Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Աւելի Լաւ Հակահետախուզութիւն՝ Օտարերկրեայ Եւ Ներքին Լրտեսներու Գործունէութիւնը Խափանելու Համար


Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Աւելի Լաւ Հակահետախուզութիւն՝ Օտարերկրեայ Եւ Ներքին Լրտեսներու Գործունէութիւնը Խափանելու Համար

  • 17-02-2022 12:50:56   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Անցեալ շաբաթ բոլորս ցնցուած էինք այն լուրէն, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) ձերբակալած է Հայաստանի զինուած ուժերու մէջ ծառայող 19 հոգիներ՝ Ատրպէյճանի օգտին լրտեսութեան մեղադրանքով։
 
ԱԱԾ-ը մեղադրեց ձերբակալուած 19 հայ զինուորականները՝ դրամական գումարի դիմաց Ատրպէյճանին ռազմական գաղտնիքներ փոխանցելու մէջ։ ԱԱԾ-ը պարզաբանեց, որ ատրպէյճանցի գործակալները կապուած են հայ զինուորականներու հետ՝ ստեղծելով ֆէյսպուքի կեղծ էջեր՝ հայերէնով շփուող գրաւիչ կիներու լուսանկարներով։ Շատ ատրպէյճանցիներ կան, որոնք սահուն հայերէն կը խօսին, քանի որ ծնած են Հայաստան եւ յաճախած են հայկական դպրոցներ մինչեւ 1980-ականներու վերջաւորութեան, երբ Արցախի դէմ քաղաքացիական անկարգութիւնները ծայր տուին եւ անոնք Ատրպէյճան փախան:
 
Կան անվտանգութեան  բազմաթիւ  լուրջ հարցեր, որոնց Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ ուշադրութիւն դարձնէ եւ ձեռնարկէ յատուկ միջոցներու, լրտեսական այսպիսի դէպքերու կրկնութիւնը նուազագոյնի հասցնելու համար։ Բայց նոյնիսկ բարելաւուած հակահետախուզութեան պարագային, նման հարցեր պիտի չանհետանան, այլ, պարզապէս, նուազագոյնի պիտի իջնեն, այնքան ատեն որ գրեթէ բոլոր երկիրները կը դառնան օտարերկրեայ եւ ներքին լրտեսներու զոհ:
 
Ահա՛ իմ մտորումները եւ առաջարկները.
 
1) Հայաստանի կառավարութիւնը անյապաղ պէտք է քայլերու ձեռնարկէ եւ  հմուտ  մասնագէտներ նշանակէ, որոնք պարտին գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարեն հետախուզական ծառայութիւնը: Այս առաջարկը տեղի կ՛ունենայ այն պատճառով, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գրեթէ բոլոր պաշտօններու համար նշանակած է անփորձ եւ անտեղեակ պաշտօնեաներ, պարզապէս մեկնած՝ իր իշխող  կուսակցութեան անոնց անդամակցութենէն։ Անկարողութեան  ամէնէն թարմ օրինակը ԱԱԾ-ի զարմանալի յայտարարութիւնն էր այն մասին, որ թերթէն յօդուած մը կարդալով միայն իմացած են, թէ Հայաստանի նախագահը երկքաղաքացիութիւն ունի, ինչ որ Հ. Հ. օրէնսդրութեան խախտում է։ Պատկերացուցէք, որ Հայաստանի հետախուզական ծառայութիւնները՝ նախագահին չորս տարուան պաշտօնավարումէն ետք, թերթէն  կը  տեղեկանան  այսպիսի  կարեւոր  հարցի  մը մասին, փոխանակ իրենք ըլլալու զայն առաջին բացայայտողը:
 
2) Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, բացի անկէ, որ փորձառու քատրերու կարիքը ունի, պէտք է ունենայ նաեւ հակահետախուզութեան ամէնէն յառաջադէմ արհեստագիտութիւնը։
 
3) Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է խորհրդակցի դաշնակից կառավարութիւններու հետ՝ թէ ինչպէ՛ս պէտք է բարելաւէ իր հետախուզական ծառայութիւններուն ուսուցումը, կազմակերպումը եւ գործունէութիւնը:
 
4) Լրտեսութեան համար ձերբակալուած 19 հայերը կը մեղադրուին Հայաստանի զինուորական անձնակազմի, զէնքի եւ ռազմական սարքերու մասին գաղտնի տեղեկութիւններ Ատրպէյճանին փոխանցելու մէջ։ Կը մնայ պարզել, թէ արդեօք անոնք մեղաւոր կը ճանչցուի՞ն դատարանին մէջ, քանի որ, վերջին չորս տարիներուն, բազմաթիւ հայ պաշտօնեաներ ձերբակալուած են իրաւական տարբեր խախտումներ կատարելու համար, սակայն չեն դատապարտուած:
 
5) Ինչպէ՞ս կրնան հայկական զինուած ուժեր թոյլ տալ իրենց զինուորականներուն՝ ունենալ ֆեյսպուքեան էջեր, քանի որ բոլորը գիտեն, որ անոնք խոցելի են «հէքըր»ներու համար եւ կրնան իբրեւ թիրախ ընտրուիլ օտարներու կողմէ:
 
6) Ո՞ւր էր Հայաստանի հետախուզական ծառայութիւններու վերահսկողութիւնը այն պահուն, երբ  խոցելի  զինուորականները ազգային գաղտնիքներ կը հաղորդէին թշնամիին: Աւելի լաւ է կանխել նման գաղտնիքներու փոխանցումը, առաջ որ անոնք գործադրուին, այլ ոչ թէ վնասը հասնելէն ետք։
 
