ԱՄՆ Ձերբակալած Է Թուրքիոյ Քաղաքացի Մը՝ Պաշտպանութեան Մասին Տուեալներ Թուրքիա Սպրդեցնելուն Համար


ԱՄՆ Ձերբակալած Է Թուրքիոյ Քաղաքացի Մը՝ Պաշտպանութեան Մասին Տուեալներ Թուրքիա Սպրդեցնելուն Համար

  • 30-06-2021 10:24:06   | ԱՄՆ  |  Քաղաքական

 
Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան բաժանմունքի յատուկ գործակալ Մայքըլ Պալըսթրա 21 Յունիս, 2021ին 16 էջնոց  ցուցմունք մը ներկայացուցած է դատաւոր Ճենիֆըր Պոալի, Թուրքիոյ քաղաքացի Արիֆ Ուկուրի դէմ ձերբակալման վճռի պահանջով։
 
Ուկուր կը մեղադրուի՝
 
1) Առանց արտահանման արտօնագրի Միացեալ Նահանգներէն դէպի Թուրքիա պաշտպանութեան արհեստագիտական տուեալներ սպրդեցնելու դաւադրութեամբ.
2) Առանց արտահանման արտօնագրի Միացեալ Նահանգներէն դէպի Թուրքիա արհեստագիտական տուեալներ սպրդեցնելու.
3) Եւ պաշտպանութեան նախարարութենէն կեղծ միջոցներով պայմանագրեր ձեռք բերելու ծրագրի մշակմամբ՝ ելեկտրոնային խարդախութիւն կատարելու մէջ։
52 տարեկան Ուկուր Թուրքիոյ քաղաքացի է, որ 2002 թուականէն սկսեալ ընդհատումներով ապրած է Մասաչուսեց նահանգը, իսկ 2005 թուականին դարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ մնայուն բնակիչ:
 
Ըստ ցուցմունքին, Ուկուր 2015ին Մասաչուսեցի մէջ հիմնած է Anatolia Group Limited Partnership ընկերութիւնը, որ ներկայացուած է իբրեւ պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ սարքաւորումներու եւ մասերու տեղական արտադրող ու մատակարար։ Ան  ընկերութեան միակ գործընկերն էր:
 
Ցուցմունքին մէջ կը նշուէր, որ «Յուլիս 2015էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2017 Ուկուր ձեռք ձգած է տասնեակ պայմանագրեր՝ ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութեան ենթաբաժանումներուն զանազան մասեր եւ սարքաւորումներ մատակարարելու համար, որոնք կ՛օգտագործուին ամերիկեան զինուժի կողմէ: Այս պայմանագրերէն շատերը կը պահանջէին, որ մասերը ըլլան Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուող «տեղական վերջնական արտադրանք»։ Այս պայմանագրերը ձեռք բերելու համար Ուկուր պաշտպանութեան նախարարութեան խաբէութեամբ ներկայացուցած է, որ Anatolia մասերը պիտի պատրաստէ Միացեալ Նահանգներու գործարաններուն մէջ: Իրականութեան մէջ, Anatolia ընդհանրապէս արտադրական կարողութիւններ չունէր, եւ շատ մասեր, զորս Anatolia կը մատակարարէր պաշտպանութեան նախարարութեան եւ անոր դուստր գործարաններուն, արտադրուած են այլ երկիրներու մէջ, որոնց շարքին՝ առնուազն մէկ արտադրող գործարան Թուրքիոյ մէջ: Այդ մասերէն քանի մը հատը անորակ էին եւ, հետեւաբար, չէին կրնար օգտագործուիլ իրենց կողմէ որոշուած ռազմական նպատակներու համար»:
 
Ուկուր Թուրքիոյ մէջ արտադրողին տրամադրած է «արհեստագիտական բնութագրեր եւ մասերու գծագրեր, զորս ան  ձեռք բերած է Պաշտպանութեան նիւթա-արհեստագիտական գործակալութենէն (DLA)»: Գծագրերէն եւ բնութագրերէն քանի մը հատը կը պահանջէին երկրէն դուրս հանելու արտօնագիր, զոր Ուկուր չէր կրցած ապահովել զանոնք Թուրքիա սպրդեցնելէն առաջ: Ան արձանագրած էր իր ընկերութիւնը DLAի մէջ, որ իրեն թոյլ տուած է մուտք ունենալ ԱՄՆ պաշտպանութեան  նախարարութեան առաջարկներուն մէջ, անկէ  ետք, երբ ան գրաւոր համաձայնած է կատարել իրաւական խիստ պահանջները՝ չբացայայտել, չփոխանցել կամ չտրամադրել օտարերկրեայ կազմակերպութիւններուն պաշտպանական արհեստագիտական տուեալներ, ըստ ցուցմունքի։
 
13 Օգոստոս 2015ին, DLA Ուկուրին ապահովեց մուտք՝ արհեստագիտական բնութագրերու, գծագրերու եւ այլ տեղեկատուութեան՝ DLAի աշխուժ  դիմումներու  վերաբերեալ։ Նոյն օրը, Ուկուր ելեկտրոնային հաղորդագրութեամբ տեղեկացուց Թուրքիոյ երեք քաղաքացիներու, թէ ինչպէս կարելի է համացանցի միջոցով մուտք գործել DLAի «Համագործակցութեան թղթապանակները», ներառեալ ատոր «ռազմական կարեւոր արհեստագիտական տուալներու» գրադարանը, նշուած է ցուցմունքին մէջ։
 
Յատուկ գործակալ Պալեսթրա ցուցմունքին մէջ գրած է․ «27 Յուլիս 2016ին կամ մօտաւորապէս այդ ամսաթիւով թուագրուած ելեկտրոնային հաղորդագրութեան մէջ, DLAի գնորդ գործակատարը խնդրեց Ուկուրէն՝ հաստատել  սարքաւորումներու հաւաքուածքի «իրական արտադրութեան հասցէն»՝ ծագման ստուգումը  դասաւորելու  նպատակով․․․: 28 Յուլիս 2016ի  կամ մօտաւորապէս այդ ամսաթիւով թուագրուած ելեկտրոնային հաղորդագրութեամբ Ուկուր պայմանագրային գործակատարին  ըսաւ, որ  սարքաւորումներու  հաւաքուածքը արտադրուած է Anatoliaի կողմէ՝ Քենեթիքըթ նահանգի Միլֆըրտ քաղաքի Woodmont Road 90 հասցէով։ Կը կարծեմ, որ այս յայտարարութիւնը կեղծ էր, քանի որ Ուկուր գիտէր, որ  սարքաւորումներու հաւաքուածքը արտադրուած է Թուրքիոյ մէջ՝ թրքական արտադրողի կողմէ: Այնուհետեւ Ուկուր դասաւորեց, որ  սարքաւորումներու  հաւաքուածքը պաշտպանութեան նախարարութեան հասցուի Օգոստոս 2016ի վերջը՝ հնարաւորութիւն չտալով DLAի նախ ստուգել մասերը նոյն արտադրութեան վայրի մէջ: Կը կարծեմ, որ Ուկուր դիտմամբ խուսափեցաւ ծագման ստուգումէն, որպէսզի DLAէն պահուի արտադրութեան իրական վայրը՝ Թուրքիան: Ստանալով  սարքաւորումներու  հաւաքուածքը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշեց, որ ասոնք չեն համապատասխաներ պայմանագրային բնութագրերուն, հրաժարեցաւ վճարել ատոնց համար Ուկուրի եւ Anatoliaի եւ փորձեց (անյաջող) մասերը վերադարձնել Ուկուրի:
 
Այսպիսի խախտում ենթադրաբար տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ DLA պայմանագիր  կնքած է Anatoliaի հետ՝ ակօսով շարժական անուակներու արտադրութեան համար։ Ըստ Պալեսթրայի վկայագրին՝ 23 Օգոստոս 2016ին Ուկուր ելեկտրոնային հաղորդագրութեամբ ակօսով շարժական անուակներու արհեստագիտական տուալները ուղարկած է Թուրքիա գտնուող AYPIKի աշխատակիցին՝ Դ․  անձնաւորութեան։
 
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշեց, որ ակօսով շարժական անուակները  չեն համապատասխաներ պայմանագրային բնութագրերուն։
 
Արիֆ Ուկուր ձերբակալուեցաւ 22 Յունիս 2021ին եւ Պոսթոնի դաշնակցային դատարանին մէջ մեղադրուեցաւ ելեկտրոնային խարդախութեան, զէնքի արտահանման վերահսկման մասին օրէնքը խախտելու եւ զէնքի արտահանման դաւադրութեան համար, կ՛ըսուի Մասաչուսեց նահանգի Միացեալ Նահանգներու դատախազութեան գրասենեակի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
 
«Զէնքի արտահանման վերահսկման մասին օրէնքը խախտելու մեղադրանքը իբրեւ պատիժ կը նախատեսէ  մինչեւ 20 տարի բանտարկութիւն, երեք տարի վերահսկուող ազատ արձակում եւ տուգանք՝ մինչեւ 1 միլիոն տոլար, կամ յանցագործութենէն ստացուած ընդհանուր շահին կամ կրած վնասին կրկնապատիկը: Զէնքի արտահանման վերահսկման մասին օրէնքը խախտելու դաւադրութեան մեղադրանքը կը նախատեսէ՝ մինչեւ հինգ տարի բանտարկութիւն, երեք տարի վերահսկուող ազատ արձակում եւ 250 հազար տոլարի տուգանք: Ելեկտրոնային խարդախութեան մեղադրանքը կը նախատեսէ մինչեւ 20 տարի  բանտարկութիւն, երեք տարի վերահսկուող ազատ արձակում եւ 250 հազար տոլար տուգանք կամ յանցագործութենէն ստացուած ընդհանուր շահի կամ կրած վնասի կրկնապատիկը», ըստ Միացեալ Նահանգներու դատախազութեան գրասենեակի յայտարարութեան։
 
Միացեալ Նահանգներու դատախազութեան գրասենեակը նշած է, որ «քրէական գործի մէջ պարունակուող մանրամասները մեղադրանքներ են:
Մեղադրեալը կը նկատուի անմեղ,  մինչեւ  որ անոր  գործած յանցանքը ապա¬ցուցուի օրէնքով սահմանուած կարգով»։
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական