Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճան Հինգ Հարիւր Թոն Զինամթերք Ծախած Է Քոնկոյի Բռնապետական Վարչակարգին


Յարութ Սասունեան. Ատրպէյճան Հինգ Հարիւր Թոն Զինամթերք Ծախած Է Քոնկոյի Բռնապետական Վարչակարգին

  • 17-03-2021 10:26:32   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Ասիկա Ատրպէյճանի զարմանալի պատմութիւնն է, երկիր մը, որ, մէկ կողմէ ուրիշներէն զինամթերք կը գնէ իր կարիքներուն համար, իսկ միւս կողմէ տասնեակ միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ զինամթերք կը ծախէ Կեդրոնական Ափրիկէի երկիրներէն մէկուն:
 
22 Փետրուար 2021ին, Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծը (OCCRP) յօդուած մը հրապարակած է՝ «Քոնկօ-Պրազաւիլի տիրակալը գաղտնաբար զէնք կը  գնէ Ատրպէյճանէն» վերնագրով։ Յօդուածին հեղինակներն են Խատիճա Շարիֆ եւ Մարք Էնտըրսըն: Քոնկօ-Պրազաւիլը Քոնկոյի Հանրապետութեան ուրիշ մէկ անունն է:
Ահա՛ OCCRPի յօդուածին մէջ տեղ գտած հիմնական եզրակացութիւններուն համառօտ շարադրանքը․
 
«Քոնկօ-Պրազաւիլ 2015 թուականէն սկսեալ հսկայական զէնքի պաշար գնած է Ատրպէյճանէն․ աւելի քան 500 թոն զինամթերք ղրկուած է երկիր, քանի մը խմբաքանակներով։
 
Յունուար 2020ին, Ատրպէյճանէն աւելի քան 100 թոն զինամթերք ուղարկուած է Քոնկօ-Պրազաւիլի Հանրապետական պահակազօրին, ներառեալ 775 ականանետային ռումբ եւ աւելի քան 400 հրթիռ՝ նախատեսուած բեռնատարներէն արձակելու համար։
 
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները կը պնդեն, որ Ատրպէյճանէն զինամթերքի նախկին փոխադրումները օգտագործուած են 2016ին՝ յետընտրական դաժան յարձակումներու բորբոքման նպատակով, ինչ որ յանգեցուցած է մարդկային ճգնաժամի:
 
Սէուտական Արաբիան նշուած է իբրեւ «հովանաւորող կողմ»՝ 2016 եւ 2017 թուականներուն ուղարկուած զինամթերքի առնուազն երկու խմբաքանակներուն մէջ, միեւնոյն ժամանակ բանակցութիւններ ընթացած են՝ Քոնկօ-Պրազաւիլը OPECի (Նաւթ արտահանող երկիրներու կազմակերպութիւն) մէջ ընդունելու համար»:
 
Ըստ OCCRPի՝ «Յունուար 2020ին Մարմարա ծովու արեւելեան ափին գտնուող թրքական Տերինճէ նաւահանգիստին մէջ զինամթերքի հսկայական քանակ բարձուած է  MV Storm բեռնատար նաւուն վրայ: Վանուատուի հարկային նաւահանգիստին մէջ արձանագրուած այս նաւը, բարձուած ականանետային ռումբերով, համազարկային բազմաթիւ հրթիռներով եւ պայթուցիկ նիւթերով, ճամբորդած է Ատրպէյճանէն դէպի Քոնկոյի Հանրապետութիւն, որ աւելի յայտնի է իբրեւ Քոնկօ-Պրազաւիլ»:
 
Վերոնշեալ ամփոփագիրը քանի մը լուրջ հարցեր առաջ կը քաշէ. օրինակ՝ ինչո՞ւ Ատրպէյճան զինամթերք կ՛ուղարկէ Քոնկոյի Հանրապետութիւն, երբ Պաքու ի՛նք զէնքի կարիք ունի: Քոնկօ ուղարկուած զինամթերքի իսկական աղբիւրը Ատրպէյճա՞նն է, թէ՞ Թուրքիան։ Ինչո՞ւ Սէուտական Արաբիան հովանաւորած է զէնքի երկու առաքումները 2016 եւ 2017 թուականներուն, ինչ որ կը նշանակէ, որ Սէուտական Արաբիոյ կառավարութիւնը վճարում կատարած է զինամթերքի դիմաց: Ինչո՞ւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնապետները կը փորձէին աջակցիլ Քոնկոյի Հանրապետութեան բռնապետին՝ նախագահ Տենիս Սասու-Նկուեսոյի, որ 1997էն ի վեր իշխանութեան ղեկին է։ Ի՞նչ ստացած են Ատրպէյճան կամ Թուրքիա՝ զինամթերքի առաքման դիմաց:
 
Յունուար 2020ին, Ատրպէյճան տասնեակ միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ աւելի քան 100 թոն զինամթերք առաքած է Քոնկոյի Հանրապետական պահակազօրի ընտրանի խումբին։ Այս մէկը 2015 թուականէն սկսեալ 17 նման առաքումներու վերջինն էր: Ընդհանուր առմամբ, Ատրպէյճան Քոնկօ ուղարկած է աւելի քան 500 թոն զինամթերք, ներառեալ ձեռքի նռնակներ, ականանետային համակարգեր եւ միլիոնաւոր փամփուշտներ, կը յայտնէ OCCRP:
 
Ընդդիմութեան ուժերը կը պնդեն, որ այդ զէնքերը  պիտի օգտագործուին Քոնկոյի նախագահին կողմէ, 21 Մարտին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու մէջ իր իշխանութիւնը բռնի կերպով պահպանելու համար: Վերջերս ան փոխած է սահմանադրութիւնը, որպէսզի կարենայ մինչեւ մահ նախագահ մնալ․․․
 
Ինչպէ՞ս կրնայ Քոնկոյի նման նիւթապէս սնանկացած երկիր մը արտօնել ինքնիրեն՝ գնել այդքան մեծ քանակի զինամթերք: Նիւթապէս հովանաւորելով  զինամթերքի երկու բեռնափոխադրումները՝ Սէուտական Արաբիա ուզած է ընդլայնել իր քաղաքական ազդեցութիւնը Քոնկոյի վրայ:
 
Անցեալ տարուան Յունուարին Ատրպէյճանէն Քոնկօ հասած զինամթերքի ամէնէն վերջին բեռնափոխադրումը կը ներառէր 775 ականանետային ռումբ եւ 400 հրթիռ։ Պուլկարական ընկերութիւն մը զանոնք Պաքուէն տեղափոխած է Թուրքիա, այնուհետեւ, Տերինճէի մէջ, զանոնք բարձած է MV Storm նաւուն վրայ, որ կը գտնուի Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ շահագործուող նաւահանգիստին մէջ: Ներքին աղբիւրի մը հաստատմամբ՝ Քոնկօ զինամթերքը գնած է զեղչուած գիներով:
Ըստ Քոնկոյի քաղաքական կուսակցութեան առաջնորդին՝ Քոնկոյի կառավարութիւնը Ատրպէյճանէն եկած զինամթերքը օգտագործած է ընդդիմութեան դէմ՝ «հրկիզուած երկիր» ռազմավարութեան շրջագիծէն ներս։ Հաշուի առնելով վարչակարգի՝ մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումները, եւրոպական ոչ մէկ երկիր զէնք կը ծախէր Քոնկոյի: 2016ի նախագահական ընտրութիւններուն Միացեալ Նահանգներ կը քննադատէր Քոնկոյի կառավարութիւնը՝ «համատարած խախտումներուն եւ ընդդիմութեան կողմնակիցներու ձերբակալութիւններուն համար»: Կ՛ակնկալուի, որ այս ամսուան նախագահական ընտրութիւնները նոյնքան կաշառուած ըլլան, որքան նախորդները: «Կառավարութիւնը կ՛իրականացնէ նախընտրական քարոզչութիւն իր քաղաքական հակառակորդները ահաբեկումներու, հետապնդումներու եւ կամայական կալանքի տակ պահելու համար», կ՛ըսէ Amnesty Internationalի ներկայացուցիչը:
 
 OCCRPն հաղորդած է, որ «զէնքի առաջին բեռնափոխադրումները Պրազաւիլ հասած են Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերու ինքնաթիռներով, բայց 2017էն ի վեր զինամթերքի մատակարարումներ սկսած է իրականացնել (ատրպէյճանական) մասնաւոր Silk Way Airlines օդանաւային ընկերութիւնը․․․:  Silk Wayը արձանագրուած է Բրիտանական վիրճինեան կղզիներու մէջ՝ հարկային նաւահանգիստը եւ նախապէս կապուած եղած է Ալիեւներու ընտանիքին: Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հետ զինամթերք եւ այլ ոչ մահացու նիւթեր տեղափոխելու նախկին շահաւէտ պայմանագիրներէն բացի, պուլկարական «Թրուտ» (Trud) թերթի կողմէ բացայայտուած թղթակցութենէն պարզուած է, որ Silk Way կ՛օգտագործէր դիւանագիտական թոյլտուութիւն ունեցող թռիչքներ՝ հարիւրաւոր թոն զինամթերք գաղտնի կերպով տեղափոխելու համար ամբողջ աշխարհի տարածքին, նաեւ՝ համաշխարհային պատերազմներու գօտիներ, 2014էն 2017 թուականներուն»:
 
Քոնկոյի ընդդիմութիւնը անհանգստացած է, որ Ատրպէյճանէն եկած զէնքը կրնայ բարձրացնել ընտրութիւններու կապուած բռնութիւններու հաւանականութիւնը: «Մենք մտահոգուած ենք, որ Սասու-Նկուեսոյի վարչակարգը Ատրպէյճանէն գնած զէնքերը կրնայ օգտագործել գալիք ընտրութիւններու ժամանակ ընդդիմութիւնը ճնշելու համար», կ՛ըսէ ընդդիմութեան առաջնորդներէն մէկը:
 
ՄԱԿ պէտք է քննութիւն բանայ՝ Ատրպէյճանէն Քոնկոյի բռնապետին ուղարկուած զինամթերքի այս գաղտնի վաճառքին փաստով. ակնյայտ է, որ նման վաճառք մը նախատեսուած է տեղւոյն բնակչութեան մարդկային իրաւունքները ոտնահարելու եւ նախագահական ընտրութիւնները ըստ սովորութեան կեղծելու համար․․.
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Յօդուածներ