7) Խիստ մտահոգիչ է, որ այդքան մեծ թիւով տարբեր աստիճանի զինուորականներ ձերբակալուած են։ ԱԱԾ-ը յայտարարեց, որ մօտաւորապէս 24 զինուորականներ ներգրաւուած եղած են այս լրտեսական գործունէութեան մէջ, կը նշանակէ, թէ կան քանի մը կասկածելիներ եւս, որոնք չեն ձերբակալուած ապացոյցներու  բացակայութեան, անոնց ինքնութեան եւ գտնուած վայրի անյայտութեան պատճառով։ Մենք չենք գիտեր նաեւ, թէ մինչեւ իր ձերբակալութիւնը որքա՞ն ժամանակով գործած է այս լրտեսական ցանցը։
 
8) Եթե նոյնիսկ այս լրտեսական ցանցի մնացած անդամները ձերբակալուին եւ մեղադրուին, այդ չի նշանակեր, որ 24 կասկածելիները միակն են, որ ներգրաւուած են այս լրտեսական ցանցին մէջ: Կրնան ըլլալ տասնեակ կամ հարիւրաւոր ուրիշներ, որոնց ինքնութիւնն ու գործունէութիւնը անյայտ են: Ի տարբերութիւն Հայաստանի, Ատրպէյճան կարծես թէ ունի  հմուտ  եւ փորձառու գործակալներու անձնակազմ, որ գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ընէ։ Ամենայն հաւանականութեամբ, նշեալ անձնակազմի վերապատրաստումը կը կատարէ եւ անոր կ՛օգնէ թրքական բարձրակարգ հետախուզական ծառայութիւնը՝ MIT-ն (Ազգային հետախուզական կազմակերպութիւն):
 
9) Այս լրտեսական գայթակղութեան լուրջ  հարցերէն  մէկը այն է, որ ձերբակալուածներէն ոմանք, ըստ տեղեկութիւններու, ծախած են ազգային գաղտնիքները քանի մը հարիւր տոլարի դիմաց: Պարզ է, որ Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ լուրջ թերութիւններ կան, այնքան ատեն, որ Հայաստան ծնած, մեծցած, կրթուած եւ զինուորական ծառայութեան մեջ գտնուող հայը պատրաստ է չնչին գումարի դիմաց դաւաճանել իր ազգին։ Խիստ մտահոգիչ է նաեւ այն, որ որոշ հայեր, մասնաւորապէս զինուորականներ, զուրկ են ազգային հպարտութենէ եւ հայրենասիրական զգացումներէ։
 
10) Հայաստանի մէջ առաջին անգամը չէ, որ լրտեսներ կը ձերբակալուին: Վերջին 30 տարուան մէջ արձանագրուած է հայերու կողմէ Թուրքիոյ օգտին լրտեսութեան  քանի մը դէպք։ Անոնցմէ ոմանք եղած են Հայաստանի պետական պաշտօնեաներ։
 
11) Ատրպէյճան նախապէս յայտարարած էր շարք մը հայերու եւ ատրպէյճանցիներու ձերբակալութեան մասին, որոնք իբր թէ լրտեսած էին յօգուտ Հայաստանի։ Յայտնի չէ, թէ անոնք իսկապէս լրտեսնե՞ր էին, թէ՞ ոչ։
 
12) Ես մտավախութիւն ունիմ, որ Հայաստանի մէջ լրտեսական հարցերը շատ աւելի կը սրին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանի ենթադրեալ բացումով։ Այս մէկը աւելի շատ կ՛արտօնէ ատրպէյճանցի եւ թուրք լրտեսներու՝ իբրեւ զբօսաշրջիկներ կամ գործարարներ մուտք գործելու Հայաստան, օդային եւ ցամաքային ճամբաներով:
 
13) Բացի  իսկական  լրտեսներէ, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը հաւաքեն Հայաստանի մասին՝ նաեւ հարցաքննելով իրենց քաղաքացիները՝ Հայաստանէն  վերադառնալէ  ետք: Ի հարկէ, լրտեսութիւնը միայն այս երկու երկիրներով չի սահմանափակուիր, քանի որ ուրիշ պետութիւններ եւս կը զբաղին Հայաստանի վերաբերեալ հետախուզական տուեալներու հաւաքագրմամբ։
 
14) Եղած են քանի մը դէպքեր, օրինակ, վերջին տարիներուն, երբ երկրին մէջ աշխատանքի բացակայութեան պատճառով Թուրքիա ներգաղթած հայերուն դիմած է թրքական հետախուզութիւնը՝ տուն վերադառնալէ անմիջապէս ետք Հայաստանի մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու առաջարկով, որուն համար անոնք լիառատ հատուցում ստացած են:
 
Ամփոփելով, թշնամական գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան ոչ միայն պատերազմի, այլ նաեւ խաղաղութեան ժամանակ՝ հաւաքագրելով ներքին եւ արտաքին գործակալներ։ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է շատ լուրջ մօտենայ այս հարցին եւ անհրաժեշտ  միջոցներ  ու   անձնակազմ   յատկացնէ, որպէսզի կարենայ   նման հետախուզական գործունէութեանց լաւագոյն ձեւով հակազդել:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական