Տիար Հրայր Սողոմոնեան՝ ԱՄԷ Հայ Համայնքի Ազգային Բարերար, Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Ատենապետ


Տիար Հրայր Սողոմոնեան՝ ԱՄԷ Հայ Համայնքի Ազգային Բարերար, Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Ատենապետ

  • 06-11-2021 10:13:14   | Հայաստան  |  Հասարակութիւն

 
«Բարի Սամարացի»ի տիպար էր Հրայրը՝ հեռու լուսարձակներէ բոլորին, անխտիր բոլորին օգնելու իր ազնուական ոգիով: Իր կեանքի բառարանին մէջ «ոչ» բառը գոյութիւն չունէր: 
 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
 
Հրայր Սողոմոնեան ծնած է Պէյրութ, 29 Հոկտեմբեր 1948-ին, Քեսապցի ծնողքէ՝ Սամուէլ եւ Մանուշակ Սողոմոնեաններ ամոլէն: Հրայր կը յաճախէ հայահոծ շրջանին  ներս գործող Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը, ու կը ստանայ իր նախնական ու երկրորդական ուսումը: Համալսարանական ուսման համար կ՛ընդունուի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան եւ 1974-ին, որպէս երկրաչափ-ճարտարապետ կ՛աւարտէ իր ուսումը: 
 
1974-ին, վերջնականապէս Տուպայ հաստատուելէն ետք, իր առաջին մտահոգութիւնը կ՛ըլլայ տարածաշրջանէն ներս ստեղծել Ազգային Վարժարան մը: 
 
1979-ին, մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ տարածաշրջանէն ներս նոր հաստատուած հայութիւնը  համախմբելու աշխատանքին մէջ:  Հանդիպում մը ունենալով այդ օրերուն Քուէյթի մէջ ծառայող Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տէր Օշական Վրդ. Չոլոյեանի հետ եւ անոր ընկերացող ազգային պատուիրակութեան հետ: Նոյն տարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները մաս կը կազմեն Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Կաթողիկոսական փոխանորդութեան՝ վարչական կեդրոն ունենալով Քուէյթ քաղաքը: 
 
1979-ին, կը նշանակուի ԱՄԷ Շարժա քաղաքի մէջ, առաջին Ազգային Վարչութեան առժամեայ մարմին մը՝  5-7 հոգինոց, որուն մաս կը կազմէր Հրայրը:
 
1980-ին, կարգ մը ազգայիններու հետ միասնաբար կը յաջողին Շարժայի մէջ ստեղծել «Ազգային Միօրեայ Վարժարան» Հիւսիսային Էմիրութեանց Հայկական Միօրեայ Վարժարան անուանումով, որմէ ետք իր ճիգերը կը կեդրոնացնէ տեղւոյն հայ համայնքը կազմակերպելու աշխատանքներուն վրայ, Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու Ազգային Առաջնորդարանի հսկողութեան ու հովանաւորութեան ներքեւ: 
 
Այս միջոցին կը յաջողի ստեղծել երիտասարդական շարժում, հիմնելով թատերական միաւոր՝ « Թատրոն 81»,բեմադրելով «Թիւ 5 Խելագարը»: ինչպէս նաեւ հերթական դրութեամբ ացելու հոգեւորականներու միջոցաւ եկեղեցական կեանքի ու Պատարագի թափ տալ:
 
16-22 Նոյեմբեր, 1992-ին, Հալէպի մէջ գումարուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու շրջանները, որպէս մէկ թեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հռչակուելէ ետք, կը կազմաւորուի «Թեմական Խորհուրդ»ը, որու ատենապետը կը նշանակուի Հրայրը, եւ  կը դառնայ Ազգային Ընդհանուր ժողովի անդամ եւ երկար տարիներ ատենապետ: 
 
16 Ապրիլ 1996-ին, Շարժայի Կառավարիչ ՇԷյխ Սուլթան Պըն Մուհամմատ Ալքասիմի պաշտօնական նամակով հայ համայնքին կը յատկացնէ հողամաս ՝ եկեղեցի կառուցելու արտօնութեամբ: Շինարարական յանձնախումբ կը յառաջանայ Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ, որուն մաս կը կազմեն  այդ թուականներու Ազգային Վարչութեան եւ երեսփոխանական Ժողովի անդամները: Հրայր Սողոմոնեանը այդ ժողովին մէջ ընդգրկուած ըլլալով մեծ ներդրում կ՛ունենայ, թէ՛ որպէս եկեղեցաշինութեան յանձնախումբի անդամ եւ թէ որպէս ճարտարապետ, ինչպէս նաեւ որպէս բարերար եկեղեցւոյ շինարարարական աշխատանքները արագացնելու:
 
Նոյն տարիներուն ԱՄԷ-ի, Ապու Տապի մայրաքաղաքէն ներս, հայ համայնքը սկսած էր կազմակերպչական աշխատանքներ ծաւալելու, եւ Արամ Ա. Վեհափառ կ՛այցելէ տարածաշրջան, հանդիպում մը կ՛ունենայ երկրի նախագահին հետ, հայ համայնքը ներկայացնող պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, որուն մաս կը կազմէր Երկրաչափ-Ճարտարապետ Հրայր Սողոմոնեանը:
 
Տարիներ ետք, հողաշերտը կը տրամադրուի հայ համայնքին, եւ եկեղեցաշինութեան յանձնախումբին մաս կը կազմէ կրկին Հրայրը եւ իր նիւթական ու բարոյական մեծ ներդրում ունենալով  գաղութը կը յաջողի բացումը կատարելու Ապու Տապիի «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ համալիրին՝ 12 Դեկտեմբեր 2014-ին:
 
2013-2015 երկարող տարիներուն, որպէս Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի համաատենապետ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Առաջին Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինումով Ծոցի երկիրներու երկու թեմերուն ստեղծման աշխատանքներու նպաստող գործօն դերակատարներէն մին կը դառնայ, յաջողելով 2015-ին, իրականացնել ԱՄԷ եւ Քաթարի Հայոց Թեմի ստեղծումը:
 
2001 թուականին, Ճարտարապետ Հրայր Սողոմոնեան կը հիմնէ իր անձնական (Capriole Construction Organization) «Քափրիոլէ Քոնսթրաքշն» շինարարական կազմակերպութիւնը Տուպայ եւ Ապու Տապի էմիրութեանց մէջ: 
 
Հրայր Սողոմոնեանի կատարած անթիւ ու անհամար նուիրատուութիւններէն բաժին մը
1. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի եւ Դպրեվանքին երկար նուիրատու: 2013-ին, իր եւ իր տիկնոջ բարերարութեամբ Պիքֆայիայի Սուր Աստուածածին Վանքէն ներս կը կառուցուի միաբանական յատուկ շէնք մը:
2. Հայ Դատի գրասենեակներուն մնայու կերպով ՝ նիւթական առումով միշտ զօրավիգ կանգնելով անոնց առաքելութեան:
3. Հայ դպրոցի կողքին եւ իր նիւթական օժանդակութիւնը ցուցաբերած է տարբեր երկիրներու մէջ գործող վարժարաններուն, որոնցմէ կարելի է յիշել.-
 
Պէյրութի Ճեմարանը, Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ Վարժարանը, Թէքէեան Վարժարանը Լիբանան, Հայ Բարեգործական Վարժարանը Պէյրութ, Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանը, Լիբանանի Աւետարանական (High School) վարժարանը եւ այլ բազմաթիւ վարժարաններ
 
Որպէս Ազգային բարերար բազմիցս արժանացած է գնահատանքի եւ շքանշանի՝
1998-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Կիլիկեան Ասպետի շքանշան:
 
2007-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Շնորհակալագիր ՀՀ եւ ԱՄԷ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին ներդրած  նշանակալի աւանդին, ինչպէս նաեւ ՀՀ գործուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
 
2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Կիլիկեան Իշխանի շքանշան:
 
2013-ին, ՀՀ ԱԺ պատուոյ մետալ առ ի գնահատանք «Հաղարծին» Վանքի համալիրի վերանորոգման աշխատանքներուն իր նպաստին եւ իր Capriole Construction Organization «Քափրիոլէ Քոնսթրաքշն» շինարարական կազմակերպութեան:
 
19 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս հայրապետի գնահատագիրը ի նպաստ Հաղարծին Վանքի համալիրի վերանորոգման:
 
2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Շնորհակալագիր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ ծրագիրներուն իրականացման աշխատանքներուն ցուցաբերած գործուն աջակցութեան համար:
 
2016-ին, Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի պարգեւատրումը «Մովսէս Խորենացի» մետալով, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման մէջ իր ունեցած կարեւոր աւանդին, երկարամեայ հայրենանուէր գործունէութեան եւ ազգային ծրագիրներու զօրավիգ կանգնելուն համար:  
 
ՏԻԱՐ ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ մահը 6 Հոկտեմբեր 2020
 
Արամ Ա. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրoնական ու Քաղաքական ժողովները եւ միաբանութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Ազգային ընդհանուր ժողովի ատենապետ, կաթողիկոսարանի Տնտեսական յանձնախումբի անդամ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Ազգային վարչութեան երկար տարիներու ատենապետ, ազգային բարերար, Հրայր Սողոմոնեանի մահը:  
 
Հրայր Սողոմոնեանի յուղարկաւորութեան եւ ազգային թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:  
 
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…Տէրը լուսաւորէ հոգիդ:
 
Շաքէ Մանկասարեան
 
Աղբիւրներ՝
https://www.aztagdaily.com/archives/326677?hilite=%D5%B0%D6%80%D5%A1%D5%B5%D6%80+%D5%BD%D5%B8%D5%B2%D5%B8%D5%B4%D5%B8%D5%B6%D5%A5%D5%A1%D5%B6  Հրայր Սողոմոնեան Պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Մետալով November 30, 2016 
https://www.aztagdaily.com/archives/486850 Հրայր Սողոմոնեան` Հայրենիքին Նուիրեալը
https://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/37775 ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ 06 October 2020
https://www.aztagdaily.com/archives/485408 Մահազդ October 6, 2020
https://www.aztagdaily.com/archives/487507?fbclid=IwAR0KMueNxTGUyFPfuYSRtKtB3dY72eiVayYqZbh9uLRSEzcbiWgXk63hWDA  Ազգային Բարերար Հրայր Սողոմոնեանի Անթառամ Յիշատակին 
https://www.aztagdaily.com/archives/486839?hilite=%D5%B0%D6%80%D5%A1%D5%B5%D6%80+%D5%BD%D5%B8%D5%B2%D5%B8%D5%B4%D5%B8%D5%B6%D5%A5%D5%A1%D5%B6 Ազգային Թաղում Կատարուեցաւ Հրայր Սողոմոնեանին
https://www.aztagdaily.com/archives/262148 Սփիւռքահայ Գործարարներու Պարգեւատրումներ October 7, 2015
https://www.capriole-construction.com/ Capriole Construction Co. L.L.C.
Յաջողութեան Ուղեւորութիւն Ի Յիշատակ Հրայր Սողոմոնեանին  2021, էջ 16
 
 
 
  -   Հասարակութիւն