Ատրպէյճան Չի Հաւաքեր Իր Զինուորներուն Դիակները. Արցախի Մէջ Կը Շարունակուի Խաղաղ Բնակչութեան Ռմբակոծումը. Յարութ Սասունեան
19-10-2020 18:49:46 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը շարունակեն պնդել, որ իրենք չեն ընդունիր զինադադարը, այնքան ատեն որ հայկական զինուած ուժերը դուրս չեն եկած Արցախէն: Այլ կերպ ըսած, անոնք կ՛ուզեն վերագրաւել Արցախը եւ ջնջել հայկական ներկայութիւնը:
Կողքէն՝ Թուրքիա շարունակ իւղ կը լեցնէ կրակին վրայ՝ շեշտելով, որ Արցախի դէմ պատերազմը պէտք չէ դադրի, մինչեւ որ հայերը հողերը չվերադարձնեն Ատրպէյճանի: Այսուամենայնիւ, երբ ատրպէյճանցիներու եւ ճիհատիսթ ահաբեկիչներու կորուստները աճեցան, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ սկսաւ մեղմել իր դիրքորոշումը՝ անցեալ Ուրբաթ յայտարարելով, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման սկզբունքները, որոնք ներկայացուած են Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ, պէտք է հիմք հանդիսանան լուծման համար»:
Նոյն օրը, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները աւելի քան տասը ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցան Մոսկուայի մէջ եւ համաձայնեցան մարդկային զինադադարի շուրջ, որ սկսաւ 11 Հոկտեմբերին, ժամը 12ին (տեղական ժամանակով)՝ ռազմագերիներու փոխանակման եւ սպաննուած զինուորներու դիակները հաւաքելու նպատակով։ Իսլամական օրէնքի համաձայն՝ թաղման արարողութիւնը պէտք է կատարուի մարդու մահէն ետք 24 ժամուան ընթացքին:
Սակայն, զարմանալի չէ, որ Ալիեւ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր չէին պահպանելու զինադադարի օրէնքը: Զինադադարէն քանի մը վայրկեան անց՝ Ատրպէյճան շարունակեց քաղաքացիական եւ ռազմական թիրախներու ռմբակոծումը: Ալիեւ յարգանք չցուցաբերեց զոհուածներու եւ անոնց սգաւոր ընտանիքներուն նկատմամբ՝ հրաժարելով միջոցներու ձեռնարկելէ՝ զոհուած ատրպէյճանցի զինուորներու դիակները հաւաքելու համար: Ան նաեւ յարգանք չդրսեւորեց իսլամական թաղման սեղմ ժամանակացոյցին նկատմամբ, քանի որ բարեպաշտ մահմետական չէ:
Իրական պատճառը, որ Ալիեւ կը ձեւացնէր, թէ համաձայն է զինադադարին, այն էր, որ կ՛ուզէր այդ իբրեւ քող օգտագործել իր ջախջախուած զինուած ուժերը վերահաւաքելու եւ Իսրայէլէն զինական նոր մթերք տեղափոխելու համար։ Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիա կը շարունակէր Սուրիայէն աւելի շատ ահաբեկչական վարձկաններ հաւաքագրել, քանի որ հայերը զանոնք անընդհատ կ՛ոչնչացնէին պատերազմի դաշտի վրայ:
Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ զինադադարի օրէնքի բացայայտ խախտումները պէտք է վերջապէս Փութինը արթնցնեն իր քունէն։ Այս վարձկաններուն տեղափոխումը Ատրպէյճան ոչ թէ կը բխի միայն Հայաստանի եւ Արցախի շահերէն, այլ որ աւելի կարեւոր է` Ռուսիոյ ազգային շահերուն դէմ է: Եթէ Փութին չի մտածեր հայերու սպանութեանց մասին, ապա պէտք է հոգ տանի ապագայ ահաբեկչական գործողութիւններու մասին այն վարձկաններու կողմէ, որոնք Սուրիոյ մէջ կը կռուէին ռուսական ուժերու դէմ: Հայաստան եւ Արցախ մեծ օգուտ կը բերեն Ռուսիոյ՝ ոչնչացնելով հարիւրաւոր իսլամ ճիհատիսթներ, որոնք սպառնալիք էին Սուրիոյ եւ, հնարաւոր է՝ Ռուսիոյ մէջ: Այս վարձկանները չէին կրնար լաւ կռուիլ Արցախի դէմ, քանի որ անոնք մարզուած զինուորներ չեն, բայց ունակ են ահաբեկչական ինքնասպանութիւններ իրականացնելու եւ պայթեցնելու քաղաքացիական թիրախներ, Ռուսիոյ քաղաքներու մէջ:
Աւելին, Փութին պէտք է ինքզինք վատ զգայ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իր կողմէ կնքուած զինադադարը չի յարգուիր Ալիեւի եւ Էրտողանի կողմէ: Ասիկա վերջապէս կրնայ ստիպել Փութինը՝ աւելի վճռական միջոցներու ձեռնարկելու, ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ Թուրքիոյ դէմ: Հակառակ պարագային՝ Ռուսիա սեփական հեղինակութեան անկում կ՛ունենայ։
Ռուսիա նաեւ պէտք է յարգէ ՀԱՊԿի (Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւն) շրջանակէն ներս իր ստանձնած պարտաւորութիւնը Հայաստանի նկատմամբ: Ան պէտք է պաշտպանէ Հայաստանի սահմանները, քանի որ Ատրպէյճան բազմիցս ռմբակոծած է խաղաղ բնակչութիւնը Հայաստանի ներսը:
Այս ծայրայեղ իսլամ ահաբեկիչներով առաւել քան մտահոգուած է Իրան, որ անոնց դէմ կը պայքարի Սուրիոյ մէջ: Իրանի սահմանին հազարաւոր ահաբեկիչներ ունենալը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ: Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի բազմիցս նախազգուշացուցած է Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան՝ այդ վարձկանները Իրանի սահմանին հարող շրջաններ տեղափոխելու գծով: Ռոհանի նոյնիսկ խօսած է Փութինի հետ այս սպառնալիքին մասին: Եթէ այս վտանգը շարունակուի, հնարաւոր է, որ Իրան ստիպուած ըլլայ ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկել, այդ օտարերկրեայ ահաբեկիչներուն դէմ իր սեփական սահմանները պաշտպանելու համար:
Բան մը, որ կը մնայ զարմանալի՝ պատերազմին մէջ հայկական ուժերու քաղաքավար եւ քաղաքակիրթ արձագանգն է: Ատրպէյճան կը շարունակէ ամէն օր ռմբակոծել Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի խաղաղ բնակչութինը՝ պատճառելով տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս զինադադարէն առաջ, այնպէս ալ ատկէ ետք: Սակայն, անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ հայկական ուժերը այս իրականութեան դիմաց զերծ կը մնան ատրպէյճանական քաղաքները եւ գիւղերը ռմբակոծելէ: Բացառութիւն էր միայն հայկական կողմէ ռմբակոծումը Ատրպէյճանի Գեանջայի (Գանձակ) օդակայանին, ուր տեղադրուած են ատրպէյճանական եւ թրքական օդուժի ինքնաթիռները:
Հայերը բոլոր իրաւունքները ունին պատասխանելու ատրպէյճանական թիրախներուն: Ասիկա պատերազմ է: Երբ թշնամին չի յարգեր միջազգային իրաւունքը եւ բազմիցս ռազմական յանցագործութիւններ կը կատարէ, ապա Ալիեւ պետք է հասկնայ, որ հայերը պատասխան հարուած կը հասցնեն այնքան ժամանակ, որքան ատեն որ չի դադրիր թիրախաւորելէ հայ խաղաղ բնակչութիւնը: Նոյնիսկ Շուշիի Ղազանչեցոց պատմական տաճարը յայտնուած է ատրպէյճանական ռմբակոծումին տակ, որ մեծ վնաս հասցուցած է այս սրբատեղիին։ Քանի դեռ չեն դադարիր ատրպէյճանական նման բարբարոսական յարձակումներ, Հայաստան պէտք է պատասխան հարուած հասցնէ ատրպէյճանական բոլոր թիրախներուն, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի քարիւղատարին:
Ես շատ ուրախ էի, որ 11 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի հայ համայնքը զանգուածային բողոքի ցոյց կազմակերպեց Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց: Պէտք է ճնշում գործադրել Թուրքիոյ խելագար ղեկավար Էրտողանի վրայ՝ հայ ժողովուրդին նկատմամբ Ցեղասպանութեան շարունակումը դադրեցնելու համար: Աշխարհի բոլոր հայ համայնքները պէտք է նման ցոյցեր կազմակերպեն Թուրքիոյ հիւպատոսութիւններու եւ դեսպանատուներու դիմաց եւ պահանջեն, որ բոլոր կառավարութիւնները ճնշեն Թուրքիոյ վրայ՝ դադրեցնելու համար իր մասնակցութիւնը պատերազմին եւ ահաբեկչական վարձկաններու հաւաքագրումին: Պատերազմը միացուցած է ամբողջ աշխարհի տասը միլիոն հայերը, որոնք պատրաստ են աջակցելու իրենց հայրենիքին՝ ընդդէմ համաթրքական յարձակման, որ շատ աւելի չարագոյժ է, քան «Քորոնա» ժահրի համաճարակը: Պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի չեղեալ համարուի Էրտողանի՝ իր քիթը Արցախեան հակամարտութեան մէջ խոթելու փորձը: Հակառակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ Թուրքիա պէտք չէ մասնակցութիւն ունենայ պատերազմական գօտիին մէջ, ոչ ալ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:
Նոյնքան կարեւոր է, որ տարբեր երկիրներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունենան Իսրայէլի հիւպատոսութիւններու եւ դեսպանատուներու առջեւ, քանի որ Իսրայէլ ծախած եւ շարունակաբար կը ծախէ միլիառաւոր տոլարներ արժող ժամանակակից մահացու անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ՝ սպաննելով ու խեղելով հարիւրաւոր անմեղ հայ տղամարդիկ, կիներ եւ մանուկներ: Դիմատետրի մէջ տարածուած յայտարարութիւնը ճիշդ կը նկարագրէ այս խելայեղ իրավիճակը. «Ցեղասպանութեան մէջ մեղաւորներու թոռները կը սպաննեն Ցեղասպանութենէն վերապրածներու թոռները՝ Ողջակիզումէն վերապրածներու թոռներուն տրամադրած զէնքով»:
Անցեալ շաբաթ Իսրայէլի յայտնի մտաւորականներու խումբ մը հանդէս եկաւ միացեալ յայտարարութեամբ՝ կոչ ընելով Իսրայէլի՝ «անյապաղ դադրեցնել զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին … որ հիմնականին մէջ ուղղուած է ժողովուրդի մը դէմ, որ քսաներորդ դարուն հրեայ ժողովուրդին պէս ցեղասպանութեան ենթարկուած է: Մենք կոչ կ՛ընենք միւս իսրայէլացիներուն՝ իրենց ձայնը բարձրացնելու այս կարեւոր խնդրին վերաբերեալ»։ Ես ուրախ եմ, որ ստորագրողներու շարքին են փրոֆեսըրներ Եայիր Աուրոն, Իսրայէլ Չարնի եւ Մայքըլ Սթոն, որոնք մնայուն կերպով պաշտպանած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը եւ զայն ճանչնալու կոչ ըրած են Իսրայէլի կառավարութեան:
Քանի որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը չէ կրցած վճռական գործողութիւններու ձեռնարկել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ, ես կ՛առաջարկեմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել Ռուսիոյ հիւպատոսութիւններու եւ դեսպանատուներու առջեւ, տարբեր երկիրներու մէջ, մասնաւորապէս Երեւանի եւ Մոսկուայի մէջ՝ ցոյց տալու համար նախագահ Փութինին, որ այս պատերազմին մէջ իր անգործութիւնը կը յանգեցնէ անոր, որ ամէնուր հայերը կը կորսնցնեն իրենց համակրանքը Ռուսիոյ եւ անոր կառավարութեան նկատմամբ:
Վերջապէս, Արցախի եւ Հայաստանի կառավարութիւնները աշխարհի բոլոր երկիրներուն կոչ ըրած են ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Ասիկա շատ զգայուն թեմա է՝ հեռու գացող հետեւանքներով։ Այսուամենայնիւ, հաշուի առնելով այս ողբերգական հանգամանքները, հայ ժողովուրդին այլ բան չի մնար, եթէ ոչ դիմել նման միջոցի՝ իբրեւ արձագանգ արցախահայութեան ոչնչացման նպատակով ի գործ դրուած ատրպէյճանական եւ թրքական փորձերուն: Արցախի անկախութեան ճանաչումը համարժէք պատասխանը կ՛ըլլայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական յանցագործութիւններուն: Սակայն, առաջին քայլը պէտք է ըլլայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը: Հակառակ պարագային, եթէ հայերը դիմեն օտարերկրեայ ղեկավարներուն, անոնց կրնան ըսել, թէ ինչո՞ւ պէտք է առաջինը իրենք ճանչնան Արցախը, երբ դեռ Հայաստան այդ չէ ըրած․․․