Հ.Բ.Ը.Մ.ը Կը Շնորհաւորէ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Անդամ Էրիք Իսրայէլեանը, Ֆրէնսիս Պապին Կողմէ Շքանշանով Իր Պարգեւատրումին Առիթով
01-12-2021 11:06:45 | Հայաստան | Մամլո հաղորդագրություն
Լոս Անճէլըսաբնակ բժիշկ, ֆիլմարտադրիչ, մարդու իրաւանքներու պաշտպան եւ գործարար Էրիք Իսրայէլեան, վերջերս արժանացաւ Պէնէմէնթի Մէտալ-ին, որ հանրային անձնաւորութիւններու շնորհուած բարձրագոյն պատիւն է Ֆրէնսիս Պապին կողմէ: Հովուապետական այս շքանշանով Տօքթ. Իսրայէլեան գնահատանքի կ'աժարնանայ իր մարդասիրական գործունէութեան եւ քրիստոնէական հաւատքին ի նպաստ իր ծառայութիւններուն համար, տեղական թէ համաշխարհային շրջանակներու մէջ:
Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ այս բացառիկ առանձնաշնորհումը, որուն արժանացող առաջին հայը կը հանդիսանայ Տօքթ. Իսրայէլեան, կը շեշտէ անոր մատուցած արտակարգ ծառայութիւնները ոչ միայն ի նպաստ աշխարհատարած հայութեան, այլեւ իր առաջնորդող դերը մարդու իրաւունքներու խախտումներու նկատմամբ իրազեկման եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումին ուղղուած ճիգերուն: Մարդկային Իրաւանց Փրամիս Ինսթիթութ-ը (Խոստում Իստիտուտ) եւ Խոստում Հայկական Ինստիտուտը Հարաւային Քալիֆորնիոյ Լոս Անճէլըսի Համալսարանին մէջ (UCLA), հիմնուած էին Տօքթ. Իսրայէլեանի կողմէ, «Խոստումը» ֆիլմի հրապարակումէն ետք որուն արտադրիչն էր ան:
Իսրայէլեան մաս կը կազմէ շարք մը կարեւոր ոչ-շահամէտ կազմակերպութիւններու հոգաբարձական կազմերուն, նուիրուած առողջապահական, մարդկային իրաւանց, կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի մարզերուն, որոնց շարքին նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովին, որուն միացած էր 2016-ին:
Խօսելով Տօքթ. Իսրայելեանի մասին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան դրուատանքի արտայայտութիւններով կը նկարագրէ զինք, որպէս անկասելի ուժ, մարդասիրական մարզէն ներս: «Ան Իւրայատկութիւնը ունի իր յարաբերած շրջանակներէն ներս բարեկամեցողութիւն ներշնչելու: Իր բարեհամբոյր բնաւորութեան առընթեր, ան անշեղ նուիրումով կը փարի իրեն սրտամօտ նպատակներու: Ան շարունակաբար կը տպաւորէ մեզ իր իւրայատուկ հմայքով, զորս ի գործ կը դնէ իրարու մօտ բերելու համար մարդիկ եւ գաղափարներ, նաեւ ազդեցիկ անձնաւորութիւններու օժանդակութիւնը ապահովելու տարբեր նախաձեռնութիւններու շուրջ: Իրեն շնորհուած պատիւներու ծաւալը, որ կ'աճի տարուէ տարի, կը մղէ մեզ ակնկալելու, որ մարդկայնական բարձր ոգիի դրսեւորման նորանոր նախաձեռնութիւններ իրականացնէ ան: Բախտաւոր ենք, որ մեր ղեկավար մարմնին մաս կը կազմէ ան, երբ կը խուսանաւենք տագնապի եւ անորոշութեան այս ժամանակշրջանը, յատկապէս մեր հայրենիքէն ներս»: