-Արդեօ՞ք, դո՛ւք ձեզի հարց տուած էք, որ իր ծննդավայրէն տարբեր օտար երկրի եւ կամ քաղաքի մը մէջ ապրող մէկը, քանի՞տարի պէտք է, որ ապրած ըլլայ, որպէսզի այդ երկրին «երկրացի-տեղացին» կամ «քաղաքացին» կարենայ անուանուիլ կամ կոչուիլ:
Որովհետեւ եւ անկեղծօրէն, յաճախ ես ինծի հարց տուած եմ, թէ այսքան տասնամեակներ Ամերիկայի մէջ ապրելէ ետք, հիմա հայ-ամերիկացի՞ կը սեպուիմ, թէ ոչ՝ ամերիկահայ եւ կամ ամերիկաբնակ հալէպցի մը: Տարբերութիւն կայ:
Շատեր կրնան ըսել.-որո՞ւ հոգը: Ըսեմ՝ իմ հոգս: Այս հարցականը կ'ընեմ, որովհետեւ կար ժամանակ, երբ այս հսկայ երկիրը շրջապատող երկու ովկիանոսներէն շատ անդին կ'ապրէինք, մեզի համար ամերիկահայը «տարբեր» հայ մըն էր: Իր մասին շատ «բաներ» գրուած, խօսուած, ու ամէն առիթով արտայայտած էինք, երբեմն նոյնիսկ՝ յոռետես որակումներով: Իր արտաքինէն դատելով, նախ, միամտօրէն կը կարծէինք, որ այս հայը ուրիշ մէկը չէր, եթէ ո՛չ հարուստ մարդ մը, որ տոլարները գրպանը լեցուցած եւ գլխուն ալ ամերիկեան նշանաւոր գլխարկը դրած, իր ուզած երկիրը կրնայ երթալ, իսկ մեզի հետ խօսած պահուն, իր տեղացիներուն նման բերանը ծռելով՝ հայերէն կը խօսէր: Վարժութիւն: Սովորութիւն: Բացառութիւնները միշտ յարգելի եղած են:
Բայց, ըլլայ մեծահարուստ կամ պարզ հիւր, չեմ գիտեր ինչո՞ւ, մենք այս հայէն միշտ որոշ «ակնկալիքներ» կամ «ակնկալութիւններ» ունեցած էինք եւ կարծեմ մինչեւ այսօր ալ, այդ ակնկալիքները կան, յաճախ բաց գիրքի նման եւ երբեմն ալ՝ ծածուկ:
Անոր համար, ի պաշտօնէ կամ անպաշտօն, երբ մեր ապրած քաղաքը կամ երկիրը, եւ կամ մեր յաճախած դպրոցը եւ կամ ակումբը, «մեծ» ամերիկահայ մը այցելութեան գալու ըլլար, իրեն համար յատուկ հաւաքներ կը կազմակերպուէին եւ հրապարակային ձեւով ալ կը յարգուէր: Մենք ալ, չտեսի նման իր բերնէն «կախուած», զինք մտիկ կ'ընէինք: Նոյնիսկ ի պատիւ իրեն դասախօսութիւններ եւ ճաշկերոյթներ կեանքի կը կոչուէին: Իր հետ ժողովներ ու խորհրդակցութիւններ կը կատարուէին: Իրեն զանազան մտահոգութիւններ եւ ծրագիրներ կը ներկայացուէին: Պատմութիւնը վկայ, օրինակները շատ են: Դարձեալ «ակնկալութիւններ»:
Սակայն եւ այնպէս, կը կարծեմ, որ հապճեպ վճիռ տալու ժամանակը չէ:
Որովհետեւ, ամերիկահայը, այս հսկայ երկիրը իր ոտքերը հազիւ հաստատած, միշտ ծրագրած էր քիչ մը գումար «շատցնելէ» ետք, իր «էրգիրը» վերադառնալ: Ու Մեծ եղեռնը վրայ հասնելով, մնացեալը, արդէն ձեզի ծանօթ է: Ան նաեւ, կեանքի կոչած էր իր հայրենակցական միութիւնը ու դաշտագնացութիւններ եւ պարահանդէսներ կազմակերպած: Մանաւանդ չմոռնանք, բոլորիս ծանօթ աշխարհահռչակ բարեսիրական՝ եւ մարդասիրական «Հայ Օգնութեան Խաչը» կամ «Միութիւն»ը հիմնած էր: Օրին իր հայ մամուլը ստեղծելով՝ զայն մասունքի նման պահած, իր եկեղեցիին եւ իր կեդրոնին կողքին:
Կրկնութեան գնով նաեւ ըսենք, որ այդ օրերուն իր շահած եւ կամ հանգանակած, ու սէնթ առ սէնթ հաւաքած ու խնայած տոլարներէն միշտ բաժին հանած էր իր «էրգրին, ի՛ր պապենական տան, ի՛ր հայրենակիցին, նաեւ Սփիւռքեան միւս «հիւանդ» գաղութներուն եւ մանաւանդ անոնց ամէնօրեայ վարժարաններէն, որբանոցներէն, պատսպարաններէն ներս տարիներով սաներ պահած եւ «կարդացուցած»: Իսկ հանրայայտ համալսարաններէ ներս, հայ կարիքաւոր եւ աշխատասէր ուսանողներուն ալ՝ կրթաթոշակներ տրամադրած:
Այս բոլորը հարկաւ զոհաբեր ոգիով, ու հայու պարտականութեան արժանավայել գիտակ-ցութեամբ: Ան նաեւ ազատ հայրենիքի գաղափարը մեծ զոհողութիւններով վառ պահած է իր կեդրոններէն, միօրեայ դպրոցներէն ներս ու հայրենակցական միութիւններուն մօտ: Այս բոլորը պարզ աշխատանքներ չէին եւ չեն եղած...երբեք: Ժամանակի, մարդուժի, հաւատքի եւ մեծ նիւթականի, զոհողութեան եւ զոհաբերութեան կը կարօտէին: Անոր համար, մանկութենէ երիտասարդութիւն անցնող սերունդին, նաեւ իր ուժերուն ներած չափով, ձուլումի եւ կորուստի ճանկերէն փրկելու համար, իր գիտցած ձեւով «խոչընդոտներուն» դէմ պայքարած էր, իր յաջորդներուն յիշեցնելով հայու հետ ընտանիք կազմելու անհրաժեշտութիւնը, քրտնաթոր եւ գերմարդկային ճիգով:
Այս «աշխատանքներուն» կողքին, նաեւ պէտք է ըսել, որ ան շատ մօտէն հետեւելով Միջին Արեւելքի մէջ ապրող իր հայրենակիցներուն ազգակերտումի եւ ազգապահպանման համար տարուած ազգային ճիգերուն, նիւթապէս ու բարոյապէս գնահատած էր ու տակաւին: Ինքնաշարժներու եւ կամ մեծ ու փոքր «ֆաքթըրիներու», ընդարձակ եւ արեւոտ դաշտերու եւ այգիներու մէջ չարաչար աշխատելով, տուն տեղ եղած էր, եւ նոր դիրքերու հասած: Նաեւ հաւատարմօրէն ծառայած էր այս երկրին, իր տուրքերը վճարելով եւ իր զաւակներն ալ անոր բանակին յանձնելով: Ու շնորհիւ իր աշխատասիրութեան եւ խելացիութեան, յաճախ զանազան նահանգներէ ներս մեծ պատիւներու ու բարձր պաշտօններու արժանացած: Բայց միւս կողմէ ալ, համբերութեամբ դիմացած էր տեղացիի եւ միւս «օտարներուն» նախանձին, ատելութեան եւ անոնց նուաստացուցիչ արտայայտութիւններուն ու տոկացած:
Եւ ահա տասնամեակներ ետք, երբ կամայ թէ ակամայ, աշխարհի ամէն կողմերէն, հայեր այս երկիրը բնակութիւն հաստատած էին, անոնք բոլորն ալ իրենց նոր կեանքին համար գտած էին ամերիկահայուն պատրաստած «թթխմորը»՝ եկեղեցի..., մամուլ..., գիր-գրականութիւն ...կեդրոն..., միութիւն...եւայլն:
Իսկ մեր կարգին, մենք ալ օր մը, երբ բազմութիւններով, մեր «գիտցածն» ու «չգիտցածը», մեր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, մեր միութիւններու հին ու նոր կանոնագրերն ու մեր ժողովներուն բերնի ծամօն դարձած «ըստ կարգի»ները մեզի հետ հաւաքելով հետերնիս հոս բերինք, ու հոս ալ հաստատուեցանք եւ «թիւ» դարձանք այս հսկայ խառնարան-բազմութեան մէջ, առաջին օրէն սկսանք քննադատութեան: Մեզմէ առաջ կայք հաստատած, տեղացի հայը քննադատեցինք: Որովհետեւ մեր տեսածը, մեր ակնկալածէն տարբեր էր: Դժգոհանքով սկսանք արտայայտուիլ: Տեղացի հայերուն «ըրածները» չհաւնեցանք: Որովհետեւ, միայն մե՛նք էինք «իսկական» հայերը: Անոր համար (տեղացի-եկուոր) ունեցանք սուր եւ լուրջ «բախումներ»: Խրտչեցուցինք:
Չուզեցինք «եղածը» գնահատել: Առանց ճանչնալու այս երկրին օրէնքներն ու կանոնները ու նաեւ իրենց աշխատանքային ձեւերն ու կերպերը, անընդհատ ուղղութիւններ տուինք: Օրինակները շատ են: Չուզեցինք օգտուիլ իրենց փորձառութենէն: Ապա յետոյ, քանի մը տարիներ ետք, երբ ոտքերնիս քիչ-շատ հաստատած էինք, տուն-տեղ, գործ-գործատեղիի տէրեր դարձանք, եւ իրարարայաջորդ դպրոցներ, եկեղեցի, միութիւններ եւ կեդրոններ հիմնած, մենք ալ իրենց նման ապրեցանք վիճակներու նոյն, անօրինակ եւ կծու խառնուրդը, իր բազմաճիւղ ազգային մտահոգութեան ալիքներով: Ու այն ժամանակ միայն, զարմանքը թափուեցաւ մեր մտքերուն մէջ, ե՛ւ հասկցանք, ե՛ւ սթափեցանք, որ այս մարդիկը, ժամանակին, իրենց գերագոյն զոհողութիւններով, նիւթապէս ու բարոյապէս որքա~ն օգտակար հանդիսացած էին մեզի, ովկիանոսներէն անդին ապրող յետ եղեռնի սերունդներուս, որպէսզի մենք՝ հո՛ն, հայրենիքէն հեռու, իբրեւ լաւ հայեր ապրէինք, գոյատեւէինք, դպրոց եւ ակումբ, եկեղեցի ունենայինք ու զանոնք պահէինք:
Անոր համար, գոհաբանութեան նուիրուած այս օրուան առթիւ, թէեւ քիչ մը ուշ, ահա՛, հրապարակային եւ երախտապարտ «Փառք ու Հազար Պատիւ» մը՝ մեր «հին» ու «նոր» բոլոր ամերիկահայերուն: