Ֆրանսայի Ծերակոյտը 4 Մայիսին նիստի օրակարգին վրայ քննարկման կէտ ներառաւ »ցեղասպանութեան« ժխտողականութեան դէմ օրինագիծը


Ֆրանսայի Ծերակոյտը 4 Մայիսին նիստի օրակարգին վրայ քննարկման կէտ ներառաւ »ցեղասպանութեան« ժխտողականութեան դէմ օրինագիծը

  • 14-04-2011 18:12:17   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Մարթին Օպրի՝ անսալով Դաշնակցութեան խիստ պահանջին, գրաւով խոստում տուաւ հարցը առաջին իսկ առիթով ներառնել օրակարգի վրայ։ Ապա Ընկերվարական կուսակցութիւնը պաշտօնական դիմումով պահանջեց ատիկա։ 4 Մայիսին Ֆրանսայի Ծերակոյտը իր ընդհանուր նիստի օրակարգին վրայ քննարկման կէտ ներառաւ »ցեղասպանութեան« ժխտողականութեան դէմ օրինագիծը, որ 2006էն սառած կը մնայ Ծերակոյտին մէջ։ 12 Հոկտեմբեր 2006ին Ֆրանսայի խորհրդարանը իբրեւ օրէնք-որոշումը քուէարկած է այս հարցը եւ ըստ կանոնի զայն ուղարկած է Ծերակոյտ, որ իր կարգին պէտք է ընդունի, որմէ ետք միայն օրինագիծը կը վաւերացուի ու կը ստանայ օրէնքի ոյժ։ Բողոքի բազմաթիւ ցոյցերով Ֆրանսահայութիւնը Ծերակոյտէն պահանջած է քննարկութեան օրակարգի վրայ բերել այս հարցը եւ վերջ տալ ձգձգումին։ Վերջին ցոյցն ալ կատարուած էր 12 Մարտին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը