Յարութ Սասունեան. Զգուշացում՝ Հայաստանի Ղեկավարներուն. Նորէն Մի՛ Իյնաք Թրքական Ծուղակը


Յարութ Սասունեան. Զգուշացում՝ Հայաստանի Ղեկավարներուն. Նորէն Մի՛ Իյնաք Թրքական Ծուղակը

  • 17-02-2021 18:55:24   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ինչպէս Հայաստանի նախկին, այդպէս ալ ներկայ ղեկավարները չեն ունեցած երկիր ղեկավարելու համապատասխան փորձառութիւն, որ կը վերաբերի թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան: Այս տհաճ իրավիճակը ուղղելու համար, ոմանք առաջարկած են գտնել համապատասխան փորձագէտներ,  որոնք   խորհուրդներ  պէտք  է  տային  Հայաստանի ղեկավարներուն: Ցաւօք, բոլոր նմանօրինակ ջանքերը ձախողած են այն պարզ պատճառով, որ մինչեւ փորձագէտներուն օգտակար հանդիսանալը,  ղեկավարները  իրենք  պէտք  է  պատրաստակամ  ըլլային  լսելու անոնց  խորհուրդները:  Հայաստանի ղեկավարներուն հետ յարաբերելու տարիներու փորձս ցոյց կու տայ, որ անոնք կը կարծեն, թէ իրենք ամէն ինչ գիտեն եւ պէտք չունին ուրիշէն սորվելու: Ասիկա Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին երեսուն տարիներու սխալ կառավարման պատճառներէն մէկն է: Հասկնալի է՝ պարտադիր չէ, որ ղեկավարը  ամէն   բան  գիտնայ: Այս  պատճառով  ալ  ան  խորհրդականներ  ունի:  Բայց  խորհրդականները երբ նոյնիսկ աւելի՛ անփորձ են, քան իրենց ղեկավարը, ինչպէս Հայաստանի պարագային, իրավիճակը կը դառնայ անյոյս: 
 
Այս երկար նախաբանը գրեցի ընդգծելու համար, որ բացի շատ բան չգիտնալէն եւ խորհուրդներ չլսելէն, Հայաստանի ղեկավարները նաեւ կը մերժեն դասեր քաղել անցեալի սխալներէն եւ, ցաւօք, կը կրկնեն զանոնք։
 
 Այսպիսի օրինակ մըն է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս քննարկուող հայ-թրքական սահմանի հաւանական բացումը. անիկա փակուած էր 1993ին, Թուրքիոյ կողմէ: Անցեալ շաբաթ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան խորհրդարանի անդամներուն ըսաւ. «Այլեւս պատճառ չկայ (Թուրքիոյ համար) փակելու Հայաստանի հետ սահմանը: Բազում տարիներ Թուրքիա փակած էր Հայաստանի հետ սահմանը՝ պահանջելով Արցախեան հակամարտութեան իրավիճակի փոփոխութիւն, իրավիճակը փոխուեցաւ ուժի կիրարկմամբ։ Այլեւս պատճառ չկայ փակ պահելու Հայաստանի հետ սահմանը»։ Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ վստահեցուց, որ ներկայ պահուն որեւէ գործողութիւն պիտի չկատարուի այս ուղղութեամբ:
 
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը յաջորդեց Թուրքիոյ նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարի կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութիւններուն` Հայաստանի  հետ  սահմանը  բանալու պատրաստակամութեան մասին, եթէ վերջինս բաւարարէ յստակ պայմաններ: Նախապէս Թուրքիոյ սահմանը փակելու պատճառը Հայաստանի մերժողական պատասխանն էր՝ վերադարձնելու «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքները»: Ուստի կարելի է կարծել, որ այժմ, երբ Ատրպէյճան բռնի կերպով գրաւած է այդ տարածքներուն մեծ մասը, խնդիրը լուծուած է, հետեւաբար Թուրքիա պիտի բանայ սահմանը: Այսուամենայնիւ, յիշեցնենք, որ սահմանը բանալու համար Թուրքիա Հայաստանի հետ ունէր երկու լրացուցիչ պայմաններ.  
 
1) Հայաստան պէտք է հրաժարի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը հետապնդելէ.
 
2) Հայաստան պէտք է ճանչնայ Թուրքիոյ ներկայ սահմանները եւ պէտք չէ ներկայացնէ տարածքային պահանջներ:
 
Բոլորս կը յիշենք, որ տակաւին 2009ին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ փոխադարձ սահմանի բացման մասին Արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք, Թուրքիա լրացուցիչ պահանջներ առաջադրած էր Հայաստանի: Երբ Հայաստան մերժեց ընդունիլ այս նոր պայմանները, թրքական կողմը որոշեց չվաւերացնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Արձանագրութիւնները՝ Ատրպէյճանի կողմէ ուժեղ ճնշման ենթարկուելէ ետք:
 
Այդ օրերուն բողոքի մեծ ալիք բարձրացաւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի բազմաթիւ հայերու կողմէ, թէ Արձանագրութիւնները չեն բխիր Հայաստանի շահերէն: Այսուհանդերձ, նախագահ Սերժ Սարգսեան շարունակեց իր սխալ մօտեցումը, մինչեւ որ Թուրքիա հրաժարեցաւ Արձանագրութիւններէն՝ ակամայ պաշտպանելով Հայաստանի շահերը:
 
Արձանագրութիւններուն վնասակար մէկ այլ լուրջ հետեւանքը այն էր, որ անոնք խոչընդոտ հանդիսացան նախագահ Պարաք Օպամայի խոստման՝ ճանչնալու Հայոց  Ցեղասպանութիւնը 24 Ապրիլ 2009ին։
 
Արձանագրութիւնները թրքական ճարպիկ հնարք մըն էին` տապալելու Միացեալ Նահանգներու նախագահի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Թուրքիոյ ղեկավարները, պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի գործակցութեամբ, բազմիցս ըսած էին նախագահ Օպամայի՝ հանդէս չգալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող յայտարարութեամբ, այն պահուն, երբ Հայաստան եւ Թուրքիա լուրջ բանակցութիւններ կը վարեն՝ իրենց միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով: Անոնք յաջողեցան համոզել Օպաման, որ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործումը կը խափանէ բանակցութիւնները: Հետեւանքը այն եղաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր նախընտրական խոստումը պահելու փոխարէն, նախագահ Օպամա 24 Ապրիլ 2009ին յայտարարեց. «Ես նաեւ վճռականօրէն կ՛աջակցիմ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ջանքերուն: Զուիցերիոյ հովանիին տակ երկու կառավարութիւնները համաձայնած են կարգաւորման շրջանակի եւ ճամբու քարտէսի մասին: Ես կ՛ողջունեմ այս յառաջընթացը եւ կը յորդորեմ զիրենք կատարելու իրենց խոստումը»:
 
Ճիշդ է, որ նախագահ Օպամա չկատարեց իր նախընտրական խոստումը, սակայն նոյնինքն Հայաստանի ղեկավարներն էին, որ հիանալի պատրուակ մը ստեղծեցին անոր համար՝ որպէսզի ան թաքստոց մտնէ արձանագրութիւններու  խաղին տակ։ Հետեւաբար, հայերը կորսնցուցին թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ եւ թէ սահմանի բացումը:
 
Ցաւօք, նոյն բեմադրութիւնը կրնայ կրկնուիլ այս տարի եւս: Նախագահ Ճօ Պայտըն նախընտրական խոստում տուած է՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անոր համար հիմա շատ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ այսպիսի քայլի մը դիմելը, քանի որ ինչպէս Ներկայացուցիչներու պալատը (գրեթէ միաձայնութեամբ), այդպէս ալ ԱՄՆ Ծերակոյտը (միաձայնութեամբ) 2019ին ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Թէեւ երաշխիք չկայ, որ նախագահ Պայտըն պիտի կատարէ իր խոստումը, սակայն մենք պէտք չէ պատրուակ ստեղծենք, որ ան  չկատարէ իր խոստումը:
 
Անցեալէն դատելով՝ այս մէկը նոյն այն հնարքն է, զոր հիմա մտադիր է ընելու Թուրքիան: Մենք գիտենք, որ Պայտընի վարչակազմը շատ աւելի կոշտ դիրքորոշում ունի Էրտողանի եւ Թուրքիոյ հանդէպ։ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ կան շարք մը վիճելի հարցեր, զորս դժուար է յաղթահարել: Այս մասին լաւ գիտնալով՝ Էրտողան վերջին շաբաթներուն սկսած է քայլերու ձեռնարկել Իսրայէլի, Յունաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ հաշտեցման ուղղութեամբ՝ նախագահ Պայտընի հաճոյանալու նպատակով։ Էրտողանի առաջարկը` բանալ  Հայաստանի  հետ  սահմանը,  Թուրքիոյ  ի գործ դրած  ներկայ   ընդհանուր ռազմավարութեան  մէկ  մասն  է:
 
Արցախեան աղէտալի պատերազմէն ետք Հայաստանի ղեկավարները չեն կրնար իրենք իրենց  թոյլ տալ, որ սխալ հաշուարկներ ընեն աւելի եւս: Մինչ Արցախի եւ անոր յարակից տարածքներուն մեծ մասը արդէն կորսուած է, յոյսով եմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը չի սխալիր` պատրուակ մը ստեղծելով Պայտընի վարչակազմին համար՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առումով: Աւելի կարեւորը այն է, որ Հայաստանի ղեկավարները պէտք չէ  անընդունելի  քայլեր  առնեն՝ խոստանալով չհետապնդել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ ճանչնալ Թուրքիոյ ներկայ սահմանները: Նման համաձայնութիւն մը վերջնականապէս կը վնասէ Հայաստանի շահերուն: Ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստան համաձայնիլ թրքական նմանօրինակ առաջարկներու՝ արցախեան վերջին պատերազմին Թուրքիոյ ունեցած դաժան դերակատարութենէն ետք, որուն հետեւանքով հազարաւոր հայ զինուորներ սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան, եւ հայկական տարածքները գրաւուեցան: Վէրքերը տակաւին չափազանց թարմ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման որեւէ փորձ դիտարկելու համար:
 
Հայաստանի անփորձ ղեկավարները կրնան գտնուիլ անյարմար վիճակի մէջ, եթէ Թուրքիա որոշէ միակողմանիօրէն բանալ իր սահմանը, իսկ Հայաստան մերժէ այդ ընել՝ գովեստի արժանացնելով Թուրքիան, իսկ Հայաստանը դարձնելով խոչընդոտող գործօն՝ միջազգային հանրութեան աչքին: Հայաստանի վիճակն ալ աւելի կը բարդանայ, եթէ Թուրքիա բանայ իր սահմանը, մինչդեռ Հայաստանի կառավարութիւնը վերջերս վեց ամիսով կամ աւելի երկար ժամանակով արգիլած է թրքական ապրանքներու ներմուծումը: Եթէ սահմանը բացուի, եւ Հայաստան թոյլ տայ թրքական ապրանքներու ներմուծումը, հայկական շուկան պիտի  հեղեղուի թրքական աւելի աժան ապրանքներով, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տեղական արտադրողներուն վրայ: Կարելի լուծումներէն մէկը այն կ՛ըլլայ, որ Հայաստան, թրքական ապրանքներու ներմուծումը ամբողջովին արգիլելու փոխարէն, անոնց վրայ ներմուծման բարձր տուրքեր դնէ՝ երկրին մէջ անոնց վաճառքը գործնականապէս անկարելի դարձնելով։ Ապրանքներու վրայէն արգելքը վերցնելով՝ Հայաստան բացասաբար չ՛ընկալուիր աշխարհի աչքին, իսկ Հայաստանի կառավարութեան համար այս մէկը կ՛ապահովէ խիստ անհրաժեշտ եկամուտ, եթէ մէկը թրքական ապրանքներ ներկրէ:
 
Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան պէտք է իր պայմանները դնէ Թուրքիոյ առջեւ՝ նախքան սահման բանալու գծով համաձայնիլը, օրինակ՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հայկական կորուստներու հատուցումը: Նման քայլ մը կը հակասէ թէ՛ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիրքորոշումներուն.  անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած էին Հայաստանի կողմէ չարաբաստիկ Արձանագրութիւններու վաւերացման եւ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման՝ առանց որեւէ նախապայմանի․․․
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
 
  -   Յօդուածներ