յ.Դ.) պաշտօնական օրկան «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի մօտ։ Սինանեան այն տպաւորութիւնը ձգեց, որ Հ.Յ.Դ.ն սատարած է այս գաղափարին՝ երկու անգամ կրկնելով, որ Գանտահարեանը Հ.Յ.Դ.ի անդամ է: Փաստացիօրէն, Հ.Յ.Դ. առաջնորդները հրապարակայնօրէն յայտարարեցին, որ կը գերադասեն, որ լիբանանահայերը չհեռանան այդ երկրի կայացած համայնքէն: Բնականաբար, ոչ ոք կրնայ կաշկանդել ոեւէ լիբանանահայու ներգաղթը Հայաստան, ինչ որ շատ աւելի նախընտրելի է, քան արտագաղթը դէպի օտար երկիրներ։ Գանտահարեանի խօսքերը տեղ մը սխալ մեկնաբանուեցան Սինանեանի կողմէ։ Տեսանիւթին մէջ, Գանտահարեան կը  խօսէր հայկական արմատներ ունեցող լիբանանցիներու, այլ ոչ թէ քրիստոնեայ արաբներու եւ ասորիներու Հայաստան ներգաղթի մասին։ Սինանեան նաեւ յայտարարեց, որ դիմատետրի մէջ զինք քննադատողները դաշնակցականներն են եւ «ֆէյքերու բանակը»։ Թէեւ կրնան քանի մը ֆէյքեր ըլլալ, սակայն պարզ է, որ քննադատողներու ճնշող մեծամասնութիւնը հայեր են, որոնք չեն ուզեր, որ ոչ հայերը Հայաստան ներգաղթեն:
Այսուամենայնիւ, գոյութիւն ունին քանի մը կարեւոր հարցեր, զորս պէտք է հնչեցնել.
 
Նախ եւ առաջ, ոչ հայերու ներգաղթը Հայաստան հայերու մեծամասնութեան համար շատ զգայուն հարց է՝ ազգային լուրջ հետեւանքներով, որոնք շատ աւելին են, քան Սինանեանի հեղինակութիւնն ու պարտականութիւնները: 1915ի Ցեղասպանութեան ընթացքին 1․5 միլիոն հայերու ոչնչացումը համայն հայութիւնը կը ստիպէ լրացուցիչ պաշտպանութիւն ապահովել իր ժողովուրդի մնացորդներուն եւ փոքր հայրենիքին համար։
 
Աւելին, մինչ Սինանեան պատասխանատու է Հայաստանի կառավարութեան՝ սփիւռքահայերու հայրենադարձութեան քաղաքականութիւնը իրականացնելու համար, ոչ հայերու Հայաստան ներգաղթը որեւէ կապ չունի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին հետ:
Ոչ հայերու ներգաղթը կառավարութեան քաղաքականութեան հարց է: Անկախութեան օրէն ի վեր հոն բնակած են փոքր թիւով ոչ հայեր, որոնք հաստատուած են Հայաստանի մէջ՝ իբրեւ գործարարներ կամ Հայաստանի քաղաքացիներու ընտանիքի անդամներ: Եղած են նաեւ գաղթականներ, որոնք ապաստան խնդրած են Հայաստանի մէջ: Յամենայնդէպս, կասկածելի է, որ մեծ թիւով ոչ հայեր հետաքրքրուած ըլլան մօտիկ ապագային մնայուն կերպով Հայաստան տեղափոխուելու հարցով:
 
Յստակացնենք, որ մենք չենք խօսիր Հայաստան ապրող ազգային տարբեր փոքրամասնութիւններու մասին, ինչպիսիք են եզիտիները, ասորիները, յոյները եւ ռուսերը: Այս փոքրամասնութիւնները դարեր շարունակ բնակած են Հայաստանի մէջ: Որեւէ հարց չկայ Հայաստանի մէջ անոնց մնայուն կեցութեան կապուած:
 
Հայաստանի ժողովրդագրութիւնը փոխելու եւ անոր բնակչութիւնը թիւով աւելցնելու առումով, առաջին բանը, որ պէտք է ընէ Հայաստանի կառավարութիւնը՝ այնպիսի քաղաքականութեան մը մշակումը պիտի ըլլայ, որ կը կանխէ Հայաստանի բնիկ բնակչութեան կողմէ հայրենիքի լքումը: Ասիկա կը նշանակէ աշխատատեղերու ստեղծում եւ բնակարաններով ապահովում։ Այս երկուքէն ետք Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է փորձէ ներգրաւել սփիւռքահայերը, մասնաւորաբար մերձաւոր արտասահման գտնուողները, ինչպէս դէպի Ռուսիա վերջերս արտագաղթածները, որպէսզի վերադառնան Հայաստան: Այս մէկը ընելու համար Հայաստանին անհրաժեշտ է դիւրացնել անոնց տեղափոխումը Հայաստան՝ ունենալով զանոնք  վերաբնակեցնելու պարզ ընթացակարգ եւ ներգաղթողները ապահովելով բնակարանով եւ աշխատանքով: Հակառակ պարագային, Ռուսիոյ հայերը կա՛մ չեն վերադառնար Հայաստան, կամ ալ կարճ ժամանակով մնալէ ետք հայրենիք, դարձեալ կը հեռանան անկէ։ Այս պարագան նոյնինքն այն է, ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հետ, որոնք փախած էին Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն: Անոնցմէ շատեր մեկնեցան Արեւմտեան Եւրոպա, Քանատա կամ Միացեալ Նահանգներ՝ Հայաստանի մէջ աշխատատեղերու եւ տուներու չգոյութեան պատճառով:
 
Սինանեանի գրասենեակին համար այժմ գերակայ խնդիր է սփիւռքահայերու ներգրաւումը Հայաստան տեղափոխուելու նպատակին: Եթէ հրաշքով, մեծ թիւով սփիւռքահայեր վերաբնակեցուին Հայաստանի մէջ, ապա միայն այս պարագային է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ բարձրացնել մեծ թիւով այլ ազգութիւններու ներգաղթը թոյլ տալու հարցը: Ազգային լայն համաձայնութիւն պէտք է՝ մեծ թիւով ոչ հայերու Հայաստան տեղափոխելու թոյլտուութեան համար։ Ասիկա չի կրնար ըլլալ միայն մարդու մը կամ խումբի մը որոշումը:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւեմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան 
 
 
 
  -   Յօդուածներ