Յիսուս, Օպամա եւ Մոհամմետ Թուրքեր Էին՝ Ըստ Թրքական Ստապատիր Պնդումներու


Յիսուս, Օպամա եւ Մոհամմետ Թուրքեր Էին՝ Ըստ Թրքական Ստապատիր Պնդումներու

  • 27-12-2021 11:54:26   | Հայաստան  |  Քաղաքական

Որեւէ վատ բան չկայ սեփական ազգութեամբ, ցեղային ծագումով կամ կրօնով հպարտանալու մէջ: Սակայն, երբ այդ հպարտութիւնը կը դառնայ այնքան մոլեռանդ, որ կը հասնի անհեթեթութեան աստիճանի, կը նշանակէ, որ գործ ունինք մարդու մը հետ, որ ամբողջութեամբ կորսնցուցած է իրականութեան զգացումը։
 
Թուրք քաղաքական վերլուծաբան Պուրաք Պեքտիլ BESA Center Perspectives-ի կողմէ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ կը խոստովանի. «Թուրք-իսլամիստական հոգեվիճակը ենթակայ է... պատիւի, ճակատագրականութեան, դաւադրութեան,  ճոռոմաբանութեան, հրապարակայնութեան եւ շփոթութեան թակարդներուն»:
 
Տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան  տարօրինակ  բազմաթիւ յայտարարութիւններ կատարեց, որոնք կասկածներ կը յարուցեն անոր մտային առողջութեան մասին:
 
Ահա մի քանի օրինակ Էրտողանի խելառ  յայտարարութիւններէն.
 
2014ին, Էրտողան Սթամպուլ այցելած լատին-ամերիկացի մահմետականներու խումբին ըսաւ, որ մահմետական ուխտաւորները Քրիստափոր Քոլոմպըսէն քանի մը դար առաջ  յայտնաբերած են Ամերիկան. «Կը պնդեն, թէ ամերիկեան մայր ցամաքը յայտնաբերած է Քոլոմպըս, 1492ին: Իրականութեան մէջ, մահմետական նաւաստիները հասած են ամերիկեան մայր ցամաք, Քոլոմպըսէն 314 տարի առաջ՝ 1178ին…: Իր յուշերուն մէջ Քրիստափոր Քոլոմպըս յիշատակած է մզկիթի մը գոյութեան մասին՝ Քուպայի ծովափին գտնուող բլուրի մը գագաթին։ Այսօր, այդ բլուրին վրայ մզկիթը կատարեալ տեսք կ՛ունենար»: Բնականաբար, Քոլոմպըս երբեք նման բան չէ ըսած իր յուշերուն մէջ։
 
Ուրիշ տարօրինակ յայտարարութեամբ մը Էրտողան տեղեկացուցած է, որ 2023ին, իր երկիրը թուրք տիեզերանաւ մը պիտի ղրկէ Լուսին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով։ Ան ենթադրած է, որ թրքական տիեզերական  խումբի  անդամ կրնայ ըլլալ կին տիեզերագնաց մը։ Հետաքրքրական պիտի ըլլար տեսնել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ սնանկացած երկիր մը՝ Թուրքիան, միլիառաւոր տոլար ծախսել՝ նման անհաւատալի արկածախնդրութեան մը համար, ա՛լ չակնարկած՝ երկրին մէջ տիեզերական արհեստագիտութեան բացակայութեան մասին: Թերեւս այս ամբողջ թեման խաբէութիւն մըն է՝ շեղելու համար քաղաքացիներուն ուշադրութիւնը իրենց դժբախտութիւններէն եւ դատարկ գրպաններէն՝ որպէսզի նային լուսնին ու աստղերուն…: Թերահաւատ թուրք մը հեգնանքով ըսաւ. «Մենք չենք կրնար նոյնիսկ «սուփըրմարքեթ» երթալ, ինչպէ՞ս տիեզերք պիտի երթանք»: Ուրիշ թուրք մը նկատեց. «Մենք չկրցանք դիմակներ (COVID-ի դէմ) բաժնել քաղաքացիներուն, ինչպէ՞ս տիեզերք պիտի երթանք»։
 
Մինչ Էրտողան կը յաջողի երեւակայել տիեզերք երթալու մասին, ան պէտք է մտահոգուի գահավիժող լիրային, գործազուրկ միլիոնաւոր թուրքերու եւ իր ժողովուրդէն ահռելի մեծ թիւով մարդոց սարսափելի աղքատութենէն տառապելուն համար: Թրքական աղբիւրներու համաձայն՝ 34 միլիոն թուրք կը գտնուի սովի եզրին։ Ընթացիկ տարուան առաջին վեց ամիսներուն անջատած են 1.6 միլիոն թուրք ընտանիքներու ելեկտրականութիւնը եւ կազը, քանի որ անոնք չեն կրցած վճարել իրենց հաշիւները։
 
Թուրք վերլուծաբան Պուրաք Պեքտիլ կը շարունակէ՝ ըսելով, որ ինք «մեծցած է այնպիսի կարգախօսներով, ինչպէս՝ «Թուրք մը աշխարհ մը կ՛արժէ», «Թուրքերը ստիպուած եղած են կռուելու աշխարհի եօթը ամենամեծ տէրութիւններու դէմ» եւ «Թուրքին միակ ընկերը ուրիշ թուրք մըն է»։ Մեր դասագիրքերը մեզի կը սորվեցնէին, որ թրքական գերագոյն ցեղը դարեր շարունակ գերիշխած է ամբողջ աշխարհին. որ Օսմանեան կայսրութիւնը փլուզուեցաւ միայն այն ատեն, երբ համաշխարհային տէրութիւններուն դաշինքը  յարձակեցաւ անոր վրայ. որ մենք պարտուած ենք Առաջին Համաշխարհային պատերազմին, քանի որ դաշնակցած ենք գերմանացիներուն հետ, որոնք պարտուած են (ոչ թէ մենք). եւ որ օր մը մենք ամբողջ մոլորակը պիտի թրքացնենք։ Մեզի սորվեցուցած են, որ օսմանցի մարտիկը կրնայ շարունակել կռուիլ նոյնիսկ (բիւզանդական) թշնամիին կողմէ գլխատուելէ ետք»։
 
Իբրեւ հետեւանք, Պեքտիլ կ՛եզրակացնէ. «Թուրքերը ծարաւ են լաւ կեանքի մասին հեքիաթներու, զորս անոնք չեն կրցած վայելել անցեալ դարու ընթացքին, բայց կը հաւատան, որ արժանի են: Որեւէ հաճելի լուրի քարոզչութիւն, նոյնիսկ Էրտողանի յայտնի  պոռոտախօսութիւնը՝ «Արեւմուտքը, անոր շարքին՝ գերմանացիները, կը նախանձին մեզի…», ընկալող միլիոնաւոր ունկնդիրներ  կը գտնէ Թուրքիոյ  անհեթեթութեան գերարդի շուկային մէջ:
 
«Յիսուս թուրք էր. կեղծ թրքաբանութեան արտառոց վերածնունդը» վերնագրուած յօդուածի մը մէջ Լուքա Իւան Ճուկիչ կը գրէ NEW/LINES ամսագրին. «Ձեզի կը ներեն, եթէ չիմանաք, որ ԱՄՆ նախկին նախագահ Պարաք Օպաման թուրք էր։ Կամ, որ Յիսուս Քրիստոս եւ Մոհամմետ մարգարէն նոյնպէս թրքական ծագում ունէին: Ձեզի կը ներեն, եթէ չիմանաք, որ Ռուսիա իսկապէս մեծ թրքական պետութիւն մըն է, որ ղազախներն ու ճաբոնցիները ծինաբանական առումով նոյնն են, կամ անգլիացի առասպելական թագաւոր Արթուր, ինչպէս կռահեցիք, թուրք էր։ Ձեզի կը ներեն, քանի որ ասոնցմէ ոչ մէկը ճիշդ է: Այսուամենայնիւ, Կեդրոնական Եւրոպայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա եւ ասոնց միջեւ ամէնուրեք, այս ըսուածին պէս ենթադրեալ պատմական փաստերը եւ անոնց աջակցած տեսութիւնները չափազանց նախանձախնդիր եւ կեղծ ակադեմիկոսներու մտքերէն ճամբայ բացած են դէպի ազգային դպրոցական դասագիրքեր, ժողովրդական մշակոյթ եւ, իսկապէս, պաշտօնական կառավարական գաղափարախօսութիւն»։
 
1932ին, թրքական լեզուի հիմնարկը յօրինեց կեղծ՝ «Արեւի լեզուի տեսութիւն»ը, որ կը պնդէր, թէ «թրքերէնը ամբողջ մարդկութեան լեզուի եւ, հետեւաբար, ամբողջ քաղաքակրթութեան աղբիւրն է», գրած է Ճուկիչ: «Հիմնարկի լեզուաբանները կը պնդէին, որ լեզուն Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յօրինած են արեւապաշտ նախաթուրքերը, երբ մրթմրթացած են արեւին»: Աւելին, ըստ թրքական պատմական թեզի պնդման, «Թուրքերը քաղաքակրթութիւն բերած են Չինաստան, Եւրոպա, Հնդկաստան եւ այլուր, երբ գաղթած են Եւրասիական տափաստանէն»: Այս կեղծ տեսութիւնները ի յայտ եկան թրքական դասագիրքերու եւ հանրաճանաչ գիրքերու մէջ` լուալով թուրք քանի մը սերունդներու ուղեղները: Այս կեղծ գիտական պնդումներու կողմնակիցներուն մեծ մասը նախագահ Էրտողանի հետեւորդներն են:
 
Չկայ գերագոյն ցեղ: Բոլոր մարդերը հաւասար են։ Բոլորը Աստուծոյ զաւակներն են: Թէեւ գերակայութեան մասին պնդումները կրնան բաւարարել մարդկային սին հակումները, սակայն ոչ ոք իրաւունք ունի այլ ցեղերու հետ վերաբերիլ իբրեւ ստորադասներ:
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական