Հայ Խորհրդարանականները «Ջութակ Կը Նուագեն»՝ Մինչ Բարբարոսները Դարպասներուն Առջեւն Են


Հայ Խորհրդարանականները «Ջութակ Կը Նուագեն»՝ Մինչ Բարբարոսները Դարպասներուն Առջեւն Են

  • 01-09-2021 15:18:31   |   |  Քաղաքական

 
Պատշաճ այլ վերնագիր մը պիտի ըլլար՝ «Խորհրդարանականները ջութակ կը նուագեն՝ մինչ Հայաստանը կ՛այրի», որ իմ ստեղծած տարբերակն է՝ «Ներոնը ջութակ կը նուագէ՝ մինչ Հռոմը կ՛այրի» պատմական յայտնի արտայայտութեան, որ կը վերաբերի Հռոմի մէջ մեծ հրդեհի ժամանակ Ներոն կայսեր անգործութեան:
 
Այս է Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ ողբերգական իրավիճակը։ Անցեալ սեպտեմբերեան պատերազմին Արցախի հողերու մեծամասնութեան եւ հազարաւոր հայ երիտասարդներու կորուստէն ետք կարելի էր կարծել, որ հայերը Հայաստանի թէ՛ ներսը, եւ թէ՛ դուրսը կը համախմբուին՝ իրենց վէրքերը բուժելու, բանակը ամրապնդելու եւ թշնամիին հետագայ յառաջխաղացքը ետ մղելու համար։ Ցաւօք, տեղի կ՛ունենայ ճիշդ հակառակը։ Մեղաւորը ոչ թէ Ատրպէյճանը, Թուրքիան, Ռուսիան կամ մէկ ուրիշն է, այլ՝ մենք։ Մենք չենք ուզեր միաւորուիլ նոյնիսկ մեծ արհաւիրքէն ետք: Ուրիշը մեղադրելէ առաջ, պէտք է, որ մենք մեզ դիտենք հայելիին մէջ: 
 
Հայաստանի անկախացումէն ի վեր մենք կը պարծենայինք, որ տարածաշրջանին մէջ  Հայաստան ունէր ամէնէն հզօր բանակը, Ատրպէյճան չէր համարձակեր յարձակիլ մեր վրայ եւ եթէ յարձակէր, մենք կը հասնէինք մինչեւ Պաքու։ Անցեալ տարուան պատերազմէն առաջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մեծամտօրէն յայտարարեց. «Նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներ», այսինքն, եթէ Ատրպէյճան յարձակէր Արցախի վրայ, Հայաստան պիտի գրաւէր ատրպէյճանական յաւելեալ տարածքներ:
 
Հայաստանի եւ Արցախի նախկին եւ ներկայ ղեկավարները մերժեցին որեւէ զիջում ընել Արցախի յարակից տարածքներուն գծով, եթէ Ատրպէյճան նախօրօք չհամաձայնի ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը: Հակառակ անոր, որ մնացեալ ամբողջ աշխարհը կոչ կ՛ընէր Հայաստանի ղեկավարներուն՝ երթալ փոխ զիջումներու եւ վերադարձնել Արցախի յարակից տարածքները, այսուհանդերձ, մենք մերժեցինք նման առաջարկները: Այս է պատճառը, որ ոչ մէկ երկիր ուզեց ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը: Նույնիսկ Հայաստան մերժեց այդ ընել՝ ակնկալելով, որ մեզմէ առաջ ուրիշներ կը պաշտպանեն Արցախի շահերը:
 
Իբրեւ հետեւանք, մենք վատնեցինք մեր եզակի հնարաւորութիւնը՝ 1990-ականներուն ստիպելու Ատրպէյճանին, որ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, այն պահուն, երբ թշնամին պարտուած էր եւ տկար:
 
Չմտնելով անիմաստ բանավէճի մէջ՝ թէ արդեօք նախկին կամ ներկայ ղեկավարնե՞րն էին պատասխանատու 2020-ի մեր պարտութեան, կ՛ըսեմ, որ մենք բոլորս պատասխանատու ենք այս աղէտին համար:
 
Վերջին պատերազմի աւարտէն ի վեր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մերժեց հրաժարական տալու բազմաթիւ առաջարկներ եւ չձգեց, որ նոր ղեկավար մը ստանձնէ աւերուած երկրին կառավարման ղեկը։ Ան պնդեց, որ ինք միակն է, որ կրնայ լուծել երկրին առջեւ ծառացած հսկայական հարցերը: Ինչպէ՞ս կրնար մէկը, որուն իշխանութեամբ երկիրը նման պարտութիւն կրած էր, բան մը շտկել։ Բայց ան յամառօրէն կառչեցաւ իր աթոռին: Օգտագործելով իր տրամադրութեան տակ եղած պետական աղբիւրները՝ ան յաջողեցաւ համոզել ընտրութիւններու մասնակիցներու կէսէն քիչ մը աւելիին՝ օգնելու համար ինքնիրեն եւ իր կուսակցութեան: Իրականութեան մէջ, Փաշինեանի օգտին քուէարկածներուն մեծ մասը դէմ է քուէարկած նախկին ղեկավարներուն։ Ինչպէս եւ կը սպասուէր, պատերազմէն գրեթէ մէկ տարի անց ոչ միայն չեն լուծուած Հայաստանի հարցերը, այլեւ շատ առումներով անոնք աւելի եւս վատթարացած են:
 
Թէեւ նախկին ղեկավարներուն այնքան ալ չէին համակրեր, իրենց իշխանութեան օրօք, սակայն թշնամանքի եւ ատելութեան այն աստիճանը, որ այսօր կը տեսնենք Հայաստանի մէջ, աննախադէպ է: Ցաւօք, ներկայ վարչապետն ալ աւելի սրեց իրավիճակը՝ անընդհատ սպառնալիքներ եւ նախազգուշացումներ հնչեցնելով  ո՛չ միայն նախկիններուն, այլ իրեն համաձայն չեղող իւրաքանչիւր մարդու դէմ։ Ան իր իշխանութիւնը սկսաւ՝ քարոզելով ժողովրդավարութիւն եւ հանդուրժողականութիւն, բայց արագ դարձաւ բռնակալ՝ հասարակութիւնը բաժնելով «սեւեր»ու եւ «սպիտակներ»ու, եւ, սարսափելիօրէն, իր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին բեմի վրայ մուրճ թափահարեց՝ սպառնալով ջարդել իր հակառակորդներուն գլուխները․․․
 
Նման թունաւոր մթնոլորտի մը մէջ անկարելի է ժողովուրդը միաւորել հասարակաց թշնամիին դէմ: Շատ աւելի դիւրին է պայքարիլ երկրի քաղաքական ներքին հակառակորդներուն դէմ: Ոչ իշխանութիւնը, ոչ ալ ընդդիմութիւնը պատրաստ են որեւէ փոխ զիջում կատարելու երկրին հարցերը լուծելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու համար թշնամական հետագայ ներխուժումներէն:
 
Զարմանալի չէ, որ երբ անցեալ շաբաթ Փաշինեան խորհրդարան եկաւ՝ ներկայացնելու համար իր կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը, ծեծկռտուք սկսաւ, որուն հետեւանքով խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան աապահովութեան պաշտօնեաներուն հրամայեց դահլիճ մտնել եւ ընդդիմութեան որոշ ներկայացուցիչները  բռնի  ուժով դուրս հանել: Խորհրդարանը աւելի նման էր ռազմական կայազօրի, քան օրէնսդիր ժողովի սրահի: Սիմոնեան յաճախ կ՛ոտնահարէր ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու ազատ խօսքի իրաւունքը, երբ անոնք կը համարձակէին նուաստացուցիչ կերպով անդրադառնալ վարչապետին: Ան հրամայեց անջատել ելոյթ ունեցողներուն բարձրախօսները, ինչպէս նաեւ ժողովները սփռող տեսախցիկները: Այս խիստ միջոցները անյարիր են երկրի օրէնսդիր մարմնին: Ծեծկռտուքի տգեղ տեսարանները կը սփռուէին աշխարհի հեռատեսիլային ընկերութիւններու ճամբով՝ խայտառակելով համայն հայութիւնը։
 
