Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Ժողովրդավարութեան Վեհաժողովին Կը Հրաւիրէ Հայաստանը, Բայց Ոչ Ատրպէյճանն Ու Թուրքիան


Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Ժողովրդավարութեան Վեհաժողովին Կը Հրաւիրէ Հայաստանը, Բայց Ոչ Ատրպէյճանն Ու Թուրքիան

  • 24-11-2021 10:56:09   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Սպիտակ տունը վերջերս յայտարարեց, որ աւելի քան 100 երկիրներ հրաւիրած է մասնակցելու  9-10 Դեկտեմբերին առցանց կայանալիք «Ժողովրդավարութեան  վեհաժողով»ին:
 
Վեհաժողովին հրաւիրուածներու շարքին են Հայաստան եւ Վրաստան, բայց ոչ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, որոնք բռնապետական երկիրներ են։ Հետաքրքրականը այն է, որ վերջին երկու երկիրները չէին դժգոհած վեհաժողովէն իրենց բացակայութեան դէմ, մինչեւ որ իմացան Հայաստանի յղուած հրաւէրին մասին։
 
Սպիտակ տան յայտարարութեամբ, նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է. «մեր ժամանակի մարտահրաւէրն է ցոյց տալ, որ ժողովրդավարութիւնները կրնան գործել՝ «բարելաւելով իրենց սեփական ժողովուրդի կեանքը եւ լուծելով աշխարհի առջեւ ծառացած ամենամեծ խնդիրները»: Ըստ նոյն յայտարարութեան, նախագահը «վերականգնեց մեր դաշինքները մեր ժողովրդավար գործընկերներու եւ դաշնակիցներու հետ՝ համախմբելով աշխարհը՝ ոտքի կանգնելու մարդկային իրաւունքներու խախտումներու դէմ, լուծելու կլիմայական ճգնաժամը եւ պայքարելու համաշխարհային համավարակի դէմ, որոնց շարքին՝ պատուաստանիւթերու հարիւրաւոր միլիոնի չափաբաժիններ նուիրելով աշխարհի տարբեր երկիրներու»։
 
Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ այս վեհաժողովէն «մօտաւորապէս մէկ տարի ետք պիտի կայանայ երկրորդ՝ անձնական ներկայութեամբ  վեհաժողովը: Առցանց վեհաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ ընթացիկ տարուան 9-10 Դեկտեմբերին,  պիտի քաջալերէ  յանձնառութիւններն ու նախաձեռնութիւնները երեք հիմնական թեմաներով՝ պաշտպանութիւն ընդդէմ բռնապետութեան, փտախտի դէմ պայքար եւ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի խթանում: Մէկ տարուան խորհրդակցութենէ, համակարգումէ եւ գործողութիւններէ ետք, նախագահ Պայտըն պիտի կազմակերպէ համաշխարհային ղեկավարներու հաւաք, անգամ մը եւս ցուցադրելու համար իրենց յանձնառութիւններու ուղղութեամբ ձեռք բերուած յառաջընթացը: Երկու վեհաժողովները պիտի համախմբեն պետութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան, բարեգործութեան եւ մասնաւոր հատուածի ղեկավարները, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ համաշխարհային ղեկավարներու՝ լսել միմեանց եւ իրենց քաղաքացիներուն, կիսել յաջողութիւնները, խթանել միջազգային համագործակցութիւնը եւ անկեղծօրէն  խօսիլ ժողովրդավարութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու մասին, որպէսզի միասին ամրապնդեն հիմքերը, ժողովրդավարութեան նորացման համար»:
 
Սպիտակ տան այս յայտարարութենէն ետք ծաւալեցաւ բուռն քննարկում այն մասին, թէ ինչո՞ւ որոշ երկիրներ հրաւիրուած են վեհաժողովին, իսկ ուրիշներ՝ ոչ: Ակնյայտ է, որ այս վեհաժողովին նպատակն է՝  զինակցութիւն  ձեւաւորել Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ՝ ընդդէմ իր մրցակիցներուն՝ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ։ Արդեօք հրաւիրուած ղեկավարներէն ոմանք ունի՞ն մտահոգութիւն, որ զիրենք կը դիտարկեն իբրեւ «արեւմտամէտ» եւ «ընդդէմ Չինաստանի ու Ռուսիոյ»: Ասիկա յատկապէս զգայուն խնդիր է Հայաստանի համար, որ ռազմական եւ տնտեսական ամուր կապեր ունի Ռուսիոյ հետ եւ կը գտնուի Չինաստանի հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու գործընթացին մէջ։ Ինչպէ՞ս կը վերաբերին Չինաստանն ու Ռուսիան՝ նման հակամարտական վեհաժողովի մը Հայաստանի մասնակցութեան։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու հրաւէրը, պէտք է լրջօրէն մտածէ՝ այսպիսի վեհաժողովի մը իր մասնակցութեան ուղղուած ռուսական բացասական արձագանգին մասին։ Սակայն մասնակցութենէն հրաժարիլը եւս կրնայ համապատասխան հետեւանքներ ունենալ Միացեալ Նահանգներու հետ։
 
Մինչ Հայաստան կ՛ողջունէ իրեն ուղղուած հրաւէրը ժողովրդավարութեան վեհաժողովին, Փաշինեան, ցաւօք, նահանջած է ի սկզբանէ իր հռչակած ժողովրդավարական արժէքներէն՝ հետապնդելով կամ բանտարկելով ցուցարարներ, լռեցնելով լրատուական միջոցներ եւ տալով միակողմանի որոշումներ՝ առանց հասարակութեան կամ նոյնիսկ իր իշխող շրջապատին մէջ գտնուողներու կարծիքը հաշուի առնելու: Մարդ մը, որ իշխանութեան եկաւ ժողովրդավարական գաղափարներ պաշտպանելով, Փաշինեան, սակայն, յունիսեան ընտրութիւններուն տարօրինակօրէն իրականացուց քարոզարշաւ մը՝ մուրճը ձեռքին պահելով եւ սպառնալով ջարդել քաղաքական իր հակառակորդներուն գլուխները։
 
Հայաստանը հրաւիրելով նշեալ վեհաժողովին` Միացեալ Նահանգներ, հաւանաբար, կը հրապուրէ Հայաստանի կառավարութիւնը, որ մերձեցում ունենայ Արեւմուտքի հետ: «Վեհաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած ամերիկացի պաշտօնեան ըսած է «Ռոյթըրզ»ի, որ աշխարհի բոլոր տարածաշրջաններէն հրաւէրներ յղուած են ժողովրդավարութեան մէջ զանազան փորձ ունեցող երկիրներու: «Խօսքը չէր վերաբերեր հաստատելու, որ «դուք ժողովրդավարական էք, իսկ դուք ժողովրդավարական չէք»: Ասիկա այն գործընթացը չէ, որուն մէջէն անցած ենք մենք»: Պայտընի վարչակազմի պաշտօնեաները կ՛ըսեն, որ իրենք պէտք է «ընտրութիւն կատարէին»՝ ապահովելու համար տարածաշրջանային բազմազանութիւն եւ լայն մասնակցութիւն», կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»։
 
Բնականաբար, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա այնքան ալ գոհ չէին, որ վեհաժողովին հրաւիրած են Հայաստանը, մինչ  զիրենք անտեսած էին։ «ԱզերՆիւզ» թերթին մէջ հրապարակուած՝ «Ժողովրդավարութեան վեհաժողովը կամ երկակի չափանիշներու վառ օրինակը» վերնագիրով յօդուածին մէջ Այա Լմահամատ մեջբերած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Վուկար Իսքանտարովի այն խօսքը, որով ան դժգոհութիւն կը յայտնէ. «Ծիծաղելի է, որ երկիրներ, ինչպէս՝ Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Հունգարիա, որոնց ժողովրդավարութեան մակարդակը շատ աւելի բարձր է, քան հրաւիրուած երկիրներէն շատերունը, չեն հրաւիրուած վեհաժողովին»։ Իսքանտարով պէտք է լիովին կոյր ըլլայ՝ չտեսնելու համար մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումները եւ ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնապետական վարչակարգերուն:
 
Ատրպէյճանական «Տէյ.ազ» լրատուական կայքը աւելի հեռու գացած է՝ պնդելով, որ Հայաստան հրաւիրուած է շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամերիկահայերու  ազդեցութեան. «Պէտք չէ խորանալ նախորդ տարիներու մէջ, բաւական է տեսնել, թէ ի՛նչ եղած է եւ կը շարունակուի տեղի ունենալ Ուաշինկթըն-Հայկական սփիւռք յարաբերութիւններու մէջ, վերջին մէկ տարուան ընթացքին։ Ամերիկեան դիւանագիտութեան խոնարհումները Երեւանի նկատմամբ,  հակա-ատրպէյճանական անվերջ քննարկումներն ու հայկական լոպիի պնդմամբ կայացած որոշումները խօսուն ապացոյցներ են»։
 
Թէեւ ատրպէյճանական այս կայքը  ամբողջապէս ուռճացուած գնահատական  տուած է  Ուաշինկթընի մէջ ամերիկահայերու հզօրութեան մասին, այսուամենայնիւ, ըսուածը ողջունելի հաճոյախօսութիւն մըն է։ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կրնան չվախնալ Հայաստանէն, բայց այնպէս կ՛երեւի, որ անոնք կը սարսափին Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպիի քաղաքական ազդեցութենէն...
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Քաղաքական