Հետեւանքը այն եղաւ, որ կառավարութեան առաջարկած հնգամեայ ծրագիրը գրեթէ չքննարկուեցաւ: Փոխարէնը, կրկնուեցան յարձակումները խորհրդարանականներու կողմէ՝ ինչպէս ֆիզիքական, այդպէս ալ բանաւոր:
 
Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, քաջալերուած իրենց վերջին յաղթանակէն եւ տեսնելով խոր պառակտումներ Հայաստանի ներսը, սկսան ոտնձգութիւն ընել Հայաստանի սահմաններուն վրայ եւ պահանջել աւելի ու աւելի զիջումներ: Հայաստանի թուլցած առաջնորդը չի կրնար դիմադրել Ատրպէյճանի գոռոզ պահանջներուն, մինչդեռ Հայաստանի ռազմական դաշնակից Ռուսիա կը հետապնդէ իր շահերը՝ զանոնք համաձայնեցնելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ:
 
Եզրափակելով, կ՛ուզէի երկու կէտ նշել, որոնք յաճախ կը քննարկուին ընկերային ցանցերու վրայ:
 
1) Փաշինեանի ուղղուած ամէնէն փոքր քննադատութեան պարագային անոր կողմնակիցները կը շտապեն խրատել քննադատողները՝ ըսելով, որ Սփիւռքը իրաւունք չունի քննադատելու Հայաստանի կառավարութիւնը: Ես կը մերժեմ այսպիսի առարկութիւններ, որովհետեւ Հայաստանը բոլոր հայերուն հայրենիքն է՝ անկախ անկէ, թէ ո՞ւր կ՛ապրին անոնք: Քննադատութիւնը կամ գովասանքը նշան է այն բանին, որ անհատ մը շատ աւելի հոգ կ՛ընէ իր հայրենիքին մասին, քան ցոյց կու տայ անտարբեր հանդիսատեսի մը կեցուածք: Ինչո՞ւ իրաւունք ունինք կարծիք յայտնելու աշխարհի որեւէ այլ երկրի, օրինակ՝ Աֆղանիստանի մասին, սակայն երբ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանին՝ մեր հայրենիքին, նման իրաւունք մը չունինք: Հետաքրքրական է նաեւ այն փաստը, որ անոնք, որոնք կ՛առարկեն սփիւռքահայերու կողմէ Հայաստանի կառավարութեան հասցէին հնչող քննադատութիւններուն, որեւէ առարկութիւն չունին, երբ նոյն այդ մարդիկը կը գովաբանեն Հայաստանը: Հետեւաբար, հարցը ոչ թէ Հայաստանը քննադատելու իրաւունք ունենալն է, այլ վարչապետին հասցէին քննադատութիւն լսել չուզելը:
 
2) Կը կարծեմ, որ կառուցողական քննադատութիւնը շատ աւելի արժէքաւոր է, քան ղեկավարի մը կուրօրէն աջակցիլը: Ո՞ր մէկն է աւելի հայրենասիրական. այն, որ տեսնելով, որ բան մը սխալ կ՛ընթանայ՝ բերանը փակ պահե՞լը, թէ՞ բարձրաձայն խօսիլը այդ մասին եւ փորձել զայն ուղղելը: Իմ կարծիքով, ուղղիչ գործողութիւններու ձեռնարկելը շատ աւելի հայրենասիրական է, քան լռելը՝ թոյլ տալով, որ սխալը շարունակուի:
 
Յոյսով եմ, որ կը դադրինք «ջութակ նուագել»է, կամ մեր պարագային՝ իրարու դէմ պայքարելէ, եւ ձեռք-ձեռքի կու տանք՝ ստեղծելու համար հզօր Հայաստան, որ կը դիմանայ մեր հայրենիքի   դարպասներուն  առջեւ  բարբարոսներու անդադար յարձակումներուն:